ԵՂԲ. ՅՈՎՍԷՓ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Ծանր ու դժուար պարտականութիւն է յիշատակի եւ յարգանքի խօսքերով յիշել եղբ. Յովսէփ Մարգարեանը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական 65 տարուան ծառայութեամբ բեռնաւորուած՝ 13 Յունուար 2021-ին անակնկալօրէն հրաժեշտ տուաւ իր հարազատներուն եւ իր սիրած միութեան:

Կ’ըսեն անփոխարինելի մարդ չկայ, իսկ ո՞վ պիտի փոխարինէ եղբայր Յովսէփը եւ իր նմանները, որոնք օրէ օր հրաժեշտ կու տան մեզի՝ մարդու տագնապ ստեղծելով մեր շուրջ, մեր մէջ. գաղափարակա՛ն, միութենակա՛ն, սկզբունքայի՛ն եւ հայրէնասէ՛ր մարդու տագնապ:

Ո՞վ չէր ճանչնար 77-ամեայ եղբ. Յովսէփը, Հ.Մ.Ը.Մ.ական անշահախնդիր ու առաքինի մարդը, իր վարքով ու բարքով: Անբացատրելի հմայք մը ունէր եղբայր Յովսէփ: Բոլորը կը սիրէին ու կը յարգէին զինք: Մեծ էր իր սրտով, հոգիով եւ բոլորը ընդունելու իր լայնամտութեամբ: Գործի եւ միայն գործի նուիրեալ անձ մըն էր եւ իր աշխատանքն էր, որ զինք կը պահէր նուիրաբերումի պատուանդանին վրայ, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի գործօն դէմքերէն մէկը:

Նկարագիրով մարդամօտ, ընկերային եւ կատակասէր եղբ. Յովսէփը կամ բոլորիս ծանօթ եղբ. Զուզ Մարգարեանը եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադիր սերունդի անդամներէն մէկը։ Տասներկու տարիներ շարունակ գործած է մասնաճիւղէն ներս, իբրեւ վարչական անդամ, իր կարելին ընելով մասնաճիւղին զարգացման եւ հզօրացման համար։ Բազմավաստակ այս եղբայրը երկար տարիներ գործած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ֆութպոլի յանձնախումբին մէջ, իբրեւ ատենապետ եւ տնտեսական յանձնախումբի անդամ: Ան մաս կազմած է նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը  պատուով ներկայացնելով այնտեղ։

Միութենական կեանքի մարդ էր եղբ. Յովսէփ։ Այս պատճառով ան մաս կազմած էր նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, նախ ՝իբրեւ անդամ, ապա՝ ատենապետ: Մասնակցած է բազմաթիւ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովներու եւ 1991-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած միութեան Պատգամաւորական Ե. Ընդհանուր Ժողովին:

Իբրեւ բազմավաստակ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական, եղբ. Յովսէփ 28 Նոյեմբեր 2015-ին, Անթիլիասի մասնաճիւղի 45-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան եւ կալա ընթրիքին արժանացած է միութեան «Ծառայութեան» շքանշանին:

Եղբ. Յովսէփ եւ իր նմանները սերունդներու համար պիտի ըլլան ուղեցոյց՝ անսահման զոհաբերութեան, նուիրումի եւ յարատեւութեան:

Շնորհակալութիւն, եղբայր Զուզ։ Երթդ բարի դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու պանթէոն։

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Վստա՛հ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ մասնաւորաբար Անթիլիասի մասնաճիւղի ընտանիքը միշտ պիտի յիշէ քեզի:

ԿԱՐՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Տարածենք