Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ՎԱՉԷ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ ԵՂԲ. ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

Սգակիր բարեկամներ,

Հ․Մ․Ը․Մ․ական քոյրեր եւ եղբայրներ,

Դժուար է այն պահը, երբ հարազատներ եւ բարեկամներ կը հաւաքուին վերջին հրաժեշտ տալու սիրելիի մը, որ առյաւէտ կը բաժնուի իրենցմէ։

Կը փորձեն գտնել մխիթարութեան եւ սփոփանքի խօսքեր, որոնք, քաջ գիտենք, որ անպայման պիտի չմխիթարեն եւ չսփոփեն մեզ, երբ հեռացողը իր ետին ձգած է բազմամեայ վաստակ, միութենական հարուստ գործունէութեամբ։

Եղբ․ Պատրիկ Կիւլպէնկեան ծնած է 1932-ին, Համատանի մէջ, Պարսկաստան։ Իբրեւ սկաուտ, ան Հ․Մ․Ը․Մ․ին մաս կազմած է 1950-ականներու սկիզբը, Պէյրութ։

1950-1953 եղած է Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հեծելարշաւի յանձնախումբի անդամ։

1960-1970 ան եղած է Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի անդամ։

Այնուհետեւ, 1975-1978, ան մաս կազմած է Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, ստանձնելով գանձապահի պաշտօն։

1987-1991, 1991-1995, 1995-1999 եւ 2003-2007 եղած է Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, եւ համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական Դ․, Ե․, Զ․, եւ Ը․ բանակումներուն ստանձնած է գանձապահի պարտականութիւն։

Երկար տարիներ ան եղած է միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի վարչական պատասխանատու եւ լիազօր ներկայացուցիչ։

Մասնակցած է միութեան գերագոյն՝ 8 Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներուն։

2001-ին, եղբ․ Պատրիկ պարգեւատրուած է Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին, իսկ 2006-ին՝ լիբանանեան պետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ։

14 Նոյեմբեր 2008-ին, միութեան 90-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին, Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ ան պարգեւատրուած է միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։

Եղբ․ Պատրիկ Կիւլպէնկեան տարիներ շարունակ անշահախնդիր, բծախնդիր մօտեցումով եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ավայել, միութենականի բարձր գիտակցութեամբ եւ նուիրումով ծառայեց իր պաշտած միութեան։

Բախտը ունեցած եմ փոքր տարիքէս ծանօթանալու եղբ․ Պատրիկին, իբրեւ սկաուտ, ապա իբրեւ խմբապետ եւ միութենական։ Իմ առաջին դրական տպաւորութիւնս պահած եմ մինչեւ հիմա, ինչպէս է պարագան բոլոր Հ․Մ․Ը․Մ․ականներուն եւ մեզմէ ամէն մէկուն, որ աշխատած եւ գործակցած է եղբ․ Պատրիկին հետ, միութենական յանձնախումբերու կամ պատասխանատու այլ մակարդակներու վրայ։

Եղբ․ Պատրիկ Կիւլպէնկեան իր միութենական աշխատանքին ընթացքին յատկանշուեցաւ իբրեւ խոնարհ զինուոր միութեան, ազնիւ ոգիով եւ ընտիր նկարագիրով անհատ մը, միշտ համբերատար եւ ուշադիր անզգալաբար չվիրաւորելու ոչ ոքի. իրողութիւն մը, որ ակամայ մեր հեւքոտ առօրեային մաս կը կազմէ միութենական գործակցութեան ընթացքին։

Սիրելի՛ եղբ․ Պատրիկ,

Թէեւ այսօր տխուր ենք, որ մեզմէ կը բաժնուիս առանց լուր տալու, առանց մեզի առիթը տալու քեզմէ հրաժեշտ առնելու, բայց շատ լաւ գիտենք, որ դուն ապրեցար Հ․Մ․Ը․Մ․ական հարուստ կեանք մը, հաւատարիմ ըլլալով միութեան նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ին եւ քու ազնիւ ու Հ․Մ․Ը․Մ․ական տիպարովդ օրինակ դարձար մեզի եւ քեզի ճանչցող բոլոր միութենականներուն։

Հարազատ միութենական եղբայրներդ եւ քոյրերդ իրենց սիրտերուն մէջ պիտի պահեն քու յիշատակդ, քու ազնիւ ժպիտդ եւ տիպար Հ․Մ․Ը․Մ․ականի քու ձգած ժառանգդ, զոր փոխանցեցիր յաջորդող սերունդներուն։

Տարածենք