Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

 

Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր, 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտ Քիլիճեանի եւ շրջանի մասնաճիւղերու ատենապետներուն մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում մը Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետուհի քոյր Սանտրա Վարդանեանի հետ, որ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախեան պատերազմին ընթացքին եւ յաջորդող հանգրուանին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ անոնց աջակցութեան ձեւերուն մասին։

Շաբաթ մը ետք, 28 Նոյեմբերին, այս անգամ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով, քոյր Սանտրա Վարդանեան նմանօրինակ առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան եւ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի անդամներուն եւ շրջանի մասնաճիւղերու ատենապետներուն հետ։

Հանդիպումին ընթացքին քոյրը մանրամասնօրէն ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կատարած մարդասիրական աշխատանքներն ու օժանդակութիւնները՝ Արցախեան պատերազմին զոհուածներու ընտանիքներուն եւ ընդհանրապէս գաղթական արցախցիներուն։

Տարածենք