ԴՈՒՆ ՉՏԵՍԱՐ, ԲԱՅՑ ՔՈՒ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐԴ ՊԻՏԻ ՏԵՍՆԵՆ…

 

Գէո՛րգ, դուն լո՞ւրջ էիր։

Լուրջ, միւսներուն նման, դուն այդ ահեղ կռուի՞ն էիր:

Քեզի՞ ալ գտած, առած-տարած էին, թէ դուն վազած էիր:

Չէ՛, չէ՛, իմ գիտցած Գէորգս հոն պէտք չէր ըլլար:

Իմ ճանչցած Գէորգս շատ տեղ պիտի ըլլար, բայց ոչ՝ հոն:

Իմ գիտցած Գէորգիս համար խաղաղ կեանքն իսկ տաժանակիր կը թուէր:

Գէորգը իմ բաւական հին ծանօթս էր։ Բախտս բերած էր, որ Գէորգին հետ գէթ քանի մը առթիւ, քանի մը շաբաթ, տեղ մը միասին գտնուէինք: Հաց ուտէինք, ելոյթ կազմակերպէինք, դէպի Արցախ գէթ երկու առթիւ արշաւէինք:

Պարզապէս, Գէորգի նմանին օրհնեալ ներգրաւումով, հայ մշակոյթը ապրէինք, Հայաստանը ապրէինք, Արցախը պեղէինք:

Վերջապէս, Գէորգին նման անզուգական հայ մարդու, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի եւ Դաշնակցականի՛ հպարտանքը ըմբոշխնէինք: 

Գէորգին առողջական վիճակը այնքան ալ նախանձելի չէր։ Ունէր ֆիզիքական հարցեր, այնուհետեւ բոլորէս առողջն ու անպայման զինուորցուն կը ներկայացնէր ինքզինք:

Չէ՞ որ այնճարցի էր, տարբեր չէր կրնար ըլլալ:

Չկար ոստում որեւէ բարձունքի, որուն չյանդգնէր:

Չկար որեւէ խորան, որեւէ յուշ-արձան, ուր ձայնը չձգէր:

Չկար որեւէ հերոս, որուն գովքը ամբողջ ժամ մը չհիւսէր:

Չկար հայրենական որեւէ յուշ, զոր չանմահացնէր:

Այդ ո՞վ կ’ըսէր, որ օր մը, եւ այդքան կանուխ, Գէորգն ալ պիտի միանար մեր հերոսներու փաղանգին:

Այդ ո՞վ կ’ըսէր, որ Գէորգը տուն պիտի վերադառնար թէեւ յաղթական, բայց ընկերներու կողմէ ուսամբարձ:

Այդ ո՞վ կ’ըսէր, որ Գէորգին մասին պիտի խօսէինք անցեալի թէ անցաւորի լեզուով:

Գէորգը տակաւին անգամ մը եւս Երուսաղէմ պիտի գար:

Անգամ մը եւս մեզի «Ձայն տուր ով ֆետան» ու Յարութեան Տաճարին «Տէր Ողորմեան» պիտի մտմտար:

Մինչեւ օրս կորսուած Գէտաշէնին ու Կարօտին դարձին համար պիտի աղօթէր:

Իրաւ, որ Գէորգը կ’ապրէր իր ընկերներուն համար:

Իրաւ, որ եթէ Գէորգին համար մտահոգութիւն կար, այդ Հայաստանի վերելքն էր, այդ Արցախ աշխարհի վաղն էր:

Ան Արցախ աշխարհին, Շուշի ամրոցին մէջ վերջերս անկիւն մըն ալ իբրեւ տուն վերցուցած էր:

Չեմ գիտեր ի՞նչ երազներով, ի՞նչ օրերու ծրագիրներով վերցուցած էր:

Վերջապէս, Գէորգը տեսիլքի մարդ էր:

Գէո՛րգ, անցի՜ր հանգիստ, վստահ եղիր, որ Շուշիէն չենք հրաժարիր՝որքան Երեւանէն:

Մինչեւ իսկ Վանէն չե՛նք հրաժարիր:

Դուն չտեսար, բայց քու սերունդներդ պիտի տեսնեն:

Գնա՜, հանգչէ՜, քու նմաններովդ հարուստ լուսաւոր խորանին:

Խորան մը, որ ի ցնծութիւն մեզի, այսօր հարստացաւ քեզի նման յաւելեալ չորս երդմնեալներով:

Գեղամ Մուշեղեանը բաւարար չէր, ետեւէն հասաւ Մհերը Յարութիւնեան:

Մհերը բաւարար չէր, հասաւ Գէորգը:

Գէորգն ալ բաւաւրար չէր, հասաւ Քրիստափորը Արթին:

Ո՜վ Տէր, տակաւին որքա՞ն պիտի պահանջէ այս հողը:

Ե՞րբ պիտի յագենայ:

Արդեօք մինչեւ պահս այսքան մատաղցու բաւարար չէ՞:

 

ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

 

Տարածենք