ԱՆՄԱՀԱՑԱՒ` ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԱՂԹԵԼՈՎ

 

Սգակիր Գալստեան ընտանիք,
Երեւան,

Մեր բոլորին սիրելի եղբ․ Էրիկն ալ անմահացաւ մահուան յաղթելով։ Հայրենիքի հանդէպ սէրը զինք առաջնորդեց պատերազմի դաշտ, ուր ան քաջաբար մարտնչեցաւ եւ հերոսաբար նահատակուեցաւ՝ Արցախի պաշտպանութեան, հայութեան իրաւունքներուն եւ արժանապատուութեան ի խնդիր։


Եղբ. Էրիկի երկրաւոր կեանքը եղաւ կարճ, բայց ան կարողացաւ այդ կարճ կեանքն անգամ արժեւորել ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ։ Ան հայրենիքի հանդէպ իր պարտքը կատարեց մեր բոլորին կողմէ, իսկ մեր պարտքը իրեն հանդէպ պիտի ըլլայ անշեղօրէն շարունակել իր ուղին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ հայրենիքի ծառայութեան ուղին։


Իր հերոսական նահատակութեամբ, եղբ. Էրիկ գնաց միանալու Հ.Մ.Ը.Մ.ական անմահներու այն փաղանգին, որ այսօր երկինքէն կը հսկէ հայկական բանակի սխրագործութիւններուն, միշտ բոլորին յիշեցնելով, թէ «Յաղթելու ենք»։


Այս առիթով, յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կը խոնարհինք եղբ. Էրիկի յիշատակին դիմաց եւ կը հաստատենք, որ իւրաքանչիւր նահատակի հետ կը մեծնայ պատասխանատուութեան մեր բաժինը՝ հանդէպ մեր ժողովուրդին եւ անոր բազմաչարչար հայրենիքին։

Հ․Մ․Ը․Մ․Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Տարածենք