ԳԱՀԻՐԷԻ Հ.Մ.Ը.Մ. «ԱՐԱՐԱՏ»Ի ՓՈՔՐ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

 

Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ փոքր տօնավաճառ, ուր վաճառուեցան հայկական ուտեստներ, հայկական թեմայով կպիչներ եւ ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ վիճակահանութիւն։ Տօնավաճառին հասոյթը ամբողջովին յատկացուեցաւ սահմանապահ հայ զինուորներուն։

Այս առիթով, յանուն Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ. «Արարատ»ի վարչութեան, Սկաուտական Խորհուրդին, խմբապետական կազմին եւ մարզական ու երիտասարդական պատասխանատուներուն, հարկ է շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր ծնողներուն, մեծ ծնողներուն եւ ազնիւ հայուհիներուն, իրենց անվերապահ նուիրումին եւ փոքր տօնավաճառի աշխատանքներուն յաջողութեան համար։

Տարածենք