ԵՂԲ. ԶՈՀՐԱՊ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

 

17 Սեպտեմբեր 2020-ին, կեանքին հրաժեշտ տուաւ հաւատաւոր միութենական, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանի Նաւասարդեան 17-րդ մարզախաղերու «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» եղբ. Զոհրապ Անտոնեանը, որուն բովանդակ կեանքը՝ Հալէպէն Սան Ֆրանսիսքօ եղաւ ազգային-միութենական կեանքի նուիրաբերում։ Եղբ. Զոհրապ միութենական սկզբունքները անձնական կեանքէն վեր դասելով, անշահախնդրօրէն ծառայեց իր սիրելի միութեան, բարձրացաւ եւ իր հետ բարձրացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր եւ եղբայրներ:

Եղբ. Զոհրապ Անտոնեան ծնած է 1 Մայիս, 1928-ին, Հալէպ, ազգանուէր ընտանեկան յարկի մը տակ: Եօթը տարեկանին ան անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նոր Գիւղի մասնաճիւղին, իբրեւ գայլիկ, ուր իր հետեւողական լուրջ աշխատանքին եւ ծառայութեան հաւատքին շնորհիւ ան կ’արձանագրէ իր կեանքին առաջին նուաճումը, գայլիկ վոհմակի «Առիւծներ» վեցեակին մէջ ստանալով վեցեակապետի աստիճան:

Ապա, սկաուտական շարքեր փոխանցուելով, յաւելեալ աշխոյժ ու պատասխանատու աշխատանքներ կատարելով, եղբ. Զոհրապ աստիճանաբար կը հասնի Վարիչ Առաջնորդի աստիճանին, իր շապիկի ձախ գրպանին վրայ հպարտութեամբ կրելով այս աստիճանը յատկանշող երեք ճերմակ ժապաւէնները:

Եղբ. Զոհրապ յատուկ սէր ունենալով մարզական կեանքին եւ յատկապէս ֆութպոլի մարզաձեւին հանդէպ, 18-25 տարեկանին, սկաուտականին առընթեր անդամակցած է իր մասնաճիւղի Ա. դասակարգի ֆութպոլի խումբին։ Սակայն, սկաուտական աշխարհը միշտ յատուկ տեղ գրաւած է իր կեանքին մէջ:

Եղբայր Զոհրապ մինչեւ 1974 պատասխանատու զանազան պաշտօններ ստանձնելով՝ մեծապէս նպաստած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին վերելքին եւ անոր ծրագիրներուն յաջողութեան:

1974-ին, ան ընտանիքին հետ փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած է Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, ուր անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին:

1975-1985, եղբ. Զոհրապ աշխոյժ գործունէութիւն ցուցաբերած է իբրեւ վարչութեան ատենապետ եւ վարչութեան անդամ: 1978-1986, յաջորդական ութ տարիներ, ան լաւապէս ղեկավարած է նաեւ մասնաճիւղին ֆութպոլի խումբը: Եղբայրը երկու շրջան ընտրուած է Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան անդամ (1978-1950, 1982-1986) եւ պատուով կատարած է իրեն վստահուած պարտականութիւնները: Իր աշխատասիրութեան եւ օրինակելի գործունէութեան համար, եղբ. Զոհրապ արժանացած է մասնաճիւղային եւ շրջանային մակարդակի բազմաթիւ գնահատագիրներու։ Աւելի քան 35 տարի ան ներկայ գտնուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերուն: Հ.Մ.Ը.Մ.ը միշտ  յատուկ տեղ ունեցած է եղբօր սիրտին մէջ, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղած է իր երկրորդ տունը:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը բարձր գնահատելով եղբ.ն Զոհրապի միութենական բեղուն գործունէութիւնը, 1992-ին, Նաւասարդեան 17-րդ մարզախաղերուն, անոր շնորհած է «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական-1992» տիտղոսը:

Եղբ. Զոհրապի վերջին հրաժեշտի՝ յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 28 Սեպտեմբեր 2020-ին։

 

 

Տարածենք