ԵՂԲ. ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ՓԱՂԱՆԳԻՆ

 

30 Սեպտեմբեր 2020-ին, Արցախեան նորագոյն պատերազմի երրորդ օրը, Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Գրիգոր Ղազարեան միացաւ հայութեան անմահներու փաղանգին։

Եղբ. Ղազարեան 11 տարեկանին, Ապրիլ 2012-ին, անդամագրուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաուտական շարքերուն։ Ան մաս կը կազմէր Երեւանի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղի «Աղթամար» խումբին։

Սկաուտական իր երդումին հաւատարիմ, եղբ. Գրիգոր Ղազարեան հերոսաբար ինկաւ Արցախի պաշտպանութեան կռիւներուն, իր նահատակութեամբ միանալով եղբայրներ Վարդան Բախշեանին, Վաչէ Ռոստոմեանին եւ Վիգէն Զաքարեանին, որոնք իբրեւ փայլուն աստղեր կ’առաջնորդեն մեր ժողովուրդին գոյերթը։

Իր նահատակութեան լուրը ներկայացնող մասնաճիւղին գոյժը կ’ըսէ.

«Անասելի մեծ ցաւով յայտնում ենք Շաւարշ Քրիսեան մասնաճիւղի խմբապետական կազմի անդամ, մեր շատ սիրելի եղբայր Գրիգոր Ղազարեանի նահատակութեան լուրը...

«Գրիգորը սիրում էր կեանքը, բայց ամէնից շատ նա սիրում էր իր հայրենիքն ու ամէն հնարաւոր պահի փոխանցում այդ սէրը մեզ...

«Դժուար է խօսել այսպիսի լուսաւոր մարդու մասին անցեալ ժամանակով...

«Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Շաւարշ Քրիսեան մասնաճիւղում փոխ խմբապետ Գրիգոր Ղազարեանի անուան դիմաց յաւերժ ներկա՛յ կը գրուի...»։

Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութիւնը դիմատետրի իր էջով գրեց. «Անասելի մեծ ցաւով յայտնում ենք մեր շատ սիրելի եղբայր Գրիգոր Ղազարեանի հերոսաբար զոհուելու լուրը։

«Մեր խորին ցաւակցութիւններն ենք յայտնում հարազատներին ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին։

«Յաւե՜րժ փառք Քեզ մեր սիրելի եղբայր»։

 

 

 

Տարածենք