ՍԿԱՈՒՏ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՉՈՐՍ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐ

 

 20 Յունիսէն 11 Յուլիս 2020, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի «Գրիգոր Յակոբեան» եւ «Վահան Չերազ» մասնաճիւղերը կազմակերպեցին սկաուտ պատասխանատուներու չորս շաբթուան առցանց սեմինար։

Իւրաքանչիւր շաբաթ մասնակիցները քննարկեցին երկու թեմա։ Ութ թեմաները ներկայացուցին տարբեր դասախօսներ։ Մասնակիցները ստացան բազմաթիւ նոր գիտելիքներ, որոնք մեծապէս օգտակար կրնան ըլլալ իրենց հետագայ աշխատանքներու զարգացման եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական խումբերու բարելաւման մէջ։

Սեմինարին աւարտին, մասնակիցները ստացան հաստատագիրներ, իսկ դասախօսները՝ շնորհակալագիրներ։

https://www.facebook.com/watch/?v=734021334085947

Տարածենք