ԲԱՆԱԿ ՄԵԿՆՈՂ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՂՋԵՐԹԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

 

Յարգելով արտակարգ դրութեան պահանջները, Շաբաթ, 11 Յուլիսին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի «Հայկ Յովսէփեան» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ամառնային զօրակոչով հայկական բանակ մեկնող Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներու օրհնութեան եւ ողջերթի հանդիպումը, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեանի։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի մեծ ընտանիքը այդ օր պատուով եւ հպարտութեամբ բանակ ծառայութեան ճանապարհեց 6 զինակոչներ, սկաուտական իրենց երդումին հաւատարիմ, ծառայելու ազգին ու հայրենիքին։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր, իմ ընտանիքէս վեց նուիրեալներ կու տանք հայոց բանակին։ Ես վստահ եմ, որ մեր շարքերուն մէջ մենք միշտ պիտի զգանք իրենց բացը։ Իրենց հետեւող արիներն ու գայլիկները եւ, ինչու չէ նաեւ, արենոյշները սրտի մեծ տրոփիւնով պիտի սպասեն բոլորին առողջ վերադարձը։ Այս միջոցին մենք պիտի հպարտանանք իրենցմով, իրենց լուրերով եւ բարձր մակարդակով իրականացուցած ծառայութեամբ»։

Իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իր զինուորին ճանապարհելու յատուկ ձեւը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ն ալ, իբրեւ մեծ ընտանիք, ստեղծեց ի՛րը եւ այսուհետեւ գեղեցիկ աւանդութիւն կը դարձնէ ողջերթի նման հանդիպումներու կազմակերպումը բարի եւ յաղթական ծառայութեան մեկնող իր եղբայրներուն համար։

Տարածենք