Հ.Մ.Ը.Մ. ԵՂԱԾ Է ՈՒ ԿԸ ՄՆԱՅ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑ

 

(ՅԱՆՈՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ՝ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ՏԷՆԻ ՄԱՐԿՈՐԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԱՌԻԹՈՎ)

Մայիս 28. այս յատուկ օրը մեր բոլորին կը վերյիշեցնէ մեր յարատեւ պայքարներու փայլուն արդիւնքները, մեր միասնական եւ շարունակական նեղութիւններէն միշտ դուրս գալու յաղթական պատկերը, իբրեւ անկախ ժողովուրդ եւ հայրենիք: Մայիս 28-ը անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնէ, որ պէտք է շարունակենք պայքարիլ ու մեր ձեռքը երկարած՝ միշտ օգնենք անկախ Հայաստանին ու Արցախին:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերը մեծ եղած է հայ ժողովուրդի յաղթանակներու կերտումին մէջ: Տարիներ շարունակ, մենք միշտ նեցուկ կանգնած ենք Հայ Դատի բոլոր աշխատանքներուն եւ Սփիւռքի հզօրացման նախաձեռնութիւններուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղած է ու կը շարունակէ մնալ հայեցի դաստիարակութեան դպրոց, մեր երիտասարդութեան, սկաուտներուն եւ մարզիկներուն  համար երկրորդ հայ ընտանիք: Կը գիտակցինք, որ Քորոնա համաճարակը մեզմէ խլեց մեր յաճախակի հանդիպումները, մեր մարզական փորձերը, մեր սկաուտական հաւաքները, մեր մարզական խաղերը, ու Մայիսեան մեր սկաուտներու փառահեղ տողանցքները Գանատայի փողոցներուն մէջ։ Տողանցքներ, որոնց ընդմէջէն շեփորախումբը պիտի հնչեցնէր մեր ազգային երգերը ու ցոյց պիտի տար, թէ հայ ժողովուրդը այս օտար ափերուն ինչպէ՛ս կը տօնէ իր յաղթանակի օրը։

Այս տարի, հակառակ ստեղծուած նոր պայմաններուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի մեծ ընտանիքը դարձեա՛լ պիտի նշէ այս յատուկ օրը, բայց առցանց դրութեամբ:

Կը վստահինք ու կը վստահեցնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր աշխատանքները շուտով պիտի վերագտնեն իրենց բնականոն ընթացքը, սկաուտները դարձեալ ամբողջական տարազով պիտի վերադառնան Հայ Կեդրոններ ու մարզիկները Հ.Մ.Ը.Մ.ի վահանով դարձեալ պիտի վազեն մարզադաշտերու վրայ: Վստահ ենք, այս դժուար կացութիւնը պիտի ունենայ իր աւարտը ու, առ այդ, մենք պէտք է աւելիով զօրանանք ու ամրապնդուինք, շարունակենք կարելի եղածին չափ առցանց միջոցներով կատարել մեր ժողովներն ու աշխատանքները:

Հպարտ ենք մեր երիտասարդութեամբ, մեր առաջնորդներով ու մարզիչներով, որոնք արդէն իսկ իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ ջանք չեն խնայեր իրենց կարելին մատուցելու մեր սկաուտներուն ու մարզիկներուն:

Մայիս 28-ի այս ուրախ օրը անգամ մը եւս մեզի առիթ կ’ընծայէ, որ հաւաքական ու միասնակամ աշխատանքով կարենանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, ու միշտ մեր յոյսերը բարձր պահած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ջահը բարձր բռնած, շարունակենք բարձրանալ եւ մեզի հետ բարձր պահել Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի անունը:

Կեցցէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, կեցցէ՛ ազատ ու անկախ Հայաստանը:

Շնորհաւոր Մայիս 28, համայն հայութիւն:

Տարածենք