ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ - Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նկատի ունենալով միութեանս ներկայ տնտեսական իրավիճակը եւ հիմնուելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարաբանութեան եւ անսակարկ նուիրումի հասկացողութեան վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան որոշումով, այսուհետեւ մարզական խաղերը պիտի կիրարկուին անվճար, Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ նուիրեալ մարզիկներու կողմէ։

Լիայոյս ենք, որ այս որոշումը խթան կը դառնայ յաւելեալ ձեւով կառչած մնալու միութեան վեհ սկզբունքներուն։

21 Փետրուար 2020

 

Տարածենք