ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐԻՆ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԶՈՀԸ

 

1 Ապրիլ 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սթոքհոլմի մասնաճիւղը կորսնցուց իր անդամներէն եղբ. Զոհրապ Ջուլհաճեանը, որ զոհ գնաց Քորոնա ժահրին վարակին։

Եղբօր յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը պիտի կատարուին այս շաբաթ։ Պարագաներու փափաքով, եւ հասկնալի պատճառներով եղբ. Ջուլհաճեանի վերջին հրաժեշտը պիտի կատարուի առանց ժողովրդային ներկայութեան։

Փոխան ծաղկեպսակի կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել Սթոքհոլմի «Ազատամարտ» կեդրոնի BG 588-0455 դրամատնային հաշիւին եւ կամ swish 1232208825 համարին՝ յիշելով հանգուցալին անունը։

Նուիրատուութիւններու գումարը պիտի փոխանցուի աղքատախնամ միութիւններու։

 

Տարածենք