ԴՐՕՇԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԼԵՐԱՆ ԿԱՏԱՐԻՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Պուրճ Համուտ)- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի հովանաւորութեամբ, Շրջանային Խմբապետութիւնը կազմակերպեց երէց ճիւղի երկօրեայ արշաւ մը դէպի Լիբանանի բարձագոյն լեռը՝ Քորնէթ Սաուտա:

Արշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտիի մասնաճիւղերու 40 երէցներ: Հարկ է յիշել, որ երկօրեայ արշաւին իրականացման համար Շրջանային Վարչութիւնը ճիգ չխնայեց, իսկ մասնաճիւղերու Սկաուտական Խորհուրդներէն եւ խմբապետական կազմերէն երկուքական եղբայրներ օժանդակեցին արշաւին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի անդամներ:

Խանդավառ երէցները հաւաքուեցան եւ հանրակառքերով ուղղուեցան Լիբանանի հիւսիս՝ Արզ- Ույուն Ուրղոշ շրջանը: Հանրակառքերը երէցները հասցուցին ինքնաշարժով հասանելի ամէնէն հեռու վայրը (բարձրութիւն՝ 2682 մ., ջերմաստիճան՝ 12oC), որմէ ետք սկսաւ արշաւը:

Երկօրեայ արշաւին բոլոր գոյքերը իրենց հետ ունենալով, երէցները գիշերային հետաքրքրական արշաւի մը ընթացքին, միայն իրենց լուսարձակներու լոյսով, մօտ 7.5 քլմ. երկարութեամբ արշաւէ մը ետք (երկուքուկէս ժամ) հասան նախօրոք ճշդուած վայրը (բարձրութիւն՝ 2816 մ., ջերմաստիճան՝ 2oC), ուր պատրաստուեցան գիշերելու: Անոնք լարեցին իրենց վրանները եւ պատրաստեցին իրենց հետ բերած ընթրիքը ու վրաններու տակ անցնելով՝ պատսպարուեցան նուազող ջերմաստիճանէն ու հանգչեցան, որպէսզի լաւապէս պատրաստուին յաջորդ օրուան արշաւին:

Կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերէն, երէցները արթնցան, նախաճաշեցին, հաւաքեցին վրանները եւ պատրաստեցին իրենց հետ ունեցած ձեռնափայտերով դրօշակի կայմին «ձողերը»: Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտի լուրջ ու կարգապահ քայլերով, երէցական նշանաբանին հաւատարիմ` իրարու օգնելով եւ քաջալերելով, արշաւեցին մօտ 2.5 քլմ. (մէկուկէս ժամ) հասնելով Լիբանանի բարձրագոյն կէտը՝ Քորնէթ Սաուտա: Այսպէս, 3088 մ. բարձրութեան վրայ անոնք բարձրացուցին դրօշակի կայմը (Լիբանանի, Հայաստանի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշակները) եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ կատարեցին դրօշակի արարողութիւն:

Կարճ ատեն մը ամպերէն վեր չնաշխարհիկ վայրի մէջ անցընելէ ետք, ու վայելելէ ետք գեղատեսիլ Լիբանանի լեռներն ու տեսարանները եւ մաքուր եւ պայծառ օդը, երէցները յաղթանակի քայլերով բռնեցին վերադարձի ճամբան: 3 ժամ՝ 10 քլմ. երկարող վերադարձի ճամբուն վրայ, անոնք ցանկութիւն յայտնեցին յաջորդին բարձրանալու Արարատի գագաթը եւ հոն կատարելու իրենց դրօշակի արարողութիւնը:

Տարածենք