Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՄԲԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐԸ

 

Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Շրջանային խմբապետութեան, միջ-մասնաճիւղային խմբապետական դաստիարակչական սեմինար մը տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ճիւնիի ակումբին մէջ։ Սեմինարը նպատակադրեց.-

- Կազմակերպչական աշխատանքներով եւ արդիական ձեւերով կիրարկել սկաուտական աշխատանքներն ու յայտագիրները:

- Խմբապետներու համագործակցութեան ոգին բարելաւել:

- Կարգապահական միջոցներու օգտագործման կարեւորութիւնը շեշտել:

- Զօրացնել ծնողք-խմբապետ-անդամ եռակողմանի յարաբերութիւններու կապը:

Սեմինարը ընդգրկեց նաեւ սկաուտական, կազմակերպչական եւ դաստիարակչական կարգ մը նիւթեր:

Առաջին նիւթն էր` «Ժողովական կեանք եւ կազմակերպչական աշխատանք»: Ներկայացուց եղբ. Յակոբ Չպլաքեան:

Քոյր Վարդուկ Ֆռնըզլեան ներկայացուց սկաուտական աշխատանքներու ընթացքին կիրարկուելիք կարգապահական կանոնները եւ գործելաոճը, ինչպէս նաեւ՝ կարգապահական հրահանգներու անթերի իրագործման կարեւորութիւնը:

Ապա, մասնաճիւղի եւ միաւորի խմբապետները, գլխաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ Շրջանային ճիւղի խմբապետներու` քոյր Ռուբինա Խայեաթ-Եսայեանի, եղբայրներ Ժագ Պէրպէրեանի եւ Տաթեւ Ադամեանի, գործնական օրինակներով ներկայացուցին սկաուտական արարողութիւններու ձեւերը, որպէսզի մասնաճիւղերը նոյնանման եւ ճշգրիտ ձեւով կատարեն սկաուտական իրենց արարողութիւնները:

Կատարուեցան հետեւեալ արարողութիւնները` կարգապահական հրահանգներու կողքին:

- Դրօշակի արարողութիւն:

- Մեծ կանչ:

- Արի-արենոյշներու խոստման արարողութիւն:

- Երէց-պարմանուհիներու երդման արարողութիւն:

- Երէց- պարմանուհիներու ընդունման արարողութիւն:

- Փոխանցման արարողութիւն (մոկլի, գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարմանուհի):

- Միաստղ, երկաստղ, վեցեակապետ, փոխ վեցեակապետ, վարիչ վեցեակապետ կոչումներու տուչութիւն:

- Աստիճանատուչութիւն:

Խումբի մը անդամներուն կապերը զօրացնելու համար անհրաժեշտ են խմբային խաղերը: Խմբապետները խաղացին կարգ մը խմբային խաղեր, ապա ճաշէ ու դադարէ ետք, զրոյցի միջոցով ներկայացուեցան խմբապետ-խմբապետ, խմբապետ-ծնողք, խմբապետ-անդամ կապն ու յարաբերութիւնը. զրուցավարն էր քոյր Թալին Օրտողլեան: Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտէի մասնաճիւղերու պատասխանատուներէն իւրաքանչիւրը ներկայացուց բաժին մը: Զրուցավարը համադրելով տեսակէտները առիթ տուաւ մասնակիցներուն փոխանակելու կարծիքներ:

Սեմինարին վերջին նիւթը ներկայացուց եղբ. Վաչէ Նաճարեան: Նիւթն էր` «Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան ուղեգիծը»:

Սեմինարին աւարտին մասնակիցներուն փոխանցուեցան արժեւորման թղթիկներ, ապա իւրաքանչիւրը ստացաւ սեմինարի մասնակցութեան հաստատագիր:

Սեմինարի փակման արարողութեան ներկայ եղան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամներ, մասնաճիւղերէ Սկաուտական Խորհուրդներու եւ վարչութիւններու անդամներ:

Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին կողմէ խօսք առաւ քոյր Արտա Զէյթունեան, ապա եղբ. Վաչէ Նաճարեանի ձեռամբ սկաուտական բարձրագոյն «Արարատեան» կարգ ստացան եղբայրներ Տաթեւ Ադամեան, Մկօ Գէորգեան եւ քոյր Աննա Քէօմպէճեան:

Սեմինարը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

 

Տարածենք