Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 12-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ՈՒՂԻ ԿԸ ՀԱՐԹԷ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

 

14 Հոկտեմբեր 2019-ի կէսօրին, Երեւանի «Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին պաշտօնական բացումը կատարելէ ետք, Ժողովը իր նիստերուն սկսաւ նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 9.00-ին, Ծաղկաձորի «Մարիոթ» հիւրանոցի ժողովասրահին մէջ։

Ժողովին բացումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան, որ նախ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ներկաները՝ յարգելու համար անցնող քառամեակին մեզմէ յաւէտ բաժնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն յիշատակը։ Ապա, ժողովականները երգեցին միութեան քայլերգ «Յառաջ նահատակ»ը։

Իր բացման խօսքին մէջ, եղբ. Մկրտիչեան ողջունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եղբ. Յակոբ Խաչերեանի եւ Թեհրանի Հայ Մշակութային Արարատ Կազմակերպութեան ատենապետ Հարմիկ Զովելեանի ներկայութիւնը Ընդհանուր Ժողովին։

Առժամեայ դիւանը բաղկացաւ եղբ. Հայկ Թապագեանէ՝ ատենապետ եւ քոյր Վարդուկ Ֆռնըզլեանէ (Լիբանան)։ Լիազօրագիրներու ստուգումէն ի յայտ դարձաւ, որ ժողովին կը մասնակցէին միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 26 շրջաններէն 74 պատգամաւորներ։ Գլխաւոր բացականերն էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ամմանի, Աղեքսանդրիոյ, Ալքմարի եւ Առնհեմի ներկայացուցիչները։ Իսկ առաջին անգամ ըլլալով նման ժողովի մը կը մասնակցէին Արցախի, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի նորաստեղծ շրջանները։

Ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուած էր լիազօր ներկայացուցիչով մը։ Ի պաշտօնէ կը մասնակցէին 17 քոյրեր-եղբայրներ (ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու յանձնախումբի ատենապետ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի ընդհանուր խմբապետուհի, Կեդրոնական Վարչութեան գործավարութեան անդամներ, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր)։ Իսկ Կեդրոնական Վարչութեան եւ շրջաններու կողմէ ներկայ էին 25 հրաւիրեալներ, որոնցմէ հինգը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական Ա. համագումարին կողմէ ընտրուած քոյր մը եւ չորս եղբայրներ։ 

Այս հաստատումները կատարելէ, ապա՝ շրջաններու նիւթական պարտաւորութիւններուն մասին Կեդրոնական Վարչութեան բացատրութիւնը լսելէ եւ համապատասխան տնօրինումները կատարելէ ետք, ժողովը նկատուեցաւ օրինաւոր եւ նախքան իր աշխատանքներուն սկսիլը ընթերցեց ժողովին հրաւիրուած, սակայն բանաւոր կերպով բացակայող եղբայրներ Սարգիս Տէր Պետրոսեանի (Աւստրալիա), Կարպիս Գապասագալեանի (Լիբանան) եւ Տիրան Շահինեանի (Գանատա) նամակները։

Մնայուն դիւանի ընտրութեան օրակարգին, առժամեայ դիւանի կազմին միացան եղբայրներ Ֆէտի Թաժրա՝ ատենապետ (Լիբանան), Շանթ Ժամկոչեան (Արեւելեան Մ. Նահանգներ), քոյրեր Ցոլեր Մկրտիչեան (Գանատա) եւ Սիւզի Օհանեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ)՝քարտուղարներ։

Խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ Ան նախ յիշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի 5-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի (Աթէնք, 1991) իր մասնակցութենէն դրուագ մը, որմէ ետք ժողովականները հրաւիրեց յոտնկայս ծափահարութեամբ ողջունելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը ժողովին։

Եղբ. Խաչերեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը նոյն տեսլականով գործող միաւորներ են, մէկը քաղաքական, իսկ միւսը՝ մարզական-սկաուտական։ Անոնք ունին նոյնանման կառոյց եւ աշխատելաձեւ։ Ան ըսաւ, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ուժեղ է իր ուղեկից միութիւններով։ Ան նաեւ մատնանշեց, որ օրուան մարտահրաւէրները բազմաթիւ են։ Հ.Մ.Ը.Մ. հարկ է լրջօրէն աշխատի հիմնական երեք մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար.-

ա) Ապազգայնացման վտանգի դիմագրաւում, ինչ որ կ’ենթադրէ համազգային գործակցութիւն եւ ուժերու ամբողջական լարում։

բ) Գրասենեկային կառոյցի ստեղծում, որպէսզի կարելի դառնայ աւելի արդիւնաւէտ եւ մասնագիտական գործունէութիւն ունենալ՝ ռազմավարական համապատասխան ծրագիրով եւ անոր գործադրութիւնը ապահովող միջոցներով։

գ) Կազմակերպական ուղղահայեաց յարաբերութիւններու կողքին, միութեան մէջ հորիզոնական յարաբերութիւններու զարգացում, ինչ որ կը կատարուի մեծ կազմակերպութիւններու մօտ, երբ այդ կազմակերպութիւններու տարբեր շրջանները շատ դիւրութեամբ եւ արագութեամբ իրարու փորձառութիւններ կը փոխանակեն եւ միացեալ ծրագիրներ կ’իրականացնեն։

Եղբ. Խաչերեան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.էն կը սպասուի ազգային գաղափարախօսութեան հիմքով ծրագիրներ մշակել երիտասարդութեան համար՝ նորահաս սերունդները հաւաքական մեր նպատակներուն եւ ընդհանրական իղձերուն շուրջ համախմբելու համար։

Այնուհետեւ, ժողովը իր աշխատանքները շարունակելով ընտրեց արխիւային, հաշուեքննիչ, բանաձեւի եւ քուէախոյզ յանձնախումբերու անդամները եւ կազմեց Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքային ութը խմբակները.- Կազմակերպական, կանոնագրային, սկաուտական, մարզական, երիտասարդական, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ տնտեսական։

Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի առաջին օրուան առաջին նիստը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 11.00-ին։

 

ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ

Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերի առաւօտուն, ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրներու ներկայացման օրակարգով, ժողովականները դիտեցին հաշուետու մարմինին քառամեայ աշխատանքները ամփոփող տեսանիւթ մը։ Կեդրոնական Վարչութեան 117 էջնոց տեղեկագիրը եւ անոր ընթերցուած ձայնագրեալ տարբերակը նախապէս ուղարկուած էին պատգամաւորներուն, հետեւաբար ժամանակի խնայողութեան նպատակով, տեղեկագիրը վերընըթերցելու փոխարէն, ժողովականները տեսանիւթի միջոցով վերյիշեցին հոն տեղ գտած գլխաւոր բաժինները (տեսանիւթը դիտել այս կապով՝ https://www.facebook.com/MyHomenetmen/videos/750236255447171/), մեծ պաստառի վրայ համակարգչային հեռասփռումով ծանօթացան նիւթական տեղեկագիրին եւ անցան լուսաբանական հարցումներու բաժինին։

Կէսօրուան նիստին, Կեդրոնական Վարչութիւնը իր ատենապետին ճամբով երկուքուկէս ժամ պատասխանեց զոյգ տեղեկագիրներու շուրջ կատարուած լուսաբանական հարցումներուն։ Առիթ տրուեցաւ նաեւ Արցախի, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի ներկայացուցիչներուն, որպէսզի ամփոփ զեկուցումներով ծանօթացնեն նորաստեղծ իր շրջաններուն աշխատանքները։ Առանձին զեկուցումով մը հանդէս եկաւ նաեւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանը՝ ծանօթացնելով 2018-ին հիմնուած «Հրաշք» բաժանմունքին գործունէութիւնը։ Բաժանմունքին մաս կը կազմեն յատուկ կարիքներ ունեցող 43 մարզիկ-մարզիկուհիներ։

Տեղեկագիրներու ընթերցումէն պարզուեցաւ, որ 2015-2019 քառամեակը միութեան համար իսկապէս եղած է արտակարգ քառամեակ մը։ Կեդրոնական Վարչութիւնը չորս տարուան ընթացքին ունեցած է բազմաճիւղ, բեղուն գործունէութիւն։

Կեդրոնական Վարչութեան գլխաւոր աշխատանքները եղած են.-

Ա. Կազմակերպական

- Հայաստանի եւ Մոսկուայի շրջաններու վերաշխուժացման առընթեր, երեք նոր մասնաճիւղերու հիմնում Արցախի, Թիֆլիսի եւ Առնհեմի (Հոլանտա) մէջ։ Շրջաններ, իրենց կարգին, չորս նոր մասնաճիւղեր եւ միաւորներ հիմնած են Սաքրամենթոյի, Սանթա Քլարիթայի (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ), Մերիմաք Հովիտի (Արեւելեան Մ. Նահանգներ) եւ Վանգուվըրի մէջ (Գանատա)։  

- Միջ-վարչական դիւանական Թ. խորհրդաժողով (Նիկոսիա, 27-29 Հոկտեմբեր 2016)

- Եւրոպայի ատենապետներու Ա. ժողով (Փարիզ, 19 Մարտ 2016)։

- Եւրոպայի ատենապետներու Բ. ժողով (Ալմելօ, 29 Ապրիլ 2017)։

- Եւրոպայի ատենապետներու Գ. ժողով (Միւնիխ, 17-18 Մարտ 2018)։

- Եւրոպայի ատենապետներու Դ. ժողով (Լոնտոն, 17-18 Մարտ 2019)։

- Ամերիկեան ցամաքամասի ատենապետներու Ա. ժողով (Լոս Անճելըս, 6 Ապրիլ 2019)։

- Երիտասարդական Ա. համագումար (Աթէնք, 10-11 Մայիս 2019)։

 

Բ. 100-ամեակի տօնակատարութիւններ

- Միութեան 100-ամեակի փառաշուք տօնակատարութիւններու կազմակերպում Երեւանի, Բիւրականի եւ Կիւմրիի մէջ (Յուլիս 2018)։

- Կեդրոնական Վարչութեան 100-ամեակի պատգամի փոխանցում շրջաններու մէջ կատարուած 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն (Սեպտեմբեր 2018-Մայիս 2019)։

 

Գ. Սկաուտական

- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական Է. համագումար (Երեւան, 27-31 Յուլիս 2016)։

- Եւրոպայի մասնաճիւղերու Վկայեալ կարգի դասընթացք (Շուէտ, 26-28 Օգոստոս 2016)։

- «Արարատեան» կարգի տեսական եւ գործնական դասընթացքներ (Փետրուար-Յունիս 2018 եւ 14-18 Յուլիս 2018)։

- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ԺԱ. բանակում (Բիւրական, 19-28 Յուլիս 2018)։

 

Դ. Մարզական

- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Ժ. մարզախաղեր (Հայաստան, 20-29 Յուլիս 2017)։

- Մարզախաղերու կանոնագրութեան վերամշակում (2018-2019)։

 

Ե. Հրատարակչական

- «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 16 թիւերու հրատարակութիւն։ Թերթի 35-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւն (Յուլիս 2016)։

- «Ալպոմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վարդգէս Տէր Կարապետեան թանգարան»ի հրատարակութիւն (Յուլիս 2018)։

- «Դէպի յաղթանակ» (Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեայ երթին նուիրուած 100 ստեղծագործութիւն, 100 դէմք) հատորի հրատարակութիւն (Հոկտեմբեր 2019)։

 

Զ. Տեղեկատուական արհեստագիտութիւն

- Նոր կայքէջի ստեղծում (Դեկտեմբեր 2017)։

- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Online shope-ի դրութեան ստեղծում (Մարտ 2018)։

 

Է. Տնտեսական

- Հ.Մ.Ը.Մ.ի եկամտաբեր հիմնադրամի՝ Endowment Fund-ի հաստատում (Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Դեկտեմբեր 2017)։

- Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի դրամահաւաքի կալա-ընթրիքին 700.000 ամ. տոլարի հանգանակութիւն (Յուլիս 2018)։

 

Չորս տարի առաջ միութիւնը կը հաշուէր 104 մասնաճիւղեր եւ միաւորներ։ Այսօր ան կը հաշուէ 111 մասնաճիւղեր եւ միաւորներ, առաւել՝ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու յատուկ կարիքներ ունեցող մարզիկներու «Հրաշք» բաժանմունքը, որ ողջունելի նախաձեռնութիւն է եւ նորութիւն՝ հայ իրականութեան համար։ Այլ նորութիւն մըն է միաւորի դրութիւնը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ռազմավարական ծրագիրի գաղափարներէն մէկն է եւ լաւապէս կը յարմարի այն փոքրաթիւ գաղութներուն, որոնք սկաուտական խմբակ մը կամ անդամական կորիզ մը ունենալու յարմարութիւնը ունին, առանց մասնաճիւղի մը բազմաճիւղ գործունէութեան կարելիութիւնները ունենալու։ Նման միաւորներ այսօր կը գործեն Գանատայի, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու մէջ (Վանգուվըր, Սաքրամենթօ, Սանթա Քլարիթա, Շարլոթ եւ Մերիմաք Հովիտ)։

Հիմնական նորութիւնը, անկասկած, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղն է, որուն հիմնադրութիւնը տարիներու երազ մըն էր։ Մասնաճիւղը կը գործէ Ստեփանակերտի մէջ, Հայաստանէն գործուղուած սկաուտական գործիչով եւ եօթը հոգինոց վարչութեամբ։ Նորութիւն է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թիֆլիսի մասնաճիւղը, որուն աշխատանքային պայմանները բաւական դժուար եւ իւրայատուկ են։

Անդամական ընդհանուր թիւերու լեզուով խօսելով, այսօր, Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ 111 մասնաճիւղերը այսօր կը հաշուեն 7815 սկաուտներ, 8337 մարզիկներ եւ 9325 պարզ անդամներ, ընդհանուր՝ 25477 թիւով։ Քառամեակին ընթացքին միութիւնը ունեցած է 2872 նոր անդամ։ Այն պահուն, երբ մարզիկներու թիւը նուազած է 578-ով, սկաուտներու թիւը աւելցած է 1065-ով, իսկ պարզ անդամներու թիւը՝ 2385-ով։

Տեղեկագիրներու ներկայացումէն եւ լուսաբանական հարցում-պատասխաններէն ետք, Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերի յետմիջօրէի երկու նիստերը եւ Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբերի առաւօտեան նիստը յատկացուեցաւ ժողովականներու ըստ էութեան արտայայտութիւններուն եւ Կեդրոնական Վարչութեան ինքնապաշտպանութեան խօսքին։

Ընթերցուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնի գիրը՝ ուղղուած Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին։ Նկատի ունենալով հիւսիսային Սուրիոյ հայութեան ճգնաժամային պայմանները՝ փափաք յայտնուեցաւ ժողովին կողմէ սուրիահայութեան եւ յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի մասնաճիւղին զօրակցութեան յայտարարութիւն մը հրապարակել երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն։

Այնուհետեւ, ժողովականները լսեցին արխիւային, հաշուեքննիչ եւ բանաձեւի յանձնախումբերուն զեկուցումները, որոնք ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութիւնը նկատեցին «Յոյժ գնահատելի»։

 

ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին եւ Հինգշաբթի 17 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը ընթացաւ աշխատանքային նիստերու դրութեամբ։ Աշխատանքային ութը յանձնախումբեր՝ կազմակերպական, կանոնագրային, սկաուտական, մարզական, երիտասարդական, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ տնտեսական, առանձին հանդիպումներով քննարկեցին իրենց վստահուած օրակարգի կէտերը եւ շրջաններու բանաձեւերու հիմամբ պատրաստեցին որոշումի կարգ անցնելիք առաջարկները։ Հինգշաբթի յետմիջօրէին եւ Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբերի առաւօտուն գումարուած նիստերուն որդեգրուելէ ետք՝ այդ առաջարկները դարձան Հ.Մ.Ը.Մ.ի յառաջիկայ քառամեակի գործունէութիւնը առաջնորդող սկզբունքներ։

Յանձնախումբերու կողմէ ներկայացուած եւ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ որդեգրուած հիմնական որոշումներուն այստեղ կ’արժէ անդրադառնալ ընդհանուր գիծերով։ 

 

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ

- Զարկ տալ զանազան շրջաններու մէջ համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական ձեռնարկներու կազմակերպման (մարզախաղեր, համագումարներ․․․), որպէսզի այդ ձեւով  գաղութային կեանքի վերաշխուժացում կատարուի։

- Կազմակերպել Միջին Արեւելեան շրջաններու ատենապետներու ժողովներ (գէթ տարին մէկ անգամ), նկատի ունենալով Միջին Արեւելեան շրջաններու հայութեան թիւին նուազումը, ձուլումի վտանգն ու արտագաղթը, որոնք իրենց բացասական ազդեցութիւնը կ’ունենան  Հ․Մ․Ը․Մ․ի աշխատանքներուն վրայ։

- Ուսումնասիրել զանազան շրջաններու մէջ միաւորներու ստեղծման փորձառութիւնը, որ 10-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի որոշում էր եւ անցնող քառամեակին փորձարկուեցաւ կարգ մը շրջաններու մէջ, եւ ըստ այնմ կանոնագրային համապատասխան յօդուածներով ներկայանալ Պատգամաւորական յաջորդ Ժողովին։

- Մշակել ընկերային ծառայութեան ծրագիր մը, որ իւրանքանչիւր Հ․Մ․Ը․Մ․ականի առիթ կու տայ մասնակցելու Հայաստանի սահմանամերձ գօտիներու մէջ իրականացող կամաւոր, հանրօգուտ աշխատանքներու։ Այս ծրագիրներու կարելիութիւնները եւ պահանջուած մարդուժին թիւը կը պատրաստուին Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի կողմէ։

- Նկատի առնելով Հ․Մ․Ը․Մ․ի հայրենակեդրոն սկզբունքները, ուսումնասիրել կարելիութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ վարչամարզական համալիրներ կառուցելու։

- Վերակենդանացնել Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի հետ «քոյր մասնաճիւղեր»ու ծրագիրը եւ վերսկսիլ մասնաճիւղերու միջեւ հորիզոնական համագործակցութիւնը։

-  Կեանքի կոչել կազմակերպական յանձնախումբ մը, որ՝

ա) Հ․Մ․Ը․Մ․ը հասանելի դարձնէ հայահոծ գաղութներու մէջ։

բ) Արժեւորէ միութեան գործօն շրջաններուն իրավիճակը։

գ) Հարկ եղած պարագային հասնի շրջաններու օժանդակութեան (օրինակ՝ կազմակերպէ ղեկավար պատրաստելու դասընթացքներ)։

 

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ

- Վերատեսութեան ենթարկել սկաուտական բոլոր կարգերու դաստիարակչական գիրքերն ու պայմանները, այժմէականացնելով զանոնք բոլոր մանրամասնութիւններով։

Ակնարկուածները հերթաբար, պատրաստութեան կարգով, տեղադրուին համացանցի վրայ, ի պահանջեալ հարկին որդեգրելով Course Management system-ը։ Նաեւ, նորութիւնները օրը-օրին գործնականացնել, ուր որ անհրաժեշտ է։

- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի նորաստեղծ մասնաճիւղը քաջալերելու, արցախահայութեան եւ մանաւանդ երիտասարդութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ը ծանօթացնելու նպատակով, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական աշխատանքներ իրականացնել Արցախի մէջ, օրինակ՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական համագումար, միջ-մասնաճիւղային բանակում եւ այլն։

- Կազմակերպել միջ-շրջանային խմբապետական համագումարներ, որոնց ընթացքին Կեդրոնական Վարչութիւնը քաջալերէ շրջանները, որպէսզի մշակեն խմբապետներու վերաորակաւորման ծրագիրներ։

- Հնարաւորութեան պարագային Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանները Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի միջոցով մասնակցին Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի հիմնական ծրագիրներուն։

- Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով (2020) կազմակերպել ընդհանուր բանակում մը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր շրջաններու եւ համաշխարհային սկաուտութեան մասնակցութեամբ։

- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի խմբապետական կազմին մէջ անպայման ընդգրկել հիւրընկալ երկրէն ներկայացուցիչ խմբապետ մը, իսկ նոյն բանակումի գործադիր մարմինի անդամներուն մեծամասնութիւնը նշանակուի հիւրընկալ երկրէն։

- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընդհանուր բանակումի մասնակիցներուն թիւը որոշէ Կեդրոնական Վարչութիւնը, հիմնուելով գործնական կարելիութիւններու ուսումնասիրութեան վրայ։

- Նկատի ունենալով, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումը երկու տարուան տարբերութեամբ պէտք է կազմակերպուին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաջորդ մարզախաղերը կազմակերպել 2021-ին, իսկ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաջորդ ընդհանուր բանակումը՝ 2022-ի ամրան, Հայաստանի մէջ։ Իսկ յաջորդող քառամեակին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը կազմակերպել 2024 թուականին, պայմանով որ նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը (2019-2023) նախաձեռնէ անոր նախապատրաստական աշխատանքները։

 

ՄԱՐԶԱԿԱՆ

- Կեանքի կոչել Միջին Արեւելքի մարզական յանձնախումբ մը, որ պիտի բաղկանայ շրջաններու կողմէ նշանակուած մէկական ներկայացուցիչներէ։ Յանձնախումբին նպատակը պիտի ըլլայ իրագործել Միջին Արեւելքի շրջանային մարզախաղերը։

- Տարեկան կազմակերպել համա-եւրոպական մարզախաղեր, մասնաճիւղերու հիւրընկալութեան հերթականութեամբ, ըստ շրջաններու կարելիութեան։

- Համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական մարզախաղերու օրերու տեւողութիւնը վերատեսութեան ենթարկուի։ Նաեւ, խումբի մը կատարելիք խաղերուն միջեւ ազատ ժամանակը երկարաձգուի՝ առիթ տալու մարզիկներուն, որպէսզի հանգստանան։

Մարզիկներու առողջութիւնը ի մտի ունենալով, մրցումները կատարել աւելի յարմարաւէտ ժամերու, նկատի առնելով տաք եղանակը եւ մարզադաշտերու աննպաստ վիճակը։

- Հետապնդել, որ մարզախաղերու ընթացքին Հ․Մ․Ը․Մ․ի անուան, խորհրդանշանի եւ նշանաբանի սխալ օգտագործում չկատարուի։

- Համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական մարզախաղերու մասնակցութեան արձանագրութեան ժամանակ, իւրաքանչիւր շրջան-մասնաճիւղ, որ կը փափաքի հաւաքական մարզաձեւի մը մասնակցիլ պարտի կատարել կանխավճար մը, որ պիտի չվերադարձուի շրջանին-մասնաճիւղին՝ այն պարագային, երբ արձանագրութեան ժամկէտը անցնելէ ետք շրջանը-մասնաճիւղը չեղեալ նկատէ իր մասնակցութիւնը եւ խումբ չներկայացնէ խաղերուն։

- Ուսումնասիրել Երեւանի մէջ մարզահամալիր մը ունենալու կարելիութիւնը։ Համալիրը կը դրուի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ.Ա.Ս.Կ.ի տրամադրութեան տակ եւ կ’օգտագործուի համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական մարզախաղերուն համար։ Նաեւ ուսումնասիրուի կարելիութիւնը նման համալիր մը ստեղծելու Արցախի մէջ։

- Կեանքի կոչել մարզական քառամեայ յանձնախումբ մը, որ կազմակերպէ եւ հսկէ համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական մարզախաղերուն, տարածաշրջանային խաղերուն, մարզիկներու եւ մարզիչներու դաստիարակչական ծրագիրներուն։

- Մշակել Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկներու եւ մարզիչներու դաստիարակչական ծրագիր մը՝ համապատասխան անոնց տարիքին։

- Համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական մարզախաղերու կիսաւարտական եւ աւարտական խաղերը ուղղակի հեռարձակումով սփռել համացանցով (live stream) ։

- Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ.Ա.Ս.Կ.ի միջոցով ստեղծել մանկապատանեկան մարզական ճամբարներ, որոնք տեղի ունենան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ «Athletics Day Camp»-ի աշխատանքը պէտք է ըլլայ հետեւողական եւ շրջաններու աջակցութեամբ։

- Նախորդ տարիներուն պատրաստուած համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական մարզախաղերու ուղեցոյցը 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի մարզական յանձնախումբին կատարած բարեփոխումներով, փորձառական ձեւով, կիրակուի յաջորդ մարզախաղերուն:

 

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ

- Մինչեւ մէկ տարի մշակել երիտասարդական բաժանմունքի ուղեցոյցը, որ պիտի ճշդէ բաժանմունքին առաքելութիւնը, նպատակը եւ գործունէութիւնը՝ ըստ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ռազմավարական ծրագիրին:

Ուղեցոյցի պատրաստութեան յանձնախումբին անպայման մաս կազմեն աշխարհագրական զանազան շրջաններ ներկայացնող երիտասարդ տարրեր:

- Քառամեայ դրութեամբ  կազմակերպել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդական համագումարներ, որոնց մասնակիցները ճշդուին ըստ որդեգրուելիք ուղեցոյցին:

- Ուղեցոյցի որդեգրումէն ետք, Կեդրոնական Վարչութեան թելադրանքով, Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւնները նախաձեռնեն շրջաններու մէջ երիտասարդական բաժանմունքներու ստեղծման:

 

«ՄԱՐԶԻԿ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ

- Շարունակել «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի տպագիր հրատարակութիւնը՝ եռամսեայ դրութեամբ։ Միաժամանակ, ներկայացնել Marzig Online-ը, որ կայքէջի եւ ընկերային ցանցերու ճամբով առօրեայ դրութեամբ պիտի փոխանցէ միութեան լուրերն ու նկարները։

- Շրջաններ Marzig Online-ին իրենց թղթակցութիւնները կրնան ղրկել նաեւ տեղական լեզուներով։ Թղթակցութիւնները կը հրապարակուին կայքէջով եւ թարգմանաբար ու համադրաբար, հայերէնով, լոյս կը տեսնեն թերթին տպագիր հրատարակութեան մէջ։

- Marzig Online-ի եւ ընկերային ցանցերու նիւթերու գրաւիչ ձեւով ներկայացման համար աշխատանքի հրաւիրել մասնագէտ մը, որ արդիական ձեւաւորումով պատրաստէ նկարներ, տեսանիւթեր եւ animation-ներ։

- «Մարզիկ»ի մուտքերու ապահովման համար՝

ա) Շարունակել «Մարզիկ»ի տարեկան մէկ տոլար ցենզի դրութիւնը։

բ) Թերթին երկու բացառիկ թիւերուն՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խաղերուն եւ բանակումին նուիրուած ծախսերը ներառնել Կեդրոնական Վարչութեան յիշեալ ձեռնարկներու պիւտճէին մէջ։

գ) Marzig Online-ի մէջ որդեգրել ծանուցումներու դրութիւն։   

- «Մարզիկ»ի վարչութեան կողքին յառաջացնել թերթին բովանդակութեամբ զբաղող մարմին մը, որ օժանդակէ խմբագիրին։ Մարմինը շրջաններու մնայուն թղթակիցներուն ճամբով նիւթեր եւ նորութիւններ ապահովէ թերթին։

 

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

- Կազմել մարմին մը, որ երկու տարուան ընթացքին պատրաստէ online աշխատանքներու ուղեցոյց մը՝ նկատի առնելով համաշխարհային օրէնքները (GDPR, Privacy), ներառեալ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «branding»-ը (լոկոն, վահանը, շուշանածաղիկը եւ Հ.Մ.Ը.Մ. գրութեան գիրերու ձեւը)։

- Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ, Մեկուսի կամ Շրջանային Վարչութիւն ունենայ արհեստագիտական տեղեկատուութեան իր ներկայացուցիչը, որ կանոնագրային սահմանուած կարգով կապի մէջ ըլլայ Կեդրոնական Վարչութեան արհեստագիտական տեղեկատուութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչին հետ:

- Նկատի ունենալով արդի քարոզչութեան միջոցները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան լայն տարողութիւնը, միութեան տեղեկութիւնները կեդրոնացնելու նպատակով ստեղծել App մը, որ ընդգրկէ հետեւեալ բաժանումները.- ընդհանուր լուրեր, սկաուտական, մարզական, նիւթերու աղբիւրներ, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ եւ առցանց վաճառք

- Նկատի ունենալով որ նորաստեղծ եւ գոյութիւն ունեցող մասնաճիւղերը կարիքը ունին տեղեկութիւններու եւ գիտելիքներու, անհրաժեշտ է ամէնէն արագ միջոցին ստեղծել համացանցային համաժողով մը (forum), ուր կարելի ըլլայ տեղադրել բոլորին կողմէ օգտագործելի միութենական գիտելիքներ:

Առաջին հանգրուանին սկսիլ խմբապետներու յատուկ համացանցային համաժողովով:

- «Արարատեան» կարգ ստացող քոյր-եղբայրներուն անուանացանկը տեղադրել Հ.Մ.Ը.Մ.ի կայքէջին վրայ, «Արարատեան» կարգ գլխուն տակ:

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

- Կարեւորելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի եկամտաբեր հիմնադրամը, Կեդրոնական Վարչութիւնը շրջաններու եւ մասնաճիւղերու հետ գործակցաբար ճիգ չխնայէ հիմնադրամին մայր գումարը քառամեակի աւարտին հասցնելու մէկ միլիոն ամերիկեան տոլարի:

- Աշխատանք տանիլ Հ․Մ․Ը․Մ․ի հիմնադրամին համար կտակներ ապահովելու եւ ձեռնարկներ կազմակերպելու:

- Քաջալերել Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններն ու մասնաճիւղերը, որպէսզի իրենց անձեռնմխելի գումարները փոխանցեն հիմնադրամին եւ անոր մէջ ունենան իրենց անունով ենթահաշիւ:

- Ուսումնասիրել կարելիութիւնը բանակումներու թուականներէն դուրս,    Բիւրականի բանակավայրը հանգստեան գօտիի կամ այլ ծրագիրներու համար վարձու տալու:

- Ուսումնասիրել եւ նախաձեռնել միջազգային զանազան կառոյցներէ դրամաշնորհներ ձեռք բերելու աշխատանքին:

- Ձեռնարկել բոլոր շրջաններու մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անշարժ գոյքերու (շէնքեր, հողատարածքներ) ցանկագրումին:

 

ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՆԻՍՏԵՐԸ

Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5-ին տեղի ունեցաւ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին նախավերջին նիստը։ Նիստին սկիզբը ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ժողովին նոր միացած, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Թեհրանի Հայ Մշակութային Արարատ կազմակերպութեան ատենապետ Հարմիկ Զովելեան (խօսքերը տեսնել էջ 00 եւ 00)։ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ օր մը առաջ միացած էր ժողովի աշխատանքներուն, միութեան խօսքը փոխանցեց գրաւոր (տեսնել էջ 00)։

Խօսքերէն ետք, ժողովականները քննեցին միութեան մայր կանոնագրութեան մէջ կատարուելիք փոփոխութեան առաջարկները եւ ժողովականներու կողմէ որոշումի կարգ անցնելիք անհատական առաջարկները։ Ապա, վաւերացուեցաւ 2019-2023 քառամեակի գործունէութեան նախահաշիւը եւ հաստատուեցաւ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ հրապարակուելիք հաղորդագրութիւնը։

Դադարէն ետք, երեկոյեան ժամը 10-ին, ընթացք առաւ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին վերջին նիստը, որ նախ նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու թիւ ճշդեց 13-ը եւ անցաւ քուէարկութեան։

Յետ քուէարկութեան, 2019-2023 քառամեակի համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անգամ ընտրուեցան քոյր Թալին Օրտողլեան (Լիբանան), եղբայրներ Վաչէ Նաճարեան, Վիգէն Աւագեան (Լիբանան), Մանուկ Քէօշկերեան (Սուրիա), Օշին Փիրումեան, Դաւիթ Յակոբեան (Հայաստան), Հրաչ Սիսեռեան (Ֆրանսա), Ֆէտի Թաժրա (Շուէտ), Արմատ Քիլիճեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ), Վահէ Թանաշեան (Արեւելեան Մ. Նահանգներ), Մոսիկ Թոփուզեան (Գանատա), Արմանտօ Թորգոմեան (Հարաւային Ամերիկա) եւ Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիա)։

Հասաւ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի փակման պահը։ Սրտառուչ մթնոլորտի մէջ, սրտի խօսքեր արտասանեցին ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան կարգ մը անդամներ, վաստակաշատ քոյրեր-եղբայրներ եւ առաջին անգամ ըլլալով պատասխանատու նման ժողովի մը մասնակից երիտասարդներ։

Հուսկ, ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց կէս գիշերուան ժամը 1-ին, «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով (դիտել հետեւեալ կապով https://www.facebook.com/MyHomenetmen/videos/468530927101841/), պատուաբեր անցեալ մը ետին ձգած ըլլալու եւ դէպի յաղթական ապագայ ընթանալու Հ.Մ.Ը.Մ.ական յանձնառութեամբ եւ ազգային պատասխանատուութեամբ։

Տարածենք