ՆԵՐՍԷՍ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ

ՆԵՐՍԷՍ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ

ՆԵՐՍԷՍ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ

Յաջողութեան բոլոր հեռանկարներով օժտուած Հ.Մ.Ը.Մ .ական մըն էր եղբ. Ներսէս Խիւտավերտեան, որ 31 Յունուար 1986-ին, Վարդգէս Տէր Կարապետեանի եւ Լեւոն Պէրպէրեանի հետ, Պէյրութի մէջ զոհ կ’երթայ հայութեան թշնամիներու անարգ ոճիրին։

Եղբ. Ներսէս ծնած է 1956-ին, Պէյրութ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ին կ’անդամակցի իբրեւ գայլիկ եւ սկաուտ։ Շրջան մը ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի պասքեթպոլի տղոց խումբին։ Իր սերնդակիցները զինք լաւ կը յիշեն ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն, երբ իր ներկայութիւնը բաւարար կ’ըլլար Ճեմարանի խումբին յաղթանակը ապահովելու համար։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազգային-գաղափարական քուրային մէջ մեծցած ըլլալով, եղբ. Ներսէս զոհաբերութեան եւ նուիրումի օրինակ էր իր շրջապատին մէջ։ Ան Պատանեկան Միութեան վարիչ էր եւ կոմիտէի անդամ։

Տարածենք