ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԻՆԴԼԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԻՆԴԼԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԻՆԴԼԵԱՆ

Պոլսոյ Նոր Դպրոցի հիմնադիր-տնօրէններէն, ծանօթ մանկավարժ Յովհաննէս Հինդլեան Հայոց մէջ մարմնակրթական ու մասնաւորապէս սկաուտական շարժումի գաղափարախօսներէն եղած է։ Ան ծնած է 1866-ին, Սկիւտար։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանը։ Ապա կ'անցնի ժամանակի նշանաւոր մանկավարժ Ռեթէոս Պէրպէրեանի վարժարանը, զոր կ'աւարտէ յաջողութեամբ։ Կը դասաւանդէ շարք մը վարժարաններու մէջ։ Ըլլալով հմուտ դաստիարակ մը, ան մարմնակրթանքը կ'ըմբռնէ իբրեւ ազդակ մը հայ երիտասարդութեան բարոյական դաստիարակութեան։ Ինքն է, որ Շաւարշ Քրիսեանի «Մարմնամարզ»ին մէջ սկաուտութեան էութիւնը կը պարզէ եւ Ա. Աշխարհամարտէն ետք անոր գաղափարախօսը կ'ըլլայ։

Հինդլեանի գրութիւնները, պրակներու վերածուած, գաւառի մէջ մղիչ ազդակները կ'ըլլան սկաուտական շարժումներու։ 1913-ին, իր վարժարանին մէջ, ան կը կազմէ հայ առաջին սկաուտական խումբերէն մէկը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութենէն ետք, ան կը հանդիսանայ միութեան գլխաւոր զօրավիգներէն։ Մանկավարժ անվիճելի կարողութիւնը, հանրային դիրքը եւ բարոյական զօրաւոր անհատականութիւնը՝ միացած մարմնակրթական շարժումին ցոյց տուած իր անվերապահ աջակցութեան, ոչ միայն օգտակար կ'ըլլան նախապատերազմեան մարմնակրթական կեանքին, եւ պատերազմէն ետք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, այլեւ կը նպաստեն անոնց վայելած հանրային համակրանքին տարածման։

Հինդլեան կը մահանայ 16 Փետրուար 1950-ին։ Ան հեղինակ է բազմաթիւ դասագիրքերու, գրքոյկներու եւ մամուլին մէջ ցրուած մանկավարժական յօդուածներու։

Տարածենք