ԱՐԱՄ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ

ԱՐԱՄ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ

ԱՐԱՄ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ

Յովհաննէս Հինդլեանէն ետք, Նիկողոսեան հայ կրթական մշակներէն երկրորդն է, որ խորապէս գնահատած է մարզական շարժումը եւ իր լայն աջակցութիւնը ընծայած է անոր։

Ուսուցիչ, տնօրէն եւ Արամեան վարժարանի հիմնադիր (Սկիւտար) Արամ Նիկողոսեան թափ տուած է դպրոցներու մէջ մարմնամարզի դասերուն։ Իբրեւ Կեդրոնական Ուսումնական Խորհուրդի անդամ, ան մեծ ջանքով ու համոզումով ջանացած է մարզանքի դասերը պաշտօնապէս ներառնել ազգային վարժարաններու դասացուցակներուն մէջ։

Զինադադարին, իբրեւ Շիշլիի Գարակէօզեան որբանոցի տնօրէն, Նիկողոսեան լայնօրէն թոյլատրած է սկաուտական խումբերու կազմութիւնը։ Եղած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ Մարզական հարցերու մասին գրած է բազմաթիւ յօդուածներ։ Մեռած է 1937-ին, Պոլիս։

Տարածենք