ԾԵՐԱՆԱԼ ՄԵՐԺՈՂ ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԸ

 

Մօտաւորապէս երկու տարի առաջ էր, 2020-ի սկիզբներուն: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը որոշած էր յատուկ հանդիսութիւն մը կազմակերպել ի պատիւ Սամուէլ Մկրտիչեանին` անգամ մը եւս յարգանք մատուցելու վաստակաշատ նուիրեալին, գործնապէս ցոյց տալու, որ Սամուէլները չեն կրնար լուսանցքի վրայ ձգուիլ, քանի որ օր մը հրապարակային յարգանքի արժանացած են արդէն: Առաջարկ ստացայ սրտի խօսքով մը բաժին բերելու յայտագիրին, բնականաբար ընդունեցի հաճոյքով, ո՛չ միայն անոր համար, որ վեթերան վաստակաւոր մը արժանին պիտի վայելէր, այլ նաեւ` որովհետեւ մեծարեալին հետ ունեցած եմ ծանօթութիւն, գործակցութիւն, կատակներ փոխանակած ենք եւ մեր (երկուքիս) յիշողութեան մէջ միասնաբար արձանագրած ենք չմոռցուելիք դրուագներ:

Անմիջապէս դիմեցի յիշողութեանս տոպրակին եւ… ինքզինքս գտայ անկարելի առաքելութեան մը առջեւ: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի էր քանի մը վայրկեանի մէջ սրտի խօսք ըսել մարդու մը մասին, որուն կապուած յիշատակներս կրնան բազմաթիւ էջեր լեցնել: Ստիպուած էի «տոպրակիս» մէջ եղածներէն ընտրանի մը, փոքր փունջ մը կազմել` հաւատալով, որ այլ արտայայտուողներ մասնակից պիտի ըլլային դիմաստուերին ամբողջացման:

Սամուէլ Մկրտիչեան քանի մը առիթներով եւ կեանքին տարբեր հագրուաններուն պատիւի արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողմէ, հետեւաբար միութենականի անոր կեանքն ու վաստակը ընդհանրապէս լուսարձակի տակ բերելու առիթներ եղած են: Նախընտրելի էր, որ խօսքիս «մարմին»ը կազմուէր անձնական փորձառութիւններէս` իրեն հետ ունեցած ծանօթութեանս եւ որոշ ժամանակի մը մէջ գործակցութեանս էջերէն: Այդպէս ալ ըրի` թուղթին յանձնելով շարք մը դրուագներ: Յետոյ… վրայ հասաւ Քորոնայի համաճարակը, նախատեսուած ձեռնարկը անորոշ ժամանակով յետաձգուեցաւ` ուսերուս պահելով խղճի պարտք մը: Եւ ահա, իր վերջին հրաժեշտը տխուր առիթ մը կ’ընծայէ մասամբ հատուցելու այդ պարտքէն բաժին մը (մեծ մասամբ դուրս ձգելով զուարճալիքներու բաժինը, որ հազուադէպ չէր յամենայնդէպս): Այլ խօսքով, քանի մը անձնական յուշի ընդմէջէն պիտի փորձեմ ներկայացնել քանի մը հիմնական գիծ:

Սամուէլ Մկրտիչեանի հետ ծանօթացումիս կամուրջը եղած է հայրս. իրարու ծանօթ եղած են Հալէպէն, ապա զիրար վերագտած` Պէյրութի մէջ, Սամուէլին ոսկերչատունը, որ կը գտնուէր Պուրճ Համուտի «Մատոնա» փողոցին աւելի հարաւ ինկող հատուածին, նախկին երկաթուղագիծէն ոչ շատ հեռու: Խանութը 1970-ականներու երկրորդ կէսերուն եւ աւելի ուշ մեր ժամադրավայրն էր. հայրս հոն զիս կը սպասէր, որպէսզի Պուրճ Համուտէն միասին տուն կը դառնայինք Շաբաթ կէսօրները: Շուտով զիս ալ վարակեցին իրենց փոխանակած կատակներով. հրաժեշտի պահուն սասունցի Սամուէլը իբր թէ ջղայնացած պիտի ձեւանար այնթապցի հօրս մէկ ակնարկութենէն ծնած կատակին պատճառով եւ յայտարարէր. «Մի՛ ձգեր, որ քըֆրեմ…», սակայն այդ «քըֆըր»ը երբեք բառի վերածուած չեմ լսած իրմէ, նաե՛ւ այն օրերուն, երբ հանդիպէինք Լոս Անճելըսի մէջ եւ իմ կարգիս ձեւով մը շարունակէի կատակներու փոխանակումը:

1970-ականներուն ստեղծուած նախնական մեր ծանօթութիւնը բարեկամութեան եւ գործակցութեան վերածուեցաւ 1980-ականներու սկիզբներուն: Հ.Մ.Ը.Մ-ական Սամուէլ Մկրտիչեանը չէր կրնար առանց Հ.Մ.ԸՄ.ական գործի ապրիլ, շնչել: Իրեն համար գործը մեծ ու պզտիկ ածականներով չէր յատկանշուեր, այլ ան պատրաստ էր թեւերը վեր սոթտելու հոն,  ուր գործ կար ընելիք: Մաս կազմեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղեկատուական-խմբագրական մէկ յանձնախումբին, որուն պարտականութիւնն էր մասնաւորաբար տեղեկագրել ԼԵՎԱՄ-ի եւ նման մրցումներ ու թղթակցութիւն հասցնել թերթին (մաս կը կազմէի «Ազդակ»ի խմբագրութեան եւ գործիս բերումով այդ յանձնախումբին հետ պէտք էր կապը պահէի): Նշուած յանձնախումբին դերը կարեւոր էր մասնաւորաբար այն առումով, որ այլ մարզախաղեր` ֆութպոլ, պասքեթպոլ, հեծելարշաւ, մինչեւ իսկ փինկ-փոնկ` շատ աւելի լայն ճանաչում ունէին եւ արձագանգ կը գտնէին մամուլի էջերուն, մինչդեռ նոր մարզիկներու դարբնոցը` միջ-դպրոցական մրցումները կը մնային այդ «մեծերուն» լուսանցքին:

Այդ յանձնախումբին Սամուէլին աշխատակցութիւնը կրկնակիօրէն զարմանալի էր. նախ, միւս անդամներուն մեծ մասը հազիւ իր կէս տարիքը ունէր, իսկ վաստա՞կը… Եւ ան դարձաւ յանձնախումբին ամէնէն գործունեայ անդամը: Պէյրութի արեւելեան բարձունքներն էին ԼԵՎԱՄ-ի շարք մը մրցումներուն բացօթեայ հիւրասրահը, յաճախ նաեւ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը: Սամուէլ Մկրտիչեան հազուադէպօրէն կը բացակայէր այդ մրցումներէն, ու եթէ արդիւնքներուն տեղեկագրումը որոշ ատեն ետք վստահեցաւ աւելի՛ երիտասարդ անդամներուն, ինք բաց չթողուց գործին օձիքը: Հազիւ պատանութեան սեմը թեւակոխած մարզիկներուն միջեւ ազնիւ մրցակցութիւնը, անոնց գունագեղ տարազները եւ, մէկ խօսքով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սերնդակերտ մթնոլորտը (ինչպէս իր կեանքի բոլոր օրերուն) եղան ու մնացին իր ներշնչման աղբիւրները, զինք պատանիի պէս ոգեւորողը (իր հոգիին մէջ պատանին ու երիտասարդը ամրօրէն տեղաւորուած մնացին մինչեւ վերջ): Նոյնքան ոգեւորող էին մարզահանդէսները, միջ-մասնաճիւղային եւ «Նաւասարդեան» խաղերը, սկաուտներու եւ մարզիկներու տողանցքները: Անոնց հանդիսատես Սամուէլը իր տարերքին մէջ կ’ըլլար, եւ ահա այդ մթնոլորտին զեղումները հիւսուեցան իբրեւ ոգեկոչական յօդուածներ, որոնք եկան նոր էջեր աւելցնելու նո՛յն էութենէն բխած իր նախընթաց գրութիւններուն վրայ, որոնք ծնունդ առած էին այդ օրերէն մօտաւորապէս 40 տարի առաջ, Հալէպի մէջ, որուն «Արեւելք» օրաթերթը հիւրընկալած էր իր ոգեղէն ու վարակիչ սիւնակները:

Որքան կը յիշեմ, այդ յանձնախումբին կեանքը տեւեց մօտաւորապէս երկու տարի (պատերազմ էր, մարզական մարցումներն ալ մնացած էին պատերազմիկներու «խղճին» մէկ խաղալիքը): Լաւ կը յիշեմ, որ անդամները քանիցս փոխուեցան, սակայն եղբայր Սամուէլը մնաց պատնէշի վրայ: Այդ օրերուն էր, որ ծանօթացայ իր մարգարտաշար ձեռագիրին, բիւրեղանման հայերէնին եւ զգացի, թէ մարդիկ ի՛նչ ըսել ուզած են «վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական» ըսելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ական, որ յոգնիլ չի գիտեր, կ’արհամարհէ տարիներուն բնական հարկադրանքները եւ ինքզինք ցկեանս կը պահէ երիտասարդ: (Անշուշտ վաստակը կերտուեցաւ նաեւ այդ տարիներէն ետք ալ, երբ հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս, իսկ իր բարձրացուցած դրօշը յանձն առին ուրիշներ): Փաստօրէն Հ.Մ.Ը.Մ.ը իրեն համար կեանք էր, ապրում, անցեալին հետ հաղորդ մնալու, վաստակաւորներու հետ իր ծանօթութիւններն ու անոնց աւանդը նորերուն փոխանցելու անծայրածիր դաշտ: Իբրեւ մարզիկ, ապա վարչական եւ յանձնախմբային աշխատանքներու մասնակից` ան Հ.Մ.Ը.Մ.ը հագած էր իր մորթին վրայ, ամրացուցած` հոգիին եւ էութեան մէջ: Այդպէս ալ մնաց ցկեանս, մինչդեռ աշխարհը փոխուեցաւ, որոշ ակումբի մը շապիկով հռչակ շահած նշանաւոր մարզիկներ, ներառեալ` հայ մարզիկներ, սկսան ճնճղուկներու պէս ոստոստել ճիւղէ ճիւղ, տարին, երկու տարին անգամ մը ակումբ փոխեցին, հայկական խումբեր «պատուաստուեցան» օտար մարզիկներով, այնքան մը, որ մարդս սկսաւ մտածել անոնց հայկականութեան մասին (նոր աշխարհի պարտադրանքները համակած են բոլոր ցամաքամասերու մարզական խումբերը…): Սամուէլ Մկրտիչեան մը եւ նմաններ իրենց միտքէն իսկ չէին կրնար անցընել նման «փորձութիւն»: Իրենց համար Հ.Մ.Ը.Մ.ը փոխնորդ շապիկ չէր, ո՛չ ալ` հայութիւնն ու հայկականութիւնը:

Ընդհանրապէս լուսարձակներէ հեռու իր կատարած միութենականի աշխատանքներուն զուգահեռ, Ս. Մկրտիչեան առատօրէն գործածեց գրիչը` պարբերաբար սիւնակներ հասցնելով մեր օրաթերթերուն եւ պարբերականներուն: Մկրտիչ Արմէն ունի հատոր մը, որուն վերնագիրն է` «Պատուիրեցին յանձնել ձեզ»: Սիպերիա աքսորէն անոր վերադարձէն ետք ստեղծուած գործ մըն է, բոլորովին տարբեր` Սամուէլ Մկրտիչեանի արծարծած նիւթերէն, սակայն այդ խորագիրը լռելեայն կ’արտացոլայ Սամուէլ Մկրտիչեանի գրաւոր ժառանգութեան մէջ. ինք ալ, առանց այդ բառերը գործածելու, նոր սերունդներուն կը փորձէ յանձնել այն, ինչ որ ստացած է իր սեփական ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընտանիքներէն` յուսալով, որ նորերը պահպանեն այդ արժէքները, տէր կանգնին մեր հայկական ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական աւանդներուն, զանոնք ապրեցնեն ու վերապրեցնեն իրենց կեանքերուն մէջ, իբրեւ կամուրջ` կորուսեալ ու վերականգնած հայրենիքներուն հետ:

Սամուէլ Մկրտիչեան 1980-ականներու վերջերուն հեռացաւ Պէյրութէն եւ «ձայնը ելաւ» Լոս Անճելըսէն: Տարիներ ետք կեանքի ալիքները զիս ալ նետեցին Լոս Անճելըս: Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Նաւասարդեան» խաղերու փակման մէկ հանդիսութեան էր, որ դէմ դիմաց եկայ Սամուէլ Մկրտիչեանին: Զիրար ողջունեցինք այն հարազատութեամբ, որ ստեղծուած էր Պուրճ Համուտի մէջ ու «Ազդակ»ի հովանիին տակ. մեր կամուրջը եղած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ը, հիմա նոյն միութեան մէկ ձեռնարկն էր, որ մեզի առիթ կու տար զիրար վերագտնելու: Իմացուց, որ նոր բնակավայրին մէջ ալ նոյն խանդով հաւատարիմ է «հին սէրեր»ուն, ո՛չ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ին, այլ նաեւ` մամուլին ու ընդհանրապէս գիրին: Պէյրութի մէջ իր լոյս ընծայած առաջին հատորին յաջորդեցին ուրիշներ, քանի մը առիթով սեղանի վրայ դրաւ թղթապանակներով լեցուն անտիպ էջեր, սիւնակներ, նամակներ, որոնք եթէ լոյս տեսած ըլլային, պարզապէս յաւելեալ վկայութիւնները պիտի ըլլային իր վաստակին, վայելած յարգանքին եւ չմարող խանդավառութեան:

Ինչպէս Պէյրութեան օրերուն, նոյնպէս ալ Լոս Անճելըսի մէջ երբեմն կը չարանայի եւ (գոհունակութեան արտայայտութեամբ մը) իրեն կը յիշեցնէի իր տարիներուն թաւալքը: Երբեք չէր ընդուներ, որ թեւակոխած է ծերութեան սեմը, անցած է անկէ ալ անդին. ժպտախառն իր իբրեւ թէ զայրոյթ արտայայտող պատասխանը պիտի ըլլար. «Ես ծեր չեմ: Չեմ ընդունիր ծերութիւնը: Սասունցիի կերտուածքիս մէջ միշտ կը պահեմ Երիտասարդս»: Իրաւունք ունէր: Արհամարհելով տարիքի «արգելակները», մանր քայլերով նուաճումներ կատարեց համակարգիչի աշխարհին մէջ` առանց մոռացութեան տալու գեղեցիկ ձեռագիրը: Երիտասարդի մը յատուկ կորովով յաղթահարեց առողջական այլազան դժուարութիւններ եւ վերականգնեցաւ նախկինին պէս, այնպէս` ինչպէս յաղթահարած էր Հալէպէն հեռացման (1960-ականներու սկիզբները) պայմաններէն եկած` ցաւցնող հարուածները: Գործնապէս մարմնաւորեց այն խօսքը, թէ մարդս ծեր է այնքան, որքան ծեր կը զգայ, հետեւաբար ծերութիւնը տարիքի հետ կապ չունի, կարելի է ծերեր գտնել… երիտասարդներու շարքին:

Իսկ հիմա, երբ արդէն ընդմիշտ հեռացած է բոլորէն, բոլորէս, զինք պիտի յիշենք իբրեւ ընդմիշտ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, նուիրեալ հայ, տիպար, աւանդապահ ու պատկառելի ժառանգութիւն թողած Մարդ:

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Տարածենք