Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԳՐԻՉԻ ՈՒ ՄԻՏՔԻ ՄԵԾ ԵՐԱԽՏԱՒՈՐ՝ ԵՂԲ. ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

 

«Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդու ապրումներով» ամբողջ դար մը բոլորելէ ետք, 25 Նոյեմբեր 2021-ին, իր պաշտելի միութեան եւ ժողովուրդին հրաժեշտ տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիցագոյն սերունդի վերջին ներկայացուցիչներէն եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեան, որուն անունը սերտօրէն կապուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. խօսքին ու գիրին, գրիչին ու միտքին։ Ան, որ աւելի քան կէս դար Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ իր նուիրեալները ապրեցուց յուշագրութիւններով եւ տպաւորապաշտ գրութիւններով։ 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանակիր եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեան ծնած էր 1922-ին, սասունցի ծնողքէ, Մուֆարղինի` պատմական Տիգրանակերտի մէջ։ Վեց տարեկանին ծնողքին հետ ան անցած է Հալէպ, Սուրիա։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ֆրանսիսքան միաբանութեան Թեր Սէնթ դպրոցը, որմէ ետք ինքնաշխատութեամբ յաջողած է կեանքի ասպարէզ մուտք գործել եւ ոսկերչութեան արհեստը կիրարկել։

Եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեանի Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործունէութիւնը կ’ընդգրկէ Սուրիան, Լիբանանը եւ Արեւմտեան Մ. Նահանգները։ Հ.Մ.Ը.Մ. մուտքը կը կատարուի 1933-ին, սկաուտութեան ճամբով։ 1937-ին ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի «Եռագոյն» ֆութպոլի երկրորդական խումբին։ Կարճ ժամանակ մը կը խաղայ նաեւ «Արծիւ» խումբէն, ապա մաս կը կազմէ «Նաւասարդ» խումբին, որուն հետ կը շահի Հալէպի երկրորդական խումբերու ախոյեանութիւնը։

1944-ին եղբ. Սամուէլ կը հրաւիրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբ եւ 1945-1946 տարիներուն քանի մը մրցում կը կատարէ խումբին հետ։ Այնուհետեւ, ան երկար տարիներ կը կատարէ իրաւարարութիւն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի երկրորդական խումբերու եւ միջ-մասնաճիւղային մրցումներու ընթացքին։

1960-ականներու սկիզբը, եղբ. Սամուէլ կը հաստատուի Պուրճ Համուտ, Լիբանան եւ 1967-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի պատասխանատուի հանգամանքով, ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի Լիբանանի ներկայացուցչական խումբի առաջին թեքնիք յանձնախումբին, ուր կը գործէ մինչեւ 1984։ Շրջան մը ան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչական եւ փոխ ատենապետ։

Ֆութպոլիստի, իրաւարարի եւ վարչական պատասխանատուի իր կարողութիւններուն կողքին, եղբ. Սամուէլ կանուխէն կը ցուցաբերէ գրական շնորհներ։ Իբրեւ մարզական թղթակից ան կ’աշխատակցի «Արեւելք Մարզաշխարհ»ին։ Իր առաջին թղթակցութիւնները կը կրեն 1946 թուականը։ Տարիներու ընթացքին ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին 200 յօդուած կը գրէ Հալէպի «Արեւելք», «Արեւելք Մարզաշխարհ», Պէյրութի «Ազդակ», Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթ «Մարզիկ», Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» եւ «Նոր կեանք» թերթերու էջերուն։ 1982-1983 ան կը վարէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանային մամլոյ յանձնախումբին ատենապետութիւնը։

Եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեան 1986-1996 կը նուիրուի գեղարուեստական գրականութեան՝ գրելով պատմուածքներ եւ յուշեր։ 1988-ին ան լոյս կ’ընծայէ «Հողին կանչը» խորագրեալ պատմուածքներու իր Ա. հատորը, 1996-ին՝ «Օտար ճամբաներու վրայ» պատմուածքներու Բ. հատորը, 2002-ին՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդու ապրումներ» յուշագրական հատորը, իսկ 2013-ին՝«Երգեր ու վէրքեր» յուշագրական Բ. հատորը։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով, եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեան 1988-ին կը հաստատուի Մ. Նահանգներ եւ կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մայր մասնաճիւղին։ Միաժամանակ, ան կը շարունակէ գրական իր գործունէութիւնը եւ կ’անդամակցի Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ կը վարէ Լոս Անճելըսի անոր նորաստեղծ մասնաճիւղին ատենապետութիւնը։

1994-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը գնահատելով եղբօր միութենական երկարամեայ գործունէութիւնը՝ զայն կը պարգեւատրէ «Ծառայութեան» շքանշանով։ Չորս տարի ետք, միութեան 80-ամեակին, ան կ’արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին։

Եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեան մինչեւ խոր ծերութիւն հաւատարիմ կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային-գաղափարական արժէքներուն եւ գրեթէ մինչեւ վերջ կը մասնակցի միութենական կեանքին։

Տարածենք