ՄԵԾԱՀՈԳԻ, ԱԶՆԻՒ ՈՒ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԵՂԲԱՅՐ ԱՐՄԱՆՏՕՆ

 

 

Ամբողջ Արժանթինը քառասուն օրէ սուգի մէջ է։

Եւ ինչո՞ւ… չե՛մ ուզեր հարցնել։

Չեմ ուզեր իսկ գիտնալ, թէ ի՞նչ պատճաով գնաց մեր Արմանտօն։

Այդ ի՞նչն էր, որ այդքան կանուխ առաւ-տարաւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ մեր Արմանտօն:

Չեմ ուզեր, որովհետեւ գիտեմ, թէ այդ մէկը ինծի բան պիտի չըսէ:

Չեմ ուզեր, որովհետեւ գիտեմ, թէ այդ մէկը ցաւս ոչինչով պիտի մեղմացնէ:

Չեմ ուզեր, որովհետեւ ի՛նչ ալ ըսէք Արմանտոյի մը կորուստին մասին, ինծի ոչինչ կրնաք ըսել:

Դեռ ե՞րբ էր: Արդեօք Գառնիկի մեկնումի՞ն էր, թէ Պատրիկի՞, թէ Մաստըրի՞։

Ըսի ու բարձրաձա՛յն ըսի, բացագանչեցի. վերը մէկը հաշիւները կորսնցուցած է:

Վերը մէկը տոմարները ամբողջ խառնած է:

Անաստուած մը «ամենաբարին» կոչուած Աստուծոյ հրահանգներուն հետ խիստ անտարբեր վերաբերած է:

Այլապէս, ի՞նչպէս բացատրեմ եղբօրս Արմանտոյին մեկնումը:

Ի՞նչպէս բացատրեմ այդ միշտ ժպտերե՛ս, միշտ մեծահոգի, միշտ ազնիւ, ազնուական ՏԻՊԱՐ ՄԱՐԴ ՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Արմանտոյին այսքան կանուխ մեկնումը:

Ի՞նչպէս բացատրեմ մեկնումը մարդու մը, որուն եթէ անգամ մը հանդիպիս, կեանք մը ամբողջ չես կրնար չյիշել:

Բայց արդեօք Արմանտօն կը մեռնի՞ եղեր…

Իր ԼԱՅՆ ԺՊԻՏՈՎ, անմիջական շրջապատին կեանք, կորով ու պայքարի ոգի՛ ներշնչող Արմանտօն կեանքէն կը հրաժարի՞ եղեր:

Շատերու համար, որոնք մօտէն չեն ճանչցած Արմանտօն, հաւանաբար պարզապէս պահ մը սգան մարդուն կորուստը եւ անցնին:

Շատերու համար, որոնց գիտակցութեան մէջ Արմանտօն պարզապէս հաւատաւոր միութենական եղբայր մըն էր, հաւանաբար իր անմահ հոգիին խաչակնքեն, ծնրադրեն ու անցնին:

Այնուհետեւ անոնց համար, որոնք Արմանտոյին հետ ժողովի սեղան նստած են:

Անոնց համար, որոնք Արմանտոյին հետ սփիւռքահայ երիտասարդութեան թէ արժանթինահայ իրականութեան ցաւոտ հարցերը քննարկած են:

Անոնց համար, որոնք Արմանտոյին հետ կտոր մը հաց կտրած են:

Այս բաժանումին հետ դիւրութեամբ չեն կրնար հաշտուիլ:

Երբե՛ք ալ չեն կրնար հաշտուիլ:

Արմանտօ, հողը թեթեւ գայ վրադ:

Մենք քեզի ու քու նմաններդ պիտի չմոռնա՛նք:

Աստուած քու աննման հոգիդ լուսաւորէ։

Պայքարի եղբայրս, Արմանտօ՛, սիրելիս,

54-ին մեռնիլը մեզի արտօնուած չէ հոգիս:

 

ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Տարածենք