ՅԵՏ-ՄԱՀՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԱՐԺԱՆԵԱՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ՝ ԵՂԲ. ԱՐՄԱՆՏՕ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆԻ

 

Երեքշաբթի, 24 Օգոստոսի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը հրաժեշտի յուզիչ արարողութեամբ մը, Պուէնոս Այրէսի մէջ վերջին հրաժեշտ տուաւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանի, որ ուղեղային կաթուածի հետեւանքով ութը օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք՝ կեանքէն հեռացաւ 54 տարեկանին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատելով եղբ. Թորգոմեանի երկար տարիներու վաստակն ու աշխատանքը միութեան մէջ, նաեւ նկատի ունենալով նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումը, յետ-մահու եղբայրը պարգեւատրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։

Յայտնենք, որ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանի մահուան համար Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շարունակէ ցաւակցագիրներ ստանալ միութեան համահայկական կառոյցի զանազան շրջաններէն,  հարազատներէ եւ բարեկամներէ։ Ցաւակցագիրները կը յղուին Կեդրոնական Վարչութեան ե-նամակի հասցէով՝ office@homenetmen.org եւ կամ հետեւեալ կապով՝  www.homenetmen.org/hy/condolence-book

Տարածենք