ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

 

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի վարչութեան, Շաբաթ, 5 Յունիս 2021-ին, Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 103-րդ տարեդարձին նուիրուած ֆութպոլի աւանդական մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան 50 մարզիկներ՝ Երուսաղէմէն, Հայֆայէն եւ Եաֆայէն։

Խաղերը ընթացան խառն խումբերու դրութեամբ։ Կրտսերները ունեցան մէկ, իսկ երէցները՝ երեք խաղեր։ Կրտսերներու նարնջագոյն, իսկ երէցներու կապոյտ խումբերը դարձան օրուան ախոյեաններ։ Մրցաշարքին բաժակը փոխանցեց մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամ եւ տարիներու մարզական պատասխանատու եղբ. Տիգրան Նալպանտեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ ՀՕՄ-ի վարչութիւններու կողքին, ախոյեաններու պարգեւատրման ներկայ գտնուեցաւ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Նարեկ Ղազարեան։

Տարածենք