ԵՂԲԱՅՐ ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 19 Փետրուար 2021-ին, Սիտնիի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութան նախկին ատենապետ եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանի մահուան քառասունքի հոգեհանգիստ եւ յիշատակի ձեռնարկ։

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, Սիտնիի Հայ Մշակութային Կեդրոնի սրահին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Աւետիս Քհնյ. Համբարձումեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ Տիրան Վահրատեան եւ Սարգիս Տէր Պետրոսեան, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, ուղեկից միութիւններ պատասխանատու անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր եւ եղբայրներ։

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Խմբապետուհի քոյր Սեւան Պազարճեան։ Ան ըսաւ, որ բոլորը կը յարգէին ու կը սիրէին եղբայր Գառնիկը, որ համեստութեան, խոնարհութեան, պարկեշտութեան, ընկերասիրութեան եւ ծառայասիրութեան օրինակն էր։ Եղբօր մահը մեծ կորուստ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին համար։ Եղբայր Գառնիկի անունն ու յիշատակը անմոռանալի պիտի մնան մեր միութեան անդամներուն եւ յաջորդող սերունդներու յիշողութեան մէջ։

Ապա, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ քոյր Մարիա Ալայեան ընթերցեց եղբայր Գառնիկի կենսագրականը, որմէ ետք տեսերիզով ներկայացուեցաւ եղբօր ազգային-միութենական գործն ու վաստակը։

Խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայր Տիրան Վահրատեան եւ եղբօր մասին իր վկայութիւնը փոխանցելով հաստատեց, որ եղբայր Գառնիկ ժողովական կեանքի իտէալ մարդն էր, միշտ մթնոլորտը հանդարտեցնող իր իւրայատուկ բնաւորութեամբ եւ դիւանագէտ ատենապետի բացառիկ կարողութեամբ։ Ան սկզբունքային էր եւ ունէր անկարելի թուացող ծրագիրներ իրականացնելու շնորհ։ Եղբօր տիպար օրինակը իբրեւ ուղեցոյց պիտի ծառայէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջորդող սերունդներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբայր Վիգէն Քորթեան երկրէն դուրս գտնուելով յղած էր գրաւոր խօսք մը, ուր կ’ըսէր, թէ ինք բախտաւորութիւն ունեցած է գործակցելու եղբայր Գառնիկին հետ։ Շուրջ քսան տարի եղբօր հետ գործակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան աշխատանքներով։ Եղբայր Գառնիկ ունէր կազմակերպական փայլուն յատկութիւններ։ Ան կը փորձէր ժողովները եւ հանրային ձեռնարկները իրականացնել շատ փայլուն եւ հեզասահ կերպով։

Այս առիթով, եղբայր Գառնիկի մասին իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբայր Սարգիս Տէր Պետրոսեան եւ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբայր Պերճ Մոմճեան։ Անոնք յիշեցին եղբայր Գառնիկին միութենական բարեմասնութիւնները, նուիրեալ գործունէութիւնը եւ ամէն դժուարութիւն յաղթահարելու կամքն ու վճռականութիւնը։

Աւարտին, Աւետիս Քհնյ. Համբարձումեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ ձեռնարկը փակեց աղօթքով։

 

Տարածենք