«ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐ»ՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

 

Ուրբաթ, 19 Փետրուար 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղի արիներն ու արենոյշները տօնեցին «Հայ Սկաուտի Օր»ը, այս առիթով ակումբը զարդարելով սկաուտական ձեռային աշխատանքներով։

Տօնակատարութիւնը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ։

Յայտագիրը ընդգրկեց զաւեշտ մը եւ բուրգի ձեւեր, ապա սկաուտները կոչերով ու երգերով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։

Աւարտին տեղի ունեցաւ աստիճանատուչութիւն։ Չորս քոյրեր եւ եղբայրներ ստացան Փոխ Առաջնորդի աստիճան։ Աստիճանատուչութեան ներկայ եղաւ Սկաուտ. Խորհուրդէն երկու անդամ։

Տարածենք