Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՇԽՈՅԺ ԱՌՕՐԵԱՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղը զգալի աշխուժութիւն մը կ’ապրի վերջին շրջանին։ Ստորեւ ներկայացուած թղթակցութիւնները՝ մասնաճիւղին անդամական ընդհանուր ժողովին, սկաուտական բազմաբնոյթ աշխատանքներուն եւ տարեկան ձիւնագնացութեան մասին, ընդհանուր գաղափար մը կու տան կատարուած աշխատանքներուն մասին։

 

ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 29 Յունուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, «Կարպուշեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներու, մասնաճիւղի վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական անդամներու:

Ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։

Վարչութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը ընթերցեց քոյր Լորա Մանուկեան, իսկ նիւթական տեղեկագիրը` քոյր Մակի Մանճիկեան։

Ներկաները քննարկեցին մասնաճիւղին միամեայ գործունէութիւնը եւ ներկայացուցին նոր առաջարկներ։

Այս առիթով, Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Կարօ Գալայճեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ յաջողութիւն ու բարի երթ մաղթեց նորընտիր վարչութեան ։

Այնուհետեւ ժողովը ընտրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան եօթնանդամ նոր կազմ մը, որուն մաս կազմեցին հետեւեալները.- Եղբ. Սագօ Քէչէճեան, քոյր Լորա Մանուկեան, եղբ. Արշակ Տէյիրմէնճեան, եղբ. Գէորգ Տէօքմէքճեան, եղբ. Յովիկ Անդրանիկ Խոտանեան, քոյր Ալին Հապոյեան եւ եղբ. Յակոբ Արզումանեան։

 

ԽՄԲԱՊԵՏԻ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետութեան, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, Սկաուտ. Խորհուրդներուն եւ խմբապետական կազմերուն, Ուրբաթ, 22 Յունուար 2021-ին, Լաթաքիոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ խմբապետի աստիճանի տուչութիւն, ձեռամբ՝ Շրջանային խմբապետուհի քոյր Թամար Աւետեան-Գատէհճեանին։

Գործունէութեան բացումը կատարեց Լաթաքիոյ մասնաճիւղի պատասխանատու՝ խմբապետուհի քոյր Վարդուկ Կարապետեան։ Ապա, ան հրաւիրեց Սուրիոյ Շրջանային խմբապետուհին՝ կատարելու համար օրուան երդման արարողութիւնը։ Այսպէս, Լաթաքիոյ մասնաճիւղէն քոյր Անի Մանուկեան, Քեսապի մասնաճիւղէն եղբ. Արա Գազազեան, քոյր Դալար Լընդեան, քոյր Էլիզապէթ Չէլէպեան, քոյր Նանօր Պէօճէքեան եւ քոյր Մարի Շէխուկեան դրօշակին առջեւ երդուեցին, ապա ստացան խմբապետի կանաչ փողկապ։

Շրջանային խմբապետուհի քոյր Թամար խօսք առնելով շնորհաւորեց խմբապետի աստիճան ստացող քոյր-եղբայրները, ան անդրադարձաւ խմբապետի մը առաքելութեան եւ արժանիքներուն, ապա անոնց մաղթեց յարատեւ յաջողութիւն։

 

ԼԱԹԱՔԻՈՅ ԵՒ ՔԵՍԱՊԻ ՍԿԱՈՒՏ. ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Նոյն օրը, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ներկայացուցիչ քոյր Ալին Քիւրիւմլեան մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ Լաթաքիոյ եւ Քեսապի Սկատուտ. Խորհուրդներու կազմերուն հետ։ Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան խորհուրդները մտահոգող նիւթեր։

Իր կարգին, Սուրիոյ Շրջանային խմբապետուհի քոյր Թամար Աւետեան-Գատէհճեան հանդիպում մը ունեցաւ զոյգ մասնաճիւղերու խմբապետական կազմերուն հետ եւ անոնց տուաւ կարգ մը թելադրանքներ եւ ցուցմունքներ (փոխադարձ յարգանքի, պարտականութեան գիտակցութեան, պարտաճանաչութեան, հանդուրժողութեան, ընկերասիրութեան, հարցերու շուտափոյթ լուծման, նաեւ տարազի հեղինակութեան մասին)։ Աստիճանաւորները լրջութեամբ ունկնդրեցին՝ զանոնք գործադրելու խոստումով։

Գործունէութիւնը փակուեցաւ «Ով հայ արի» քայլերգով։

 

ՎԿԱՅԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄ ԵՒ ԱՍՏԻՃԱՆԱՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Երկու օր ետք, Կիրակի, 24 Յունուար 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի հերթական ժողովին տեղի ունեցաւ վկայագիրներու բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն այն քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք մասնակցեցան Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին պատրաստած տեսական եւ գործնական դասընթացքին։ Այսպէս՝

-  Նորընծայ, փոխ առաջնորդի աստիճան ստացան 13 քոյր-եղբայրներ։

- Բ. կարգ, առաջնորդի աստիճան ստացան 11 քոյր-եղբայրներ։

-  Վարիչ առաջնորդի աստիճան ստացան 5 քոյրեր։

Վկայականաց բաշխումին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ Շրջանային խմբապետուհի քոյր Թամար Աւետեան-Գատէհճեան եւ Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ քոյր Ալին Քիւրիւմլեան:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան մասնաճիւղի Ատենապետ եղբ. Սարգիս Քէչէճեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդը։

Մասնաճիւղի խմբապետուհի քոյր Վարդուկ Թուլումճեան-Կարապետեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետուհի քոյր Ցոլին Պալեանը, որ վայրկեան մը լռութեամբ սկսաւ իր խօսքը՝ յարգելու համար յիշատակը Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր նահատակներուն: Քոյրը բարձր գնահատեց մասնաճիւղին խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերուն աշխատանքները, շնորհաւորեց նորեկ աստիճանաւորները, բոլորին բարի աշխատանք մաղթելով «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանի շուքին տակ։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ «Ով հայ արի» քայլերգով։

 

ՆՈՐԸՆԾԱՅԻ ԵՒ Բ. ԿԱՐԳԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին Նորընծայի եւ Բ. կարգի կիսաւարտ դասընթացքը շարունակուեցաւ Կիրակի, 17 Յունուար 2021-ին, կեդրոնին մէջ։

Մասնաճիւղին հրաւէրով դասախօսներ հանդէս եկան իրերայաջորդ երեք դասախօսութիւններով.-

1. Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Վազգէն Քհնյ. Քէօշկերեան դասախօսեց նիւթ ունենալով՝ «Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարները»։ Ան խօսեցաւ նաեւ Առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Ծնունդը Յունուարի 6-ին տօնելու մասին։

2. Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Սարգիս Քէչէճեան դասախօսեց՝ նիւթ ունենալով «Սկաուտական զանազան թեմաներ»։

3. Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Մինաս Պալեան դասախօսեց՝ նիւթ ունենալով «Քորոնայի համաճարակը եւ նախնական դարմանումներ»։

 

ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 21 Յունուար 2021-ին, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին, տեղի ունեցաւ սկաուտական միաւորին աատուկ ձիւնագնացութիւն դէպի Սլընֆէի բարձունքներ: Սկաուտները հաճելի ժամեր անցընելով, բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները։

Տարածենք