ՊԱՂՏԱՏԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ

 

Ուրբաթ, 14 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, նորոգ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի։

Հոգեհանգիստին ներկայ գտնուեցան Իրաքի Հայոց Առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեան եւ վարչութեան անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի վարչութեան ատենապետ եղբ. Արա Եսայեան եւ անդամներ, սկաուտներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր եւ եղբայրներ։

Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ, օրուան պատարագիչ Պետրոս Աբղ. Ազարեան խօսեցաւ եղբայր Գառնիկի ազգային նուիրումի, ծառայութեան, սերունդներ դաստիարակելու արժանիքին եւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի յատկութիւններուն մասին։

Տարածենք