Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՍՐԱՀԸ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՄՈՍԻԿ ՍԵՔԼԵՄԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

 

Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, տեղի ունեցաւ Արցախեան նորօրեայ պատերազմին նահատակուած բոլոր հերոսներուն եւ ի մասնաւորի՝ հալէպահայ երեք կամաւոր հերոսներու՝ Յարութ Բանոյեանի, Մովսէս (Մոսիկ) Սեքլեմեանի եւ Յակոբ Աստարճեանի Շուշիի մէջ նահատակութեան քառասունքին հոգեհանգստեան արարողութիւնը:

Արարողութենէն ետք, շրջանէ մը ի վեր Վիեննա հաստատուած նահատակ Մոսիկ Սեքլեմեանի ծնողքն ու հարազատները ընդունեցին ցաւակցութիւններ, ապա իբրեւ յարգանքի եւ մեծարանքի խորհրդանշական արտայայտութիւն, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի Մեկուսի շրջանի ակումբի սրահին պաշտօնական անուանակոչութիւնը՝ Մոսիկ Սեքլեմեանի անունով:

 

ՆԵՐԿԱՆԵՐԸ

Նահատակի ծնողքին՝ տիկին Լուսին Սեքլեմեանի, նահատակի քրոջ՝ Արմիկ Մելքոնեան-Սեքլեմեանի կողքին, արահի անուանակոչութեան ներկայ էին Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական Պատուիրակ Տիրան Եպս.  Պետրոսեանը, Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Պապիկեան, Վիեննայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անտրէաս Քհնյ. Իսախանեան,  դեսպանատան խորհրդական Ստեփան Պաղտասարեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի կոմիտէի ներկայացուցիչը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի մասնաճիւղի վարչութիւնն ու Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչը եւ շարք մը սկաուտներ:

Բացման արարողութեան յաջորդեց մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութիւն՝ յարգելու համար յիշատակը Արցախեան պատերազմի բոլոր նահատակներուն: Ապա, հանդիսավար եղբ. Յակոբ Սահակեան յաջորդաբար հրաւիրեց եղբ. Ճորճ Իսկէնտէրեանը Համօ Սահեանի «Ինձ բացակայ չդնէք» բանաստեղծութիւնը ասմունքելու եւ Ատրիանա Թաշճեանը՝ ջութակով «Ատանայի ողբ»ն ու «Կռունկ»ը նուագելու: Ապա, եղբ. Սահակեան ընթերցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան յղած ցաւակցագիրը եւ բեմ հրաւիրեց Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեանը՝ փոխանցելու օրուան պատգամը:

 

ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Իր պատգամին սկիզբը, օրուան պատգամաբեր Գէորգ Յակոբճեան ներկայացուց նահատակ Մոսիկ Սեքլեմեանի կենսագրական գիծերը, մանկութիւնը, պատանեկութիւնը, մասնագիտութիւնը, նկարագրային գիծերը, ինչպէս նաեւ՝ սուրիական պատերազմի օրերուն անոր կատարած աշխատանքները, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ունեցած հերոսական գործունէութիւնը եւ նահատակութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ երեք կէտի.-

Ա. Սուգի, որ կը վերաբերէր հազարաւոր նահատակներու, վիրաւորներու, հայրենազրկումի եւ կորուստներու պատճառած ցաւին, վիշտին ու ողբերգութեան։

Բ. Հպարտութեան՝ ի դիմաց Մոսիկի, իր ընկերներուն եւ հազարաւոր հերոսներու գիտակից զոհողութեան եւ սխրագործութիւններուն ու անոնց հերոսածին մայրերու տեսակին։

Գ. Պարտաւորութիւններու, որոնք կը կեդրոնանան դասեր քաղելու Մոսիկին եւ բոլոր նահատակներու սխրագործութիւններէն, յարգելու անոնց յիշատակը, չքաղաքականացնելու եւ չչարաշահելու անոնց նահատակութիւնը եւ վճռականօրէն շարունակելու իրենց կէս ձգած ճանապարհը, առանց յուսահատելու եւ ընկճուելու:

Գէորգ Յակոբճեան իր խօսքը սրահին մէջ գտնուող սկաուտներուն ուղղելով անոնց յորդորեց, որ «Եւրոպայի հանգստաւէտ եւ համեմատաբար խաղաղ պայմաններուն մէջ ապրելով չհեռանան ազգային կեանքէ, չհեռանան հայութենէ, չհեռանան այս ակումբէն, այս շէնքէն ու այս եկեղեցիէն, տէր ու պաշտպան կանգնին մեր ազգային արժէքներուն, հայ եկեղեցւոյ, մեր ազգային մշակութային ու հոգեմտաւոր ժառանգութեան եւ ամէնէն կարեւորը՝ անշահախնդրօրէն ծառայեն մեր ժողովուրդին ու պետականութեան, ու երբ ահազանգը անգամ մը եւս հնչէ, Մոսիկին նման պատրա՛ստ ըլլան իրենց գերագոյնը զոհաբերելու:

Մեր պետականութեան համար տագնապալի ու ծանր այս օրերուն,- շարունակեց Յակոբճեան,- իւրաքանչիւրս անխտիր գործ ունինք կատարելիք՝ քաղաքական, քարոզչական, մարդասիրական եւ ընկերային մակարդակներու վրայ: Ամէն անգամ որ Մոսիկին հայեցի ու խրոխտ աչքերուն կը նայիք, իրմէ ստացէք քաջութիւն, անկոտրուն կամք, զոհողութեան եւ ծառայասիրութեան ոգի: Ամէն անգամ որ իր աչքերուն կը նայիք, քիչ մը աւելի մարդասէր, ազգասէր ու հայրենասէր դարձէք:

Յակոբճեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մոսիկն ու իր նման հազարները մեր կողքին չեն այսօր, անոնք միացան պատմութեան ընթացքին հայութեան համար նահատակուած հերոսներու աստղահոյլին եւ իւրաքաչիւրը այսօր, իբրեւ մէկական փայլուն աստղ, խաւարին մէջ կը լուսաւորէ մեր հոգիներն ու մեր ճանապարհը: Իրենք վերէն, երկնային բարձունքներէն կը գծեն ու կը լուսաւորեն արդարութեան ճիշդ ուղին, որ կ’անցնի Շուշիի արահետներէն: Իրենց գծած ճամբայէն պիտի տողանցենք ու իրենց լոյսով ու փայլքով պիտի առաջնորդուինք խաւարէն դէպի լոյս, պարտութենէն դէպի յաղթանակ ու կայուն խաղաղութիւն»։

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ ԱՐՄԷՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Այս առիթով խօսք առաւ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Պապիկեան, որ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնելէ ետք, վեր առաւ նահատակի զոհողութեան ոգին, դրուատեց նահատակներու մայրերուն ունեցած դերակատարութիւնը: Ան ըսաւ, որ օրուան խորհուրդը կը թելադրէ յիշել, հպարտանալ ու պատրաստուիլ, որովհետեւ պայքարը դեռ չէ աւարտած ու պէտք է բոլորս պատրաստուինք: Ան հաստատեց, որ Մոսիկին եւ մնացեալ հերոսներուն նահատակութիւնը ի զուր չէր, այլ կը նպատակադրէր հայ ժողովուրդի եւ պետականութեան գոյերթին ու յաւերժութեան ամրագրումը: Ան շեշտեց, որ պայքարը կը շարունակուի եւ իւրաքանչիւրս գործ ունի կատարելիք յանուն հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին:

 

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԽՕՍՔԸ

Բացման արարողութեան աւարտին, նահատակին նկարը զետեղուցաւ սրահին ճակատը՝ ստեղծելով յուզումնախառն մթնոլորտ: Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական Պատուիրակ Տիրան Պետրոսեան եւս ցաւակցեցաւ նահատակին մօր եւ հաստատեց, որ Եռաբլուրը, ուր այսօր Մոսիկը եւ ընկերները կը հանգչին, հայութեան համար սրբութիւն սրբոց է եւ հպարտութիւն է: Ան ըսաւ, որ Մոսիկին եւ իր նմաններուն նահատակութեան շնորհիւ հայ ժողովուրդը այսօրունի նոր հերոսներ:

Հուսկ, Սրբազան Հօր օրհնութեան աղօթքէն ետք, ներկաները Հայաստանի Հանրապետութեան «Մեր հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ փակեցին արարողութիւնը:

 

                                                           

Տարածենք