ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի «Գրիգոր Յակոբեան» մասնաճիւղի գայլիկ-արծուիկ միաւորի «Կարմիր» վոհմակ-երամը Շաբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2020-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Շաւարշ Քրիսեան» սրահին մէջ կատարեց գիշերային գործունէութիւն, մասնակցութեամբ՝ 28 քոյրերու եւ եղբայրներու: Գործունէութիւնը նուիրուեցաւ Արցախի: Յայտագիրը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ։ Յաջորդաբար տեղի ունեցան Արցախի շրջաններուն մասին դասախօսութիւն, տեսերիզի ցուցադրութիւն, երգի ուսուցում, հարց-պատասխանի մրցում եւ ձեռային աշխատանք: Գայլիկները սորվեցան նաեւ ինքնապաշտպանական կարգ մը ձեւեր։

Կիրակի, 19 Հոկտեմբերի առաւօտուն, քոյրերն ու եղբայրները ուղղուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր Արցախի զոհուած հերոսներու յիշատակին մոմ վառեցին ու աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ խաղաղութիւն մաղթեցին մեր հայրենիքին։

Տարածենք