ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐԸ ՓԱՌՔՈՎ ՈՒ ՊԱՏԻՒՈՎ ՊԻՏԻ ՅԻՇԵՆ ԵՂԲ. ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆԸ

 

Սգակիր Հաճեան ընտանիք՝
Սիրելի Ֆրիտա եւ Թաթուլ,
Երեւան,

Արցախի հերոսական պատերազմը անժամանակ կերպով բոլորէս խլեց հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական, գաղափարի եւ մշակոյթի անխոնջ ծառայ եղբ. Գէորգ Հաճեանը։
Եղբ. Գէորգ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայանուէր սկզբունքներուն հաւատաց ջերմօրէն եւ իր բովանդակ կեանքը՝ Լիբանանէն Քուէյթ, Հայաստանէն Արցախ եղաւ ամբողջական նուիրաբերում հայութեան եւ Հայաստանին։ Ան ապրեցաւ հերոս նախորդներու արժանավայել կեանքով, ժողովուրդն ու հայրենիքը սիրեց ամբողջ սրտով եւ Արցախի համար զոհեց ամէնէն թանկագինը։

Սերունդները փառքով ու պատիւով պիտի յիշեն եղբայր Գէորգը եւ պիտի չմոռնան անոր ոգեւորիչ ելոյթները միութենական ձեռնարկներուն, անոր հայրենասիրական խօսքերն ու գործերը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ թէ այլուր։

Կը խոնարհինք իր անթառամ յիշատակին դիմաց եւ մենք մեզ կը սփոփենք իր քաղցր յիշատակներով եւ անձնազոհ կեանքի օրինակով։

Այս առիթով կը փոխանցենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ միութեան աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքի անդամներուն ցաւակցութիւնները՝ եղբայր Գէորգի նահատակութեան առիթով։

Աստուած թող մխիթարէ ձեզ եւ հոգին հանգչեցնէ երկնային արքայութեան խաղաղութեան մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Տարածենք