ԵՂԲ. ԳԷՈՐԳ ՍԱՐԽԱՆԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թորոնթոյի մասնաճիւղին վարչութիւնը խոր կսկիծով գուժեց եղբ. Գէորգ Սարխանեանի մահը, որ պատահեցաւ 6 Սեպտեմբեր 2020-ին, Թորոնթօ, Գանատա։

Եղբ. Գէորգ Սարխանեան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թորոնթոյի ֆութպոլի առաջին խումբին մարզիչը։ Ան եղած է նաեւ վարչական եւ զանազան յանձնախումբերու անդամ։ Երկար տարիներու իր կամաւոր ու անխոնջ աշխատանքին համար, եղբ. Գէորգ արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան «Ծառայութեան» շքանշանին։

Եղբայր Գէորգ Սարխանեանին յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը տեղի ունեցան 10 Սեպտեմբեր 2020-ին, Թորոնթոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Տարածենք