Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ 1918-1927 (Ա. ՄԱՍ)

 

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը հայրենիքի մէջ, 28 Մայիս 1918-էն 25 Դեկտեմբեր 1927, հիմնականին մէջ եղած է մարմնակրթանքի եւ սկաուտութեան միջոցով, նորանկախ Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած տասնեակ հազարաւոր խլեակներու, կենդանական բնազդով ապրող, սոված ու ախտաւոր որբերէն եւ պատանիներէն պատրաստել կայտառ եւ առողջ, կարգապահ եւ չարքաշ, ինքնավստահ, հայրենասէր ու բարոյական բարձր արժանիքի տէր, վեհանձն ու անձնուէր քաղաքացիներ։

 

Հազիւ ինը տարուան այս գործունէութիւնը, որ խորքին մէջ միայն երկուքուկէս ամսուան աշխատանքի շրջան մը եղաւ (15 Օգոստոս-5 Նոյեմբեր 1920), իր աւարտին հասաւ Հայաստանի խորհրդայնացումով, ինչ որ կարելիութիւնը չընձեռեց միութենական, հաստատութենական, կառուցային աշխատանք տանելու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղեր, վարչութիւններ եւ ակումբներ հիմնելու հայրենիքի մէջ:

 

Պէտք է նշել, որ այդ ժամանակաշրջանին վերաբերող միութենական արխիւներ, ժողովական ատենագրութիւններ, տեղեկագիրներ մեր տրամադրութեան տակ չեն գտնուիր (շատ հաւանական է, որ անոնք կը գտնուին Պոլսոյ Պատրիարքութեան արխիւներուն մէջ): Նաեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան արխիւէն եւ ժամանակաշրջանի հայաստանեան մամուլէն կարելի եղած չէ օգտուիլ: Կցկտուր այս տեղեկութիւններուն կարեւոր բաժինը քաղուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հայ Սկաուտ» պաշտօնաթերթէն (25 Հոկտեմբեր 1919-էն 27 Օգոստոս 1922), Հայաստան գործուղուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի եռանդամ պատուիրակութեան անդամներու նամակներէն, յուշագրութիւններէն, նաեւ՝ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի պաշտօնաթերթեր՝ «Աշխատանք»էն, «Հայաստանի Աշխատաւոր»էն, «Շիրակի Աշխատաւոր»էն եւ յատկապէս՝ «Յառաջ»էն (20 Սեպտեմբեր 1919-էն 1 Դեկտեմբեր 1920):

 

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնաթերթ «Զանգ»ին յաջորդող «Յառաջ»ի առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 1 Սեպտեմբեր 1919-ին, Երեւան. վերջինը՝ 1 Դեկտեմբեր 1920-ին: Թերթին պատճէնահանուած (ո՛չ թուայնացած) 1919-ի թիւերը ամբողջական են (1-80), սակայն 1920-ի 264 թիւերէն կը պակսին հետեւեալ 14 թիւերը.- 1, 47, 53, 97, 105, 106, 111, 112, 113, 114, 115, 171, 195 եւ 197, ուր հաւանական է, որ գտնուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ, առհասարակ, հայ մարզական եւ սկաուտական կեանքին վերաբերող գրութիւններ:

 

Հայրենիքի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը դժուար է շաղկապուած պատմութեան ձեւով ներկայացնել, սակայն կարելի է զայն բաժնել երեք ժամանակաշրջանի, ժամանակագրական հետեւեալ կարգով.-

 

Ա. ՇՐՋԱՆ՝ 1914-1919

Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ անոր բաղադրիչ՝ նախորդող պոլսահայ եւ արեւմտահայ ակումբներու անդամներ՝ մարզիկ, մարզիչ եւ սկաուտ Վահան Չերազ, Եզնիկ Քաջունի եւ եղբայրը՝ Եղիշէ, որ զօրավար Անդրանիկի քարտուղարը եղած է1, Գրիգոր Մերճանոֆ, Ճորճ Մարտիկեան, Բենիամին Սապունճեան եւ ուրիշներ, իբրեւ կամաւորական գունդերու (գլխաւորաբար զօրավար Անդրանիկի) մարտիկներ, կամ՝ որբերու-գաղթականներու խնամատարներ, 1914-էն սկսեալ, տարբեր ժամանակներ ծառայած են Հայաստանի մէջ, ինչ որ կարելի է նկատել Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոչ-պաշտօնական գործունէութեան սկիզբը Հայաստանի մէջ:

 

Վազգէն Անդրէասեան կը գրէ. «Եզնիկ Քաջունին երկու տարի առաջ [1918-ին] արդէն Հայաստան մեկնած էր սկաուտական խումբեր կազմելու համար»2: Բախտիկեան կը գրէ. «Սկիւտարի առաջին սկաուտներէն Ճորճ Մարտիկեան, պատանի տարիքին, իբրեւ կամաւոր մարտիկ կ’ուղղուի Կարս, ուր կը կազմակերպէ սկաուտական խումբեր՝ մինչեւ Կարսի անկումը»3, սակայն Տիգրան Խոյեան եւ Վահան Չերազ բնաւ չեն նշեր զայն եւ փոխարէնը կը նշեն Կարսի մէջ Աղասի անունով Պոլիսէն եկած սկաուտի մը մասին, որ ինքնագլուխ կերպով սկաուտական խումբեր կազմակերպած է եւ նոյնիսկ «Հայ Արի» անունով թերթիկ մը հրատարակած է4: Խոյեան մտադիր էր Կարս երթալ եւ կարգաւորել այդ գործունէութիւնը, սակայն ան առիթը չ’ունենար, որովհետեւ թուրք-քեմալական եւ ռուս-պոլշեւիկ դաւադիր համաձայնութեամբ, թրքական բանակը Կարսը կը գրաւէ 30 Հոկտեմբեր 1920-ին:

 

Բ. ՇՐՋԱՆ՝ 1919-1920               

- 1919-1920 դպրոցական տարեշրջանին, Հայաստանի Հանրապետութեան լուսաւորութեան (կրթութեան) նախարարութիւնը, նախարար Նիկոլ Աղբալեանի մղումով, երկրին ուսումնական ծրագիրին մէջ կարեւոր բաժին յատկացուցած էր մարմնակրթութեան եւ կարիքը ունէր մասնագէտներու:

 

«Երբ Նիկոլ Աղբալեան կը ստանձնէ կրթական նախարարութիւնը (Օգոստոս 1919-էն մայիս 1920),  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կար միայն 133 (տարրական) դպրոց, 383 ուսուցիչ եւ 11 հազար 136 աշակերտ: Աղբալեանի օրոք, առանց հաշուելու Զանգեզուրի եւ Լոռիի շրջանները, տարրական դպրոցներուն թիւը հասաւ 456-ի, ուսուցիչներուն՝ 1047-ի եւ աշակերտներուն՝ 41 հազար 188-ի: 1918-1919-ին կային 6 միջնակարգ դպրոց, 177 ուսուցիչ, 3 հազար 137 աշակերտ: 1919-1920-ին՝ 20 միջնակարգ, 305 ուսուցիչ, 5 հազար 102 աշակերտ, մէկ համալսարան, 8 դասախօս եւ 200 ուսանող: 272 տոկոս աշակերտներու թիւի աճ, 244 տոկոս՝ դպրոցներու եւ 190 տոկոս՝ ուսուցիչներու: ...Իսկ սկաուտները հովանաւորւում եւ մեծ ծաւալ են ստանում» կը գրէ Ռուբէն Տէր Մինասեան5:

 

- 1919-ին, Հայաստանի մէջ մարզական կեանքը սկսած է ամերիկեան որբանոցի մը տնօրէն՝ Նշան Յովհաննէսեանի նախաձեռնութեամբ: Այս շարժումը կը տարածուի 15 որբանոցներու մէջ, եւ ընդհանուր տեսուչ կը նշանակուի մանկավարժ-հոգեբան Տիգրան Մարգարեան, իսկ մարմնամարզի ընդհանուր դաստիարակ՝ մարզիչ Սարգիս Սամուէլեան6:

 

- Սկաուտական շարժումը Հանրապետութեան մէջ պաշտօնապէս կը սկսի ամենայն հաւանականութեամբ՝ Հոկտեմբեր 1919-ի սկիզբը, տեղական ջանքերով, Հ. Նազարեանի (ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ Հ. Նարպէյի) խմբապետութեամբ եւ հունգարացի մարզիչ եւ սկաուտապետ՝ Ալպէրթ Սետմայի (ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ Սիրմայի) օժանդակութեամբ։ Վերջինը յատուկ այս նպատակով հրաւիրուած էր Հայաստան: Հ.Մ.Ը.Մ.ական Եզնիկ Քաջունին, որ իր պաշտօնավարած դպրոցներուն մէջ կազմած էր տղոց եւ աղջկանց սկաուտական խումբեր, կրթութեան նախարարութեան յանձնարարութեամբ, 30 Սեպտեմբեր 1919-ին կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ մարմնակրթական դաստիարակչական ծրագիր մը:

 

- «Հայկոոպ»ի կրթամշակութային բաժինի եւ «Վահագն» ակումբի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ կը կազմակերպուին Նաւասարդեան առաջին խաղերը:

 

- 9 Յուլիս 1919-ին, «Հայաստանի Աշխատաւոր»ը «Հայաստանի առաջին Նաւասարդեան խաղեր» խորագիրով կը գրէ. «Յառաջիկայ 10 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի Ա. Նաւասարդեան խաղերը, որոնց մասնակցութեան իրաւունք ունին Հայաստանի բոլոր քաղաքներն ու գաւառները, դպրոցներու աշակերտութիւնը եւ որբանոցներու սաները:

 

«Հետեւեալ մրցումները պիտի կիրարկուին՝ ա. Վազքեր՝ արագութեան եւ երկարատեւութեան, բ. Վազքեր՝ դրօշարշաւ ակումբներու, դպրոցներու եւ քաղաքներու միջեւ, գ. Վազքեր՝ պարկերով եւ արգելքներու վրայով, դ. Ոստումներ՝ երկարութեան, ե. Ոստումներ՝ բարձրութեան (ձողով եւ առանց ձողի), զ. Նետել՝ Սկաւառակ, նիզակ, գունդ եւ այլն, է. Վերցնել՝ ծանրութիւն (մէկ եւ երկու ձեռքով), ը. Չուան քաշել (ակումբներ, դպրոցներ, քաղաքներ), թ. Հեծանիւ, ժ. Ֆութպոլ՝ քաղաքներ, ազգեր, ժա. Աղաւնորսութիւն (եթէ կարելի ըլլայ):

 

«Մրցումներէն առաջ տեղի պիտի ունենայ տողանցք, ակումբներու, մրցողներու եւ սկաուտներու մասնակցութեամբ: Նաեւ տեղի պիտի ունենայ շուէտական մարզանք՝ շուրջ 100 մասնակիցներու: Մրցումներէն ետք տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւն»7: Այս բոլորը կ’ենթադրեն, որ օրին տեսնուած է հսկայական պատրաստութիւն:

 

- «Հայաստանի Աշխատաւոր»ի 12 Յուլիսի թիւին մէջ սակայն կը յայտարարուի. «Հայաստանի Ա. Նաւասարդեան խաղերը անորոշ ժամանակով յետաձգուած են»8: Կարելի չեղաւ մամուլէն կամ այլապէս ստուգել, թէ հետագային այդ խաղերը տեղի ունեցա՞ծ են կամ՝ ոչ:

 

- 14 Յուլիս 1919-ին, «Հայկոոպ»ի նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ մարմնամարզով հետաքրքրուողներուն առաջին ժողովը, որ կ’որոշէ շաբաթ մը ետք հիմնադիր ընդհանուր ժողովի հրաւիրել՝ ստեղծելու համապատասխան ընկերութիւն, ընտրելու վարչութիւն, որուն կը հրահանգուի պետականացնել մարմնամարզի գործը եւ նպաստել յառաջիկայ առաջին Նաւասարդեան խաղերուն («Հայաստանի Աշխատաւոր», 18 Յուլիս 1919)9:

 

- 17 Յուլիս 1919, «Աշխատանք». Յուլիսի սկիզբը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մարմնամարզական միութեան ժողովը, ուր կը հիմնուի «Վահագն» ակումբը: Սկաուտական շարժումը կ’անուանուի «Վահագն»10:

 

- 18 Յուլիս 1919, «Հայաստանի Աշխատաւոր». «Այսօր, Ուրբաթ ժամը 19:00-ին, քաղաքապետարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Մարմնամարզ ընկերութեան հիմնադիր ժողովը: Հրաւէր բոլորին»11:

 

- 19 Յուլիս 1919, «Աշխատանք»ի մէջ «Վահագն» ակումբին ծանուցումը՝ 25 Յուլիս 1919-ին կայանալիք «Հայաստանի Մարմնամարզական Միութեան» հիմնադիր ժողովին12:           

 

- 8 Հոկտեմբեր 1919-ին, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Յառաջ» օրաթերթին մէջ սկաուտութեան մասին առաջին պաշտօնական յիշատակութիւնը այսպէս նշուած է. «Երեւանի մէջ կազմակերպուած է Հայաստանի առաջին պոյ-սկաուտներու խումբը. այդ մասին տեղեկութիւններ ստանալ եւ անդամակցիլ կարելի է Աստաֆեան փողոց, թիւ 14 [այժմ պանդոկ, Աբովեան փողոցի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին կից շէնքը], երեկոյեան ժամը 4-6»13:

 

- 17 Հոկտեմբեր 1919, «Յառաջ». «Հայաստանի ներքին գործոց նախարարը հրամանագիրով մը հրահանգած է բոլոր գործադիր իշխանութիւններուն հարկ եղած օրինական աջակցութիւնը ցոյց տալ Հայաստանի առաջին պոյ-սկաուտներու խումբին»14:

 

- 21 Հոկտեմբեր 1919, «Յառաջ». «Հայաստանի առաջին պոյ-սկաուտական խումբը վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեանը ընտրած է պատուոյ նախագահ: Վարչապետը իր հովանաւորութեան տակ առած է խումբը, ցանկութիւն յայտնելով ներկայ գտնուիլ խմբական ընդհանուր ժողովին եւ խոստացած է իր աջակցութիւնը15:

 

Այս շրջանին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամ Եզնիկ Քաջունին որբանոցներու մէջ մարզանքի ուսուցիչ էր, նաեւ՝ Երեւանի մէջ Արեւմտահայոց առաջին համագումարին պատգամաւոր։ Ան կը զբաղէր հայ գաղթականներու հարցերով։ Քաջունի կ’ընտրուի վերստուգիչ յանձնախումբի անդամ16: Զօրավար Անդրանիկ այս համագումարին հանդիսաւոր բացումը կը կատարէ, իսկ Արամ Մանուկեան՝ բացման խօսքը, ինչ որ խոր ազդեցութիւն կ’ունենայ բոլորին վրայ:

 

- 15 Նոյեմբեր 1919. ահա՛ Եզնիկ Քաջունիի Երեւանէն առաջին նամակ-կապը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին հետ (յապաւուած).

 

«Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան -Կոստանդնուպոլիս,

«Բոլորովին անակնկալ մը, Պոլիսէն, ընկերներէն մէկը, իմ հասցէիս ղրկած էր «Հայ Սկաուտ»ի առաջին թիւը:

 

« ...Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի միւս բոլոր կեդրոնները, պիտի աշխատինք տարածելու այդ (սկաուտական) նոր գաղափարը գործով, եւ վստահ ենք, իրապէս պիտի ունենայ մեր հոգիներուն վրայ մոգական գաւազանի ազդեցութիւնը:

 

«Կրթական նախարարութիւնը անսահման խոստումներ ունի, եւ կարելի է ըսել, որ արդէն գործի սկսած ենք:

 

«Անպայման կը թղթակցիմ ձեր թերթին՝ ջանալով ձեզ հաղորդել, օրը օրին, ամէն մանրամասնութիւն եւ նոյնիսկ լուսանկարներ:

 

«Սիրով՝

«Եզնիկ Քաջունի, Երեւան, 15 Նոյեմբեր 1919»17:

 

- 1 Դեկտեմբեր 1919-ի թիւով, Հայաստանի Հանրապետութեան սկաուտական շարժումին սատարելու առաջադրանքով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ»ը խմբագրական եւ լրատուական հետեւեալ նիւթերը կը ներկայացնէ.-

 

Ա. Ստորեւ՝ խմբագրականը, «Գործը ինքնին պարտաւորիչ է» վերնագիրով18։

 

Բ. Լուրը. «Անկեղծ հրճուանքով կը տեղեկանանք, որ Երեւանի մէջ արդէն կազմուեր է հայ արիներու [սկաուտ] առաջին խումբը, եւ վարչապետ [Ալեքսանտր] Խատիսեանին առաջարկուած է գլուխը կանգնիլ անոր: Նոյնպէս, սկաուտապետ Հ. Նազարեան կոչ կ’ուղղէ ամբողջ Հայաստանի պատանեկութեան՝ գալու հաւաքուիլ դրօշին տակ, կազմելու սկաուտական խումբերը: Այս առթիւ փափաք կը յայտնուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հետ յարաբերութեան մէջ մտնել»19:

 

- Դեկտեմբեր 1919-ին, Քաջունիի նամակէն ետք, Երեւանէն Կոստանդնուպոլիս կը վերադառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Գրիգոր Մերճանոֆ (հայկական Նեմեսիսի՝ Շահան Նաթալիի գործակիցը), որ Հայաստանի սկաուտական եւ մարզական կեանքին մասին լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանին հետ Թիֆլիսի մէջ տեսակցելէ ետք, անոր պահանջներուն շուրջ կը զեկուցէ հետեւեալը (կը ներկայացնենք լեզուական սրբագրութիւնով եւ կարգ մը մանրամասնութիւններ կրճատելով).-

 

«Հայաստանի լուսաւորութեան նախարարութիւնը ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է նաեւ մարմնակրթական եւ սկաուտական շարժումը: Ներկայիս Հայաստանի մէջ կան 20 հազար [աւելի ստոյգ աղբիւրներու համաձայն՝ աւելի քան 40 հազար որբեր]: Յուլիս 1922-ին, միայն Ալեքսանդրապոլի մէջ՝ 22 հազար20 երկսեռ որբեր, իսկ 6 հազար որբեր՝ 4 հազարը աղջիկ, 2 հազարը մանչ՝ Երեւանի մէջ են: Անոնք մարզանքի կը հետեւին՝ ուսուցիչ ունենալով Հ.Մ.Ը.Մ.ական, Գում-Գաբուի «Տորք» ակումբէն Եզնիկ Քաջունին եւ չեխ [ըստ Սիմոն Վրացեանի։ Սակայն աւելի ստոյգ, ըստ Եզնիկ Քաջունիի եւ «Յառաջ»ի՝ հունգարացի] մը, որուն այս նպատակով հրաւիրած է կառավարութիւնը... Հսկայական աշխատանք կայ, որ պէտք ունի ՄԱՐԴՈՒ եւ անձնուէր մարդու:

 

«Սկաուտներ կան, սակայն, մերիններուն նման ամէն դիւրութիւն չունին, բոպիկ ոտքով մարզանք եւ պտոյտներ կ’ընեն, նոյնիսկ՝ աղջիկները: Նախարարութիւնը ընդարձակ մարզարաններ յատկացուցած է անոնց: Ամերիկեան որբախնամն ալ իր որբանոցներուն մէջ բաւական ոյժ կու տայ մարզանքին:

 

«Սակայն կառավարութիւնը կ’ուզէ հաստատուն եւ կանոնաւոր հիմերու վրայ դնել շարժումը, որուն համար մէկ միլիոն ռուբլիի պիւտճէ մը կը պահանջէ խորհրդարանէն եւ յոյս ունի, որ խորհրդարանը պիտի վաւերացնէ այս գումարը: Թիֆլիսի մէջ տեսակցութիւն ունեցայ կրթական նախարար պարոն Նիկոլ Աղբալեանին հետ, որ Կոստանդնուպոլսոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ին աջակցութիւնը կ’ուզէ՝ Հայաստանի մէջ նաեւ տարածելու մեր նոյն շարժումը: Երեւան վերադարձին նամակով պիտի խնդրէ Կեդրոնական Վարչութենէն, որ շուէտական մարզանքի  մասնագէտ ուսուցիչ մը ղրկենք Հայաստան՝ տեղւոյն վրայ գտնուող մի քանի ուսուցիչներուն հետ կազմակերպելու համար այս կենսական գործը:

 

«... Պէտք է պատրաստ ըլլանք նախարարական կոչին եւ կարելին, նոյնիսկ քիչ մըն ալ անկարելին կատարենք, պէտք եղած մարդուժը պատրաստենք՝ ղրկելու համար հոն, ուր գործ կայ եւ գործիչի կարիք կայ»21:

           

- 9 Դեկտեմբեր 1919. «Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդը 3 Դեկտեմբեր 1919-ի նիստին կը վաւերացնէ պոյ սկաուտներու ընկերակցութեան 3 դեսեատին [հին ռուսական հողի չափ = 1.09 հեկտար] կամ՝ 32 հազար 700 քառ. մեթր բանջարանոցային հողամաս յատկացնելու առաջարկը»22: Ուրեմն, սկաուտները կը կատարէին նաեւ հողագործութիւն՝ իբրեւ զբաղում, ապագայ ասպարէզի վարժութիւն եւ իրենց գործունէութեան ու բարեսիրական նպատակներու համար եկամուտի աղբիւր:

 

- 27 Դեկտեմբեր 1919, «Յառաջ». «Երեւանի սկաուտները ծրագրած են այս տօներուն [Ամանորի եւ Ծննդեան] խմբովին երթալ Ալեքսանդրապոլ՝ ծանօթանալու այնտեղի մարմնակրթական դպրոցի պատանիներուն եւ անոնց հետ կազմակերպելու հանդէս: Արական վարժարանի վարչութիւնը հաւանութիւն տուած է: Պատանիներուն պիտի ուղեկցին մարզանքի ուսուցիչը, վարժարանի վարչութենէն մէկը եւ [կրթութեան նախարարութենէն] բժիշկ Վ. Արծրունին: Վերջինս այդ նպատակով դիմած է Հայաստանի կրթութեան նախարարին [Նիկոլ Աղբալեանին]՝ խնդրելով փոքր օժանդակութիւն մը, միջնորդելու առ որ անկ է՝ յատուկ [շոգեկառքի] վակոն մը յատկացնելու անոնց, ձրիօրէն տանիլ-բերելու համար: Հանրային կրթութեան նախարարը համաձայն գտնուած է»23:     

 

- Շուտով, 2 Յունուար 1920-ին կը յաջորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական առաջին նամակը Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ»ին.-

«Հ.Հ. Մինիստրութիւն Հանրային Կրթութեան Եւ Արուեստի

Թիւ 38

2 Յունուար 1920

Երեւան

«Հայ Սկաուտ» թերթի պատուարժան խմբագրութեան,

«Հանրային կրթութեան եւ արուեստի պ. մինիստրը [նախարար Նիկոլ Աղբալեան], որի սրտին շատ մօտ է մարմնակրթութեան գործը, յանձնարարել է ինձ յայտնել Հ.Մ.Ը. Միութեան իր մեծ գոհունակութիւնը Կ. Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող սկաուտական շարժման առիթով: Յաջողութիւն ցանկանալով ձեր ազգօգուտ ձեռնարկութեանը՝ պ. կրթութեան մինիստրը խնդրում է ձեր պատուական թերթից տասը օրինակ ուղարկել Հ. կրթութեան մինիստրութեան անունով, բաժանորդագինը կ’ուղարկուի:

«Երեւանի մատաղահաս սկաուտներն եւս յղում են իրենց եղբայրական սիրոյ ողջոյնը իրենց պոլսեցի եղբայրակիցներին, եւ յոյս են յայտնում, որ մօտ է ապագան, երբ Մայր Միացեալ Հայաստանի գրկում ձեռք կը տան իրենց եղբայրակիցներին:

«Եթէ նեղութիւն չէք համարի, խնդրում եմ բարեհաճեցէք ուղարկելու ինձ «Հայ Սկաուտին Օրինագիրը», նաեւ հաղորդեցէք ինձ սկաուտի զգեստի արժէքը:

«Հանրային Կրթութեան եւ Արուեստի Մինիստրութեան

«Բժշկա-առողջապահական բաժինի վարիչ

«Բժիշկ Վ. [Վահան] Արծրունի»24:    

- «Հայ Սկաուտ»ի 1 Ապրիլ 1920-ի խմբագրականը կը շեշտէ ներգաղթի անհրաժեշտութիւնը. «ՆԵՐԳԱՂԹՆ է այս: Ոչ մէկ առթիւ, մենք՝ սկաուտական կազմակերպութիւններս, այնքան օգտակար պիտի կարենանք ըլլալ, որքան մեր ժողովուրդին մնացած բեկորները ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ առաջնորդելու պարագային: Իսկ յատկանշական է վերջին պարբերութիւնը. «Դուրս գանք առայժմ միջազգային սկաուտութենէն եւ առժամանակեայ կերպով ԱԶԳԱՅՆԱՑՆԵՆՔ զայն, յարմարեցնելով մեր ներկայ պահանջին եւ մշակենք ծրագիր մը, զուտ ներգաղթի համար»25:

 

- «18 Ապրիլ 1920-ին, պոյ-սկաուտներու օր էր Երեւանի մէջ: Քաղաքը ստացած էր տօնական տեսք: Փողոցներուն մէջ տուփերով հանգանակութիւն կը կատարուէր: Պոյ-սկաուտները երաժշտութեամբ կենդանութիւն կը մտցնէին ամէն կողմ: Ամառնային ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային մարզանք: Պոյ-սկաուտները, իրենց վարիչ հունգարացի Ալպէրթ Սետմայի (Սիրմա՞) առաջնորդութեամբ, գեղեցիկ խաղեր խաղացին՝ արժանանալով խռնուած հասարակութեան խանդավառ ծափերուն: Սկաուտական շարժումը հանրային կրթութեան նախարարութեան գուրգուրանքին առարկան էր եւ շուտով լայն ծաւալ ստացաւ Հայաստանի մէջ, մանաւանդ՝ երբ արտասահմանէն հասան փորձուած ղեկավար մարզիկներ՝ Վահան Չերազ, Տիգրան Խոյեան եւ այլն [Օննիկ Եազմաճեան]»26:

 

«Չերազի ու միւս սկաուտներուն աշխատանքը, մարզահանդէսները մեծ տպաւորութիւն գործած են հասարակութեան վրայ ու «Նորազատ Հայաստանի մէջ հիմքը դրած՝մարզական շարժումին», կը գրէ Սիմոն Վրացեան27:

 

«Յառաջ» այս առիթով կը ներկայացնէ հետեւեալ յայտարարութիւնը.- «Այսօր «Սկաուտի Օր» է. քաղաքիս մէջ ընդարձակ ծաւալով ու լայն ծրագիրով պիտի կատարուի պոյ-սկաուտներու հանդիսութիւնը, կը վաճառուին յատուկ յուշանուէրներ, տուփերով հանգանակութիւն կը կատարուի սկաուտական կազմակերպութեան համար: Որոշ վայրերու մէջ զանազան ազգերու տաղաւարներ պիտի տեղադրուին: Քաղաքի ամառնային ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ սկաուտական մարզանք (հանդիսութիւն)»28:

 

- 23 Ապրիլ 1920, «Յառաջ»ի մէջ կը կարդանք «Պոյ-Սկաուտի Տօնը» խորագիրով թղթակցութիւնը. «Ապրիլի 18-ին, պոյ-սկաուտի օր էր: Տօն մը, որ առաջին անգամ կը տօնակատարուի Հայաստանի հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Փոքրիկ սկաուտները՝ աշակերտութիւնը, ցնծութեամբ ու հպարտութեամբ կը տօնէր իր յաղթանակը, որ այսպիսի աննպաստ պայմաններու մէջ ինքնուրոյն կերպով իրենց մշակած ու կերտած ծրագիրով պոյ-սկաուտի վսեմ ու ազատ գաղափարով հիմնեցին ազատ Հայաստանի դպրոցական աշխարհին մէջ:

 

Հայաստանի քաղաքացիները գնահատելով նոր սերունդին գաղափարական ձգտումները, այս անգամ նաեւ ընդառաջեցին աջակցելու եւ նպաստելու մանուկներու այս բացառիկ տօնին: Գնահատելի է այս գործին մէջ եւ ամէն խրախուսանքի արժանի օտարերկրացի մը, օտար՝ Հայաստանին, սակայն սրտով՝ սերտօրէն կապուած այս ազնիւ գործին՝ Երեւանի պոյ-սկաուտներու հիմնադիր՝ հունգարացի Ալպէրթ Սետմայի (Սիրմա՞, հունգարացիները Sirmai մականունը ցարդ ունին) աշխատանքները:

 

Քաղաքը տօնական կերպարանք ունէր, սկաուտները խումբ-խումբ նուագախումբի ընկերակցութեամբ փողոցներուն մէջ կը տողանցէին: Ապա քաղաքային ակումբի ամառնային շէնքին մէջ ցուցադրուեցան սկաուտներուն խաղերն ու մարզանքները, որոնք հանդիսականներուն վրայ արտակարգ գոհացուցիչ տպաւորութիւն ստեղծեցին: Այդ օր շուրջ 300 հազար ռուբլի հանգանակուեցաւ: Ստեփան Մ.»29:        

 

- Հայաստանի Հանրապետութեան Կոստանդնուպոլսոյ դեսպանատունը կը ստանայ 28 Ապրիլ 1920 թուակիր հետեւեալ նամակը.-

«Հ. Հ. Մինիստրութիւն Հանրային Կրթութեան եւ Արուեստի

Թիւ 145/1789

28 Ապրիլ 1920

Երեւան

Կոստանդնուպոլսոյ Հայաստանի Հանրապետութեան Դիւանագիտական Միսսիային

 

Ի լրումն մինիստր Աղբալեանի հեռագրի [այս հեռագիրը կարելի չեղաւ գտնել], որով խնդրում է երկու մասնագէտ սկաուտ պետեր յղել Երեւան, պատիւ ունիմ տեղեկացնելու, որ մինիստրութեան ծրագիրն է Հայաստանի մէջ ամենալայն չափով տարածել սկաուտութիւնը, բայց դրան արգելք է հանդիսանում հմուտ մասնագէտների բացակայութիւնը: Ուստի, եթէ տակաւին չէք ղրկած մարզիչներ, խնդրում եմ բարեհաճէք առանց յապաղելու կատարել պ. մինիստրի խնդիրքը, որովհետեւ ժամանակն անցում է եւ կարիքը ահագին է:

 

Հանրային Կրթութեան եւ Արուեստի մինիստրութեան

Բժշկա-առողջապահական բաժնի Վարիչ

Բժիշկ Վ. [Վահան] Արծրունի»30:

 

Շար. (1)

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

 

 

 

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ», Կոստանդնուպոլիս, Ա. տարի, թիւ 6, 16 Յունուար 1920, էջ 85:

2. «Վահան Չերազ եւ իր Երգն Հայաստանի», Վազգէն Անդրէասեան, Պէյրութ, 1977, տպարան «Սեւան»:

3. «Յուշամատեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 1918-1958», Ներսէս Աբեղայ Բախտիկեան, Պէյրութ, 1958, տպարան «Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», էջ 73-85:

4. «Նահատակ Ցեղի Անմահներ», Տիգրան Քահանայ Խոյեան, տպարան «Ալթափրէս», Պէյրութ:

5. «Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները», Ռուբէն Տէր Մինասեան, 7-րդ հատոր, Բ. Հրատարակութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան տպարան», 1979, Պէյրութ, էջ 283-288:

6. «Վահան Չերազ եւ իր Երգն Հայաստանի», Վազգէն Անդրէասեան, Պէյրութ, 1977, տպարան «Սեւան»:

7. «Հայաստանի Աշխատաւոր», Երեւան, Գ. տարի, թիւ 91, 9 Յուլիս 1919, էջ 2:

8. Նոյնը, թիւ 93, 12 Յուլիս 1919, էջ 2:

9. Նոյնը, թիւ 98, 18 Յուլիս 1919, էջ 2:

10. «Աշխատանք», Երեւան, Դ. տարի, թիւ 45, 17 Յուլիս 1919:

11. «Հայաստանի Աշխատաւոր», Երեւան, Գ. տարի, թիւ 98, 18 Յուլիս 1919, էջ 2:

12. «Աշխատանք», Երեւան, Դ. տարի, թիւ 46, 19 Յուլիս 1919:

13. «Յառաջ», Երեւան, Ա. տարի, թիւ 15, 8 Հոկտեմբեր 1919, էջ 2:

14. Նոյնը, թիւ 22, 17 Հոկտեմբեր 1919, էջ 3:

15. Նոյնը, թիւ 25, 21 Հոկտեմբեր 1919, էջ 4:

16. «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Արեւմտահայոց գործերը» գլուխ, էջ 30:

17. Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ», թիւ 5, Կոստանդնուպոլիս, 1 Յունուար 1920, էջ 72:

18. Նոյնը, թիւ 3, Կոստանդնուպոլիս, 1 Դեկտեմբեր 1919, էջ 33:

19. Նոյնը, էջ 41:

20. https://neareastmuseum.com/2015/07/10/alexandropol-making-the-orphan-city/

21. Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ», թիւ 5, Կոստանդնուպոլիս, 1 Յունուար 1920, էջ 75:

22. «Յառաջ», Երեւան, Ա. տարի, թիւ 64, 9 Դեկտեմբեր 1919, էջ 4:

23. Նոյնը, թիւ 77, 27 Դեկտեմբեր 1919, էջ 3:

24. Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ», թիւ 9, 1 Մարտ 1920, էջ 137՝ կողքի էջ:

25. Նոյնը, թիւ 11, 1 Ապրիլ 1920, էջ 169:

26. «Վահան Չերազ եւ իր Երգն Հայաստանի», Վազգէն Անդրէասեան, Պէյրութ, 1977, տպարան «Սեւան»:

27. «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Շինարարական վերելք» գլուխ, էջ 367:

28. «Յառաջ», Երեւան, Բ. տարի, թիւ 79, 18 Ապրիլ 1920, էջ 4:

29. Նոյնը, թիւ 82, 23 Ապրիլ 1920, էջ 3:

30. Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ», թիւ 16, 16 Յունիս 1920, էջ 249՝ կողքի էջ:

Տարածենք