Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

 

 

«Չէ... երբեք դիւրին մի՛ կարծեր պատուհանէն նետուիլը, եթէ հարկ ըլլայ ես կը նետեմ քեզի, թող ըսեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատուն վար նետեց ի՛ր մարզիկը»։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ ֆութպոլի խումբը, օրինակելի խումբերու շարքին դասուելով, առաւել մէկ կէտ ստացաւ ընդհանուր աղիւսակին վրայ, Գ. դասակարգի աւարտական մրցաշարքի վերջին փուլին դեղին եւ կարմիր նուազագոյն քարտեր ստացած ըլլալուն պատճառով, եւ բարձրացաւ Սուրիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգ, ուրկէ նահանջած էր տարի մը առաջ:

Ափսո՜ս, որ միասնականութեան բացակայութեան պատճառով Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբին Հայաստան պատմական այցելութեան յաջորդող մրցաշարքին խումբը նահանջած էր Գ. Դասակարգ:

1991-1992 մարզական տարեշրջանն էր, Հ.Մ.Ը.Մ.ը հասած էր Գ. Դասակարգի ախոյեանութեան եւ երեք խումբով պիտի մասնակցէր Դամասկոսի մրցաշարքի վերջին փուլին:

Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար եօթանասունեօթը անդամներէ՝ վարչականներ, յանձնախումբի անդամներ, մարզիչներ եւ մարզիկներ, բաղկացած Ա., Բ., Գ. խումբերէ, որոնց արձանագրելիք արդիւնքները իրարու հետ գումարուելով պիտի ապահովէին խումբին ախոյեանութիւնը:

Հ.Մ.Ը.Մ.ը բաւական ամրակուռ խումբերով հասած էր աւարտական փուլ, բայց պէտք էր պատրաստ ըլլալ պատահական որեւէ դէպքի՝ լաւագոյնս օգտուելու իւրաքանչիւր առիթէ, որ կրնար յայտնուիլ այլ խումբերու հետ մրցումի ընթացքին, շօշափելով ընդհանուր տրամադրութիւններու բազկերակը: Այլ խօսքով, բաւական դժուար գործ էր եօթանասունեօթը անդամներով դէպի յաղթանակ ուղղուիլը:

Մրցաշարքի առաջին օրն էր, մեր կրտսերներու եւ երիտասարդականի կազմերը փայլուն յաղթանակով աւարտած էին առաջին մրցումները: Երբ լարուած ջիղերով կը հետեւէինք ներկայացուցչական խումբի մրցումին, մեր յառաջապահ գիծի մարզիկներէն մէկը ծանր հարուած մը ստացաւ հակառակորդ խումբի յետսապահ գիծի խաղացողէն: Դէպքը արժանացաւ իրաւարարի սուլիչով խաղի ընդհատումին: Երբ մեր մարզիկը գետնէն բարձրացաւ, դէմքին վրայ արեան հետքեր երեւացին։ Մեր մարզիկը սրամտութիւն մը խորհելով՝ ծունկին արիւնը քսած էր դէմքին, սակայն այս ճարպիկութիւնը չէր վրիպած իրաւարարին աչքէն ու ան մօտենալով մեր մարզիկին՝ զայն եւս ազդարարեց դեղին քարտով մը։

Դէպքը սկիզբը անհասկնալի թուեցաւ մեզի: Մեր պահեստի մարզիկներէն մէկը զայրոյթով հայհոյեց՝ օրուան իրաւարարին ուշադրութիւնը գրաւելով:

Վրայ հասաւ մեր հանգուցեալ հաւատաւոր պատասխանատուներէն եղբ. Յարութ Քահքէճեանի ուժգին հարուածը հայհոյող մեր մարզիկին։ Իրաւարարը տեսնելով հարուածին ուժգնութիւնը, որուն ձայնը լեցուցած էր ամբողջ դաշտը, կարծես բաւարարուելով ձեռքի դրօշը վար առաւ։ Այս միջոցին, իբրեւ օժանդակ անդամ, յայտնուեցայ դէպքին վայրը եւ խնդրայարոյց մարզիկին փաթթուելով բարձրացայ թրիւպինին անվերջանալի աստիճանները, դուրս գալու դաշտէն տաքարիւն, ըմբոստ մարզիկին հետ միասին:

Ան հանդարտած էր արդէն:

- Եղբա՛յր, գիտե՞ս, այդ ապտակը քեզի փրկեց ստոյգ կարմիր քարտ մը ստանալէ, պէտք է առայժմ մոռնանք ամէն ինչ եւ ուղղուինք պանդոկ-, ըսի եւ ուղեկցեցայ անոր:

Երեկոյեան, յանձնախումբի ժողովին որոշուած էր յիշեալ մարզիկը զրկել խումբին հետ դաշտ ներկայանալէ: Յաջորդ օրը, երբ խումբը դաշտ մեկնեցաւ, ան պայուսակը ձեռքին, զայրացած ներկայացաւ պատուիրակութեան պատասխանատու եղբօր սենեակը, ուր այդ միջոցին կը պատրաստէի մարզիկներուն հրամցուելիք կերակուրը: Մարզիկը զայրացած տրուած որոշումէն հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ դաշտ պիտի չներկայանայ: Պատասխանատու եղբայրը ամենայն պաղարիւնութեամբ յայտնեց, թէ այսօր իր պարտականութիւնն է եղբօր հետ միասին ճաշ պատրաստել խումբի եղբայրներուն: Այս պատասխանը խելակորոյս դարձուց մարզիկը: Ան իր նայուածքը ուղղեց սենեակի դուռին, նկատելով որ արդէն դրան մէջ եմ: Ապա նայուածքը ուղղեց դէպի պատուհան ու պայուսակը վար նետելով փորձեց նետուիլ, սակայն յայտնուեցաւ պատասխանատու եղբօր հուժկու բազուկներուն մէջ: Ան քանի մը անգամ զինք ցնցելով խեղդուկ ձայնով մը ըսաւ. «Չէ... երբեք դիւրին մի՛ կարծեր պատուհանէն նետուիլը, եթէ հարկ ըլլայ ես կը նետեմ քեզի, թող ըսեն, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատուն վար նետեց ի՛ր մարզիկը»:

Տիրող քար լռութեան մէջ, ան հօր նման գրկընդխառնուեցաւ իր զաւկին ու համբուրեց ճակատը: Մարզիկը զգացուած լալ սկսաւ, յուզելով նաեւ մեզ: Ապա ան սկսաւ պատմել, թէ ինչպէ՛ս զինուորական ծառայութեան ընթացքին տեսած տառապանքներուն եւ երկարատեւ բանտարկութեան հետեւանքով դարձած էր ըմբոստ եւ անհանդուրժող:

Վերջապէս սենեակին մէջ ամէն ինչ փոխուած էր, վայրկեաններ անց մարզիկը լուացուելէ ետք՝ մօտենալով ինծի մասնակից դարձաւ հալէպեան ակրատներու պատրաստութեան:

Սիրելի՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ,

Այս վիճակուեցաւ մեզի այդ տարին: Ոչ թէ կէս կէտ, դեղին քարտ մը նուազ ստացած ըլլալով բարձրացանք Բ. դասակարգ: Այդ տարեշրջանին միասնական ճիգերով հսկայական գործ տարուեցաւ, եզակի եւ առանձնայատուկ դեր ունեցան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի վարչութեան եղբայրները, սակայն իրապէս խղճի պարտք կը նկատեմ արձանագրել, որ այդ յաջողութեան մէջ առիւծի բաժին ունէր հեղինակաւոր անհատականութեան տէր եղբ. Անդրանիկ Լախոյեանը, որ կարողացաւ նաւարկել այդ եօթանասունեօթը Հ.Մ.Ը.Մ.ականներէն բաղկացած նաւը եւ խումբը հասցնել Բ. դասակարգի ափ:

Փառք ու պարծանք մեր դարամեայ երթը շարունակող բոլոր նուիրեալներուն:

 

ՎԻԳԷՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Տարածենք