ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ ԵՒ ԲԾԱՒՈՐ ՏԻՖԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

 

1918-ի Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը դիմագրաւեց ապրուստի դաժան պայմաններ՝ մնայուն պատերազմական վիճակ, ներսէն եւ դուրսէն դաւադրութիւններ, սով, աղքատութիւն, համաճարակներ՝ բծաւոր տիֆ, ճահճատենդ (մալարիա), ժանտախտ (քոլերա) եւ այլն, որոնց պատճառով 1918-ի աշունէն մինչեւ 1919-ի գարուն մահացաւ աւելի քան 150 հազար մարդ:

Հայ կամաւորական գունդերու մարտիկ, զօրավար Անդրանիկի ընկերակից եւ թարգման, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն Վահան Չերազի մասին հետեւեալ վկայութիւնը տուած է Վազգէն Անդրէասեան (որուն Վարդանոյշ քրոջը ամուսինն էր Չերազ) «Վահան Չերազ եւ իր երգն Հայաստանի» գիրքին մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ հատուածը (տեսնել գիրքը, էջ 80-81)։

«…Եթէ Վահան Չերազ եղած է անվեհեր զինուորը հայրենիքի պաշտպանութեան, եղած է նոյնքան գորովագութ եղբայր մը, իր անցած ճամբաներուն, տեղերուն մէջ գտնուող հալածական, անիրաւուած, լքուած, թշուառ ամէն մարդ էակի հանդէպ, որոնք անշուշտ գրեթէ միմիայն հայեր էին:    

«Անզուգական հայ, իբրեւ մարդ՝ եղած է այլասէր եւ վեհոգի:

«Դէպք մը միայն, այնքա՜ն շատերէն, ցոյց տալու համար անոր ազնիւ հոգին, մարդկային սիրտը:

«Անդրանիկի հետ, որուն թարգմանն էր, զօրամասը ցրուելու համար վերադարձի ճանապարհին [1919-ի գարնան, երբ Անդրանիկ յուսախաբ դաշնակիցներէն՝ Անգլիայէն, դժգոհութեամբ հեռացաւ հայրենիքէն, զէնքերը յանձնելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին- Յ.Չ.], Զանգեզուրէն Էջմիածին ճամբուն ամայի մէկ վայրին մէջ, անոնք կը հանդիպին գետին փռուած մարդկային էակի մը:

«Շատեր տեսած ու անցած էին:

«Ինչե՞ր չէին տեսած ու անցած:

«Վահան Չերազ չ’անցնիր:

«Կը մօտենայ, աղջնակի նմանող բան մը, որ դեռ կը շնչէ, կը դողդղայ:

«Վահան կը փաթթէ զայն իր զինուորական վերարկուին մէջ, կը հեծնէ իր ձին, եւ ընկերներէն մէկը կը զետեղէ պզտիկը անոր գրկին մէջ: Մինչեւ Երեւան հասնիլը կը խնամէ ու ապա կը յանձնէ հիւանդանոցի բժշկապետի խնամքին: Քանի մը այցելութիւններէ ետք, Տոքթ. Եարօ կը ստիպուի պահել նաեւ այցելուն՝ ծանրապէս վարակուած աղջնակի բծաւոր տենդէն՝ այդ օրերու հոգէառէն:

«Անդրանիկ եւ Վահանի ընկերները կը հեռանան երկրէն, որոնց համար համաձայն բժիշկին հաւաստումներուն, հիւանդը արդէն դատապարտուած էր:

«Կ’անցնին շաբաթներ, երկու հիւանդները կ’առողջանան եւ կ’ապրին:

«Հիւանդանոցը հազիւ թողած, Վահան Չերազ կը բռնուի «բացակայութեան» ախտէն, ու կը վազէ միանալու պաշտուած Զօրավարին՝ մասնակցելու անոր հետ Կիլիկիոյ պաշտպանութեան գործին:

«Սակայն ազգային հերոսը կը ստիպուի անցնիլ Ամերիկա: Վահան ինք կը վերադառնայ երկիր [13 Օգոստոս 1920-ին, Պոլիսէն- Յ.Չ.], զայն անգամ մըն ալ չլքելու հաստատ որոշումով»:

Չերազ մարդկային ազնիւ զգացումով տոգորուած՝ իր կեանքը վտանգեց, փրկելու համար հոգեվարքի մէջ գտնուող, փողոցը լքուած որբ աղջնակը: Այսինքն, այստեղ իր արարքին մղումը՝ դրդապատճառը կեանք մը փրկել էր:

Ամիսներէ ի վեր աշխարհի բնակչութեան սպառնացող պսակաձեւ ժահրի համավարակի տարածումը կանխարգիլելու, սանձելու համար, իւրաքանչիւր երկիր՝ խստագոյնէն մինչեւ անտարբերութիւն եւ խարխափում, զանազան աստիճանի միջոցներ որդեգրեց, ոմանք շա՜տ ուշ, պատճառ դառնալով հարիւր հազարաւոր անտեղի զոհերու:

Այս համավարակը յաղթահարելու տրամաբանական եւ զուգահեռ միջոցը երկուք է.- առաջինը՝ մեկուսացնել վարակուածները, որպէսզի ուրիշին չփոխանցեն, եւ ինքնամեկուսացման ենթարկել մնացեալ ժողովուրդը, փակելով երկրին սահմանները, մինչեւ որ գտնուին եւ մեկուսացուին եւ, եթէ կարելի է, դարմանուին բոլոր վարակուածները:

Երկրորդը՝ գիտական, բժշկական դարման մը գտնել, ոչնչացնելու, կամ դիմադրելու համար ժահրը: Յոյսով ենք, որ գիտութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի յաջողի: Սակայն առաջինը կ’ենթադրէ կառավարութիւններու յստակ ու խիստ պարտադիր կարգադրութիւններ ու հրահանգներ եւ ամբողջ ժողովուրդին կարգապահ ու գիտակից հնազանդութիւնը՝ գործակցութիւնը:

Իտէալական պարագային, շուրջ չորս շաբաթ բաւարար է գտնելու համար բոլոր վարակուածները, տրուած ըլլալով, որ երկու օրէն երկու շաբթուան կը կարօտի վարակուած անձին մօտ ախտանշաններու յայտնուիլը: Երկիրներ, որոնց կառավարութիւնները կանուխէ՛ն ծրագրեցին եւ պարտադրեցին այս մարտավարութիւնը՝ մարդկային նուազագոյն վնասները կրեցին, ինչպիսին է պարագան շուրջ հինգ միլիոն բնակչութեամբ Լիբանանի: Արդարեւ, 28 Փետրուարին կառավարութիւնը որոշեց կրթական բոլոր հաստատութիւնները փակել, երբ երկրին մէջ յայտնուեցաւ վարակման չորրորդ պարագան:

Հայաստանի մէջ, 1 Մարտին յայտնուեցաւ վարակման առաջին պարագան,  որուն հետ շփում ունեցած 32 անձեր մեկուսացուեցան: Դպրոցները շաբաթ մը փակ պահելէ ետք, Երկուշաբթի, 9 Մարտին վերաբացուեցան, ինչո՞ւ...: 11 Մարտին 3 վարակուածներ Իտալիայէն ժամանելէ ետք, վերջապէս արտակարգ դրութիւն յայտարարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին՝ 16 Մարտէն սկսեալ, սակայն թէ որքանո՞վ կիրարկուեցաւ այդ դրութիւնը… մնաց հարցական:

Անհոգ ու անփոյթ կառավարութիւններուն եւ կամ ժողովուրդներուն անխոհեմ արարքը, վարուելակերպը նման է, համազօր է՝ պատերազմի ընթացքին զինուորները առանց զէնքի դէպի թշնամին զբօսանքի ղրկելուն:

Գանգատող եւ անհնազանդ անհատներ, անգիտակից կամ ոչ, իրենց եւ շրջապատին կեանքը կը վտանգեն, որպէսզի չզրկուին իրենց հաճոյքներէն եւ այս պարագային «ազատ քաղաքացիի» անտեղի իրաւունքներէն...

Ամէն տեսակի ճգնաժամերէն անվնաս դուրս գալու համար՝ անհատը հետեւեալ կարգախօսերով եւ ապրելակերպով պէտք է առաջնորդուի.- ազգասիրութիւն, կարգապահութիւն, կարգասիրութիւն, օրինապահութիւն, ճշդապահութիւն, կարգ ու կանոնի խստապահանջութիւն, քաղաքացիական կրթութիւն, ընկերային իմաստութիւն, շրջահայեցութիւն, զգուշութիւն, աչալրջութիւն, խոհեմութիւն, հնազանդութիւն, անձնազոհութիւն, անձնուրացութիւն, պարտաճանաչութիւն, բարեսիրութիւն, չարքաշութիւն, խնայասիրութիւն, նուիրապետական կարգերու յարգանք, ժուժկալութիւն, ինքնազսպութիւն, չափաւորութիւն, համբերութիւն, տոկալու եւ դիմանալու կամքի դրսեւորում, սովորութիւններէ զրկանք, զրկանք եւ այլն:

Այն ազգերը, որոնք վերոնշեալ արժանիքներով դիմագրաւեցին եւ կը դիմագրաւեն համավարակը՝ նուազագոյն վնասով դուրս պիտի գան:

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Տարածենք