ՄԵՐ ԱՔԵԼԼԱՆ՝ ԵՂԲ. ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի գայլիկական շարժումին իր անջնջելի վաստակը ունեցած մեր անզուգական Աքելլային՝ եղբ. Յակոբ Կարապետեանին երկարամեայ կեանքը ցոլացումը եղաւ մարդկային ազնուագոյն առաքինութիւններու եւ նուիրումի։

Մեր Աքելլան բնածին արժանիքներով օժտուած դաստիարակ մըն էր, մանուկներու եւ պատանիներու հոգեբանութիւնը լաւապէս ըմբռնած։ Զանոնք միշտ հետաքրքիր պահելու բնազդական կարողութեամբ։

Աքելլան հոգատար մեր մեծ եղբայրն էր, լաւապէս ծանօթ՝ միջազգային սկաուտական շարժումի բարենպաստ առաքելութեան եւ ազդեցութեան՝ նորահաս սերունդներու ֆիզիքական եւ բարոյական կազմաւորման աշխատանքին վրայ։

Իր երիտասարդ տարիքին համախմբելով իմ եւ եղբօրս նման բազմաթիւ տղաք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի գայլիկական շարժումին շնորհիւ ան նոր ինքնութիւն տուաւ մեզի։ Յանկարծ զգացինք գրաւչութիւնը մեր պատկանած միութեան, թէ մենք ալ եղբայրական կապերով մեծ ընտանիքի մը մէկ մասնիկն ենք։ Ունինք մեր գիտելիքները, մեր իւրայատուկ աւանդութիւնները, դաւանանքն ու նշանաբանը, որոնք կը կազմաւորեն մեզ եւ կ’առաջնորդեն դէպի ապագայ։

Օժտուած ըլլալով երաժշտական տաղանդով, մեր Աքելլան ստեղծած էր գայլիկական երգերու շարք մը, զոր մեծ սիրով եւ սրտով կ’երգէինք հաւաքոյթներու, արշաւներու եւ բանակումներու ընթացքին։

Ինք սերտած ըլլալով նախնական դարմանումի գործնական սկզբունքները, փոքր արկածներու ընթացքին կը դարմանէր արկածեալները։։

Մեր ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, Աքելլան պէտք է տեղեակ ըլլար իւրաքանչիւրիս ուսումնական վիճակէն։ Ամառնային արձակուրդներուն ունէր իր թելադրանքները՝ մեր ժամանակները օգտակար նպատակներու ծառայեցնելու։ Ի պահանջեալ հարկին ան չափահաս գայլիկներէն ոմանց ամառնային աշխատանք կ’ապահովէր քաղաքին ծանօթ հայ առեւտրականներուն մօտ։

Մեր Աքելլան ջերմ հաւատացեալ մըն էր ազգային արժէքներու եւ աւանդութիւններու։ Մեզի համար հետաքրքրական էին լսել իր դաստիարակիչ պատգամները, որոնք մեզի կը մղէին չարքաշ կեանքի, հնարամտութեան, ամէն օր նոր բարիք մը գործելու եւ մեր լաւագոյնը ներկայացնելու Աստուծոյ, ազգին եւ հայրենիքին։

Տարիներ ետք, մենք բարեբախտութիւնը ունեցանք Աքելլային եւ ընտանիքին մտերմութիւնը վայելելու Սան Ֆրանսիսքոյի գաղութին մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աքելլաներու նահապետը՝ մեր «Ծեր Գայլը» իր հարիւրամեայ կեանքի նախօրէին մահանալով՝այժմ կը հանգչի Մ. Նահանգներու Թենըսի նահանգի Ճէքսըն քաղաքին մէջ։

Յիշատակդ անթառամ մնայ, բոլորիս սիրելի՛ Աքելլա։

 

Ժիրայր Սարգիսեան

Տարածենք