Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ՝ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

 

Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին, ինչպէս ամէն տեղ, նաեւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու թեմի եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, երեկոյեան ժամերգութեամբ, Անդաստանի եւ մանուկներու Ս. խորան ընծայման արարողութիւններով եւ խարոյկի բոցավառումով։

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։

Եկեղեցական դասի անդամներ մասնակցեցան արարողութեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենադպրուհի Էլիզապէթ Պոյաճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, խմբապետներ, սկաուտներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Նոյն օրը, տարիներու աւանդութեամբ, արի-արենոյշներ մասնակցեցան Տեառնընդառաջի հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուեցան օրուան խորհուրդով։

Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդը ուղղեց իր պատգամը։ Իր պատգամին մէջ ան գնահատեց սկաուտները եւ յորդորեց ծնողները՝ հնազանդելու Աստուծոյ պատուիրաններուն, օրէնքներուն եւ հաւատարմութեամբ դաստիարակելու իրենց զաւակները։

Հուսկ, Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեան Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը խորանէն բերաւ եւ յանձնեց Առաջնորդ հօր, որ իր կարգին զայն բաշխեց հաւատացեալներուն։ Ապա, կատարուեցաւ մանուկներու տաճար ընծայումը, որմէ ետք հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները թափօրով առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր Առաջնորդին ձեռամբ եւ Ս. խորանէն բերուած մոմով բոցավառեցաւ խարոյկը։

Ժողովրդային եւ հայրենասիրական երգերով տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի ժողովրդային հանդէսը, որ իր աւարտին հասաւ «Յառաջ նահատակ», «Կիլիկիա» եւ «Մեր հայրենիք» քայլերգներուն խմբերգումով։

 

ԸՆԹՐԻՔԸ

Այնուհետեւ, «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն ի պատիւ աւանդական ընթրիք։

Յանուն առաջնորդին եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ընտանիքին՝ ողջոյնի խօսք արտասանեց Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց եղբ. Րաֆֆի Վարժապետեան։ Ապա, խմբապետներ քոյր Շարլին Կիւզէլեան եւ եղբ. Շահան Աթմաճեան իրենց սրտի խօսքերուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդին, որ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր հաստատած է սկաուտական այս հանդիպումը եւ աւանդական ընթրիքը, որուն անձամբ ներկայ կը գտնուի ան։

Առաջնորդը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ գնահատեց սկաուտները եւ զանոնք յորդորեց պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ ծառայելու ազգին, եկեղեցիին եւ հայրենիքին: Ապա, ան յուշանուէրներ փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն:

Աւարտին, հաւաքաբար երգուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը։

 

 

Տարածենք