«ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐ»Ը ՀԱԼԷՊԻ, ԳԱՄԻՇԼԻԻ ԵՒ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ

 

Կիրակի, 9 Փետրուար 2020-ին, Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտները Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզին մէջ միօրեայ գործունէութեամբ մը նշեցին «Հայ Սկաուտի Օր»ը, մասնակցութեամբ 135 քոյր-եղբայրներու։ Օրուան յայտագիրը սկսաւ խմբային դրութեամբ եւ դրօշակի արարողութեամբ, ապա տեղի ունեցան նախաճաշ, մարզանք եւ ռալի։

Յայտագիրին յատկանշական բաժիններէն մէկն էր տողանցքը, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին։ Տողանցքին ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդն ու խմբապետութիւնը, Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներն ու Սկաուտ. Խորհուրդը։ Տողանցքի աւարտին տեղի ունեցաւ աստիճանատուչութիւն եւ վկայականաց բաշխում, ձեռամբ մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեանի։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Ծերուն Գահվէճեան խօսք առնելով շնորհաւորեց սկաուտները՝ «Հայ Սկաուտի Օր»ուան առթիւ եւ նշեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները Վարդանանցի ոգիէն ներշնչուած՝ Վարդանանցի տօնը յայտարարած են «Հայ Սկաուտի Օր»։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային խմբապետ եղբ. Յովհաննէս Փամբալեան սկաուտներուն դասախօսեց «Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը» նիւթը։ Ճաշէն ետք կատարուեցան զարգացման մրցում, ձեռային աշխատանք եւ մտերմիկ խրախճանք։

 

ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԷՋ

Շաբաթ մը ետք, 16 Փետրուար 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի մասնաճիւղը իր կարգին պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշեց «Սկաուտի Օր»ը, ներկայութեամբ շրջանի քահանայ հօր, պատկան մարմինի ներկայացուցիչին, Հալէպէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեանին եւ միութեան ներկայացուցիչներուն:

Սկիզբը, հանդիսավարները ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը ննջեցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն։ Ապա հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները:

Խումբ մը սկաուտներ ներկայացուցին կենդանի պատկեր, որմէ ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի վարչութեան ատենապետ եղբ. Անդրանիկ Սարգիսեան։ Ապա, սկաուտներ ներկայացուցին հայկական պար, երգեցողութեամբ եղբ. Րաֆֆի Օհանեանի եւ խմբային ասմունք` «Փա՜ռք Հ.Մ.Ը.Մ.ին»։ Շարունակելով յայտագիրը, խումբ մը արի-արենոյշներ ներկայացուցին զինուորական պար եւ բուրգեր: Ապա, տեսերիզի միջոցով ցուցադրուեցաւ մասնաճիւղին միամեայ գործունէութիւնը: Սկաուտական երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը հայերէն եւ արաբերէն երգեր, ղեկավարութեամբ քոյր Եւա Մանուկեան-Սելիմեանի։

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն՝ ձեռամբ Սուրիոյ Շրջանային Խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեանի։ Եղբ. խմբապետը կատարեց խմբապետի տուչութիւն քոյր Եւա Մանուկեան-Սելիմեանին եւ աւարտին փոխանցեց խմբապետութեան խօսքը։

Յայտագիրը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ քահանայ հօր սրտի խօսքով ու «Պահպանիչ»ով:

 

ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ

Քեսապի մասնաճիւղը «Հայ Սկաուտի Օր»ը նշեց Կիրակի, 1 Մարտի երեկոյեան, գիւղին «Սարդարապատ» սրահին մէջ։ Տօնակատարութիւնը կազմակերպեց մասնաճիւղին Սկաուտ. Խորհուրդը։

Տօնակատարութեան բացումը կատարեց շեփորախումբը՝ հնչեցնելով Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները։

Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի միաւորի պատասխանատու քոյր Մարի Շէխուկեան-Լնդեան։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչքան մեծ եղած է հայ սկաուտին դերը հայապահպանման գործին մէջ։

«Յովհաննէս Հինդլեան» խումբի քոյրերն ու եղբայրները ներկայացուցին թատրոն՝ «Chat-ի ընկեր»։ Խումբ մը կայտառ եւ արի քոյրեր կատարեցին չափական մարզանք։ Իսկ «Գրիգոր Յակոբեան» խումբը ներկաներուն հրամցուց հայկական պար՝ «Լորքէ»ն։ «Տիգրան Խոյեան» եւ «Թաթուլ Կրպէեան» խումբերու քոյրերն ու եղբայրները ամենայն ճկնութեամբ ներկայացուցին բուրգ եւ թմպլիկ։ Ապա տեղի ունեցաւ խոստման արարողութիւն եւ վկայականաց բաշխում։

Տօնակատարութիւնը աւարտին հասաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով՝ կատարողութեամբ շեփորախումբին։

 

 

Տարածենք