ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ

 

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Սոյն նամակով Հայ Օգնութեան Միութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը կ’ողջունէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր ժողովը։


Որպէս հազարաւոր պատանիներու եւ երիտասարդներու համախմբողը, սկաուտական եւ մարզական դաստիարակութեամբ ազգային ու մարդկային արժէքներ փոխանցողը կþողջունենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր պատգամաւորները, որոնք կը ներկայացնեն մարդուժի հիմնական դարբնոցները իրենց երկիրներէն ներս եւ տարբեր մակարդակներու վրայ միշտ կը համագործակցին ՀՕՄ-ին հետ։


Կը յուսանք, որ պատկառելի այս ժողովը «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանով կը շարունակէ իր յաղթական երթը՝ դէպի նոր, լուսաւոր ապագայ՝ շինիչ եզրակացութիւններու շնորհիւ։


Տասնեակ հազարաւոր միութենականներու, մարզիկներու եւ սկաուտներու իրերայաջորդ սերունդներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շունչին տակ հասակ առնելով ծառայեցին հայրենիքի ու Սփիւռքի մեր կռուաններուն։ Իր անդամներու կամաւոր աշխատանքի գիտակցութեան պատրաստակամութեան եւ զոհողութեան ոգիով, այս կազմակերպութիւնը անքակտելի մէկ մասնիկը եղաւ մեր ժողովուրդին եւ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան՝ իր արդար բաժինը բերաւ սփիւռքահայութեան ազգային գոյատեւման ջանքերուն։


Հ.Մ.Ը.Մ.ը մէկ դարէ աւելի պատուով կատարեց իր ստանձնած եւ իրենց վստահուած առաքելութիւնը, ժամանակին հետ քայլ պահելով։ Վարձքը կատար Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբանով առաջնորդուած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։ Կը մաղթենք միշտ Յառաջ ընթացք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մեծ ընտանիքին։


Յաջողութիւն նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան։

 

Տարածենք