ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ

 

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,

101-ամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ կառոյցներու ներկայացուցիչներով անգա՛մ մը

եւս համախմբուած էք, այս անգամ հանգամանօրէն քննարկելու եւ արժեւորելու միութեան վերջին քառամեակի գործունէութիւնը, որ յատկանշուեցաւ մասնաւորաբար Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի փառաշուք նշումով, որ ունեցաւ համահայկական տարողութիւն։

Իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ, սկաուտական խիտ շարքերով եւ մարզական մրցունակ խումբերով հարուստ այս միութիւնը է՛ եւ կը մնայ հայապահպանման եւ հայակերտման կարեւորագոյն դարբնոցներէն մէկը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եկաւ դառնալու միութեան 111-րդ մասնաճիւղը՝ հերոսական Արցախի մէջ։

Հարիւրամեակի իր հարուստ փորձառութեամբ զինուած, եւ հաւատարիմ իր առաքելութեան, Հ.Մ.Ը.Մ. կը շարունակէ քայլ պահել

ժամանակին հետ, եւ 21-րդ դարու յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ, հայրենիքի սահմաններէն ներս թէ դուրս, կը հանդիսանայ հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային ոգիի փոխանցման առաջնակարգ դրօշակիրը։ Մենք կը հաւատանք, որ Հ.Մ.Ը.Մ. պիտի շարունակէ քալել իր հիմնադի՛ր սերունդի՝ Շաւարշ Քրիսեանի, Յովհաննէս Հինդլեանի եւ Գրիգոր Յակոբեանի տեսլականին ուղենիշներով։

Կ’ողջունենք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական ժողովի բոլոր մասնակիցները, յաջողութիւն կը մաղթենք ժողովի աշխատանքներուն եւ յաջորդ Կեդրոնական Վարչութեան։

 

 

Տարածենք