Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 12-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

 

Շատ սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Իսկապէս հաճոյք է գտնուիլ ձեր մէջ, մանաւանդ որ այսքան ծանօթ դէմքեր կան այստեղ։ Ուրախ եմ, որ միութիւնը առողջ է եւ խանդավառ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը բոլորիս սիրտերուն եւ միտքերուն մէջ ունի յատուկ տեղ։ Իր առաքելութեան լիիրաւ տէրն է ան։ Ես շատ ուրախ եմ տեսնելու, որ աւելի քան 70 լիազօր պատգամաւորներով եւ աւելի քան 117 պատգամաւորներու ընդհանուր թիւով, այսօր եկած էք մայր հայրենիքի մէջ փաստելու, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայ իրականութեան սկաուտական եւ մարզական մեր ամենամեծ կազմակերպութիւնն է։

Երիտասարդութիւնը տարիքի հարց չէ միայն, բարեկամնե՛ր, սիրելինե՛ր։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը երիտասարդի պէս կը մտածէ, երբ այս կազմակերպութեան անդամակցութիւնը կը շարունակէ եւ այս կազմակերպութենէն անդին, իբրեւ վարչական, առաջնորդի դեր կը ստանձնէ այլազան մակարդակներու վրայ։

Ես Հ.Մ.Ը.Մ.ի արդիւնք եմ։ Շատ փոքր տարիքիս, երկուքուկէս տարեկանիս, զիս արձանագրած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն, Հալէպի մէջ։ Ես հաճոյքով կրած եմ գայլիկական կանաչ տարազը՝ մինչեւ Պէյրութ հաստատուիլս։ Պէյրութի մէջ շարունակած եմ սկաուտական գործունէութիւնս՝ մինչեւ Գանատա մեկնիլս։ Գանատայի մէջ որոշ ժամանակ օժանդակած եմ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Եղած եմ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի հիմնադիր խմբակի անդամ։ Հետագային, բախտը ունեցած եմ մեր կուսակցութեան շուրջ բոլորուած մեր գաղափարակից, ուղեկից կազմակերպութիւններու ընդմէջէն տեսնելու անոնց աշխոյժ վիճակը եւ հպարտութեամբ նկատելու, թէ որքա՜ն պատնէշի վրայ են անոնք եւ որքա՜ն յաջող աշխատանք կը տանին։

Այսօր մենք ծարաւը ունինք իսկական համահայկական միութիւններու։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատկերը վկայ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը Հայաստանի մէջ վերընձիւղումէն ետք ստացաւ համահայկական այն նկարագիրը, որուն կը բաղձայինք եւ որուն կարօտը ունէինք մենք երկար տարիներ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մինչ այդ շրջանային կազմակերպութիւն էր, հիմնականին մէջ՝ Միջին Արեւելեան։ Վերջը դարձաւ համասփիւռքեան եւ անոր համար մենք մեծ ուրախութեամբ ողջունեցինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի տարածումը այլ շրջաններու մէջ։ Այսօր, միութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ համահայկական կազմակերպութիւն։ Փառք ու պատիւ այստեղ նստող եւ դուրսը աշխատող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք պատուով կարողացան միութիւնը հասցնել այս մակարդակին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը միայն մարզական, երիտասարդական, սկաուտական շարժում չէ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը նաեւ ազգային դաստիարակութեան տուն է։ Իմ օրինակէս մեկնելով, ես մանկութեանս Պատանեկան Միութիւններու չեմ անդամակցած, ուղղակի երիտասարդականի մաս կազմած եմ, բայց պատանեկութեանս շրջանին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ լաւապէս սորված եմ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ազգային նկարագիր, ի՛նչ կը նշանակէ ազգային արժէք, ի՛նչ կը նշանակէ ժողովուրդի եւ դատի նուիրում։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը զիս տոգորած է ո՛չ միայն իր կանչերով, որոնք հաճելի կը թուին բոլորիս, այլեւ՝ քայլերգի հնչեղութիւն ունեցող իր երգերով, որոնք 20-րդ դարու մեր յօրինուածքներուն մէջ իւրայատուկ տեղ ունին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգը նահատակ ժողովուրդի զաւակներու մարտական կոչ է, որպէսզի իր առաքելութեան ճամբով նահատակ ժողովուրդը ոտքի՛ կանգնի, անգամ մը եւս պանծացնէ հայրենիքը, իր առջեւ ունենալով Մասիսը եւ իր սրտին մէջ ունենալով Եռագոյնը,- այդ ժամանակ մէկ հատուածի միայն պատկանող, իսկ հիմա՝ համազգային,- եւ բնականաբար նաեւ՝ ամբողջական Հայաստանը։

Ես մեծապէս ուրախ եմ, որ զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մէջ երկար ծառայութեանս շրջանին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարագային ես երբե՛ք ընկրկում կամ վհատում չեմ տեսած։ Հ.Մ.Ը.Մ. տէրն է եւ ամբողջական պատասխանատուն իր նշանաբանին, որովհետեւ ան ո՛չ միայն ինքզինք կը բարձրացնէ, այլեւ՝ իր հետ կը բարձրացնէ նաեւ մեր երիտասարդութիւնն ու ժողովուրդը։

 

Տարածենք