ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 12-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ

 

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ։

Ահա դարձեալ հաւաքուած էք, որպէս Պատգամաւորական ժողով, քննարկելու ու արժեւորելու համահայկական ձեր կազմակերպութեան անցնող շրջանի գործունէութիւնը։ Ինչպէս յաճախ կը յիշեցնենք, Հ.Մ.Ը.Մ.ը սովորական իմաստով մարմնամարզական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ առաքելութիւն՝ իր էութեամբ ու նպատակով։

Արդարեւ, մեր ազգային արժէքներու տարածման, հայակերտման ու հայապահպանման նուիրուած որեւէ կառոյց, նուիրական առաքելութեան մըն է լծուած մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս։

Այսպէս եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր ծնունդով ու նպատակով, իր կեանքով ու գործունէութեամբ։ Այսպէս եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայ կեանքէն ներս ամէն տեղ, այս ոգիով ու նպատակասլաց յանձնառութեամբ սերունդներու դաստիարակութեան լծուած՝ հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցի կողքին դառնալով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու պահապանը, ջահակիրը ու առաքեալը։

Վստահ ենք, որ ներկայ Պատգամաւորական ժողովը Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան վերահաստատման եւ բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յանձնառութեան վերանորոգման առիթ մը պիտի հանդիսանայ։

Իմացանք, որ համաձայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի կանոնագրութան, Միութեան ներկայ ատենապետ տիար Գառնիկ Մկրտիչեան կþաւարտէ իր շրջանը։ Այս առիթով, եւ ձեր բոլորի ներկայութեան, Մեր հայրական օրհնութիւնն ու բարձր գնահատանքը կը յայտնենք պրն. Մկրտիչեանին։ Մենք մօտէն ճանցչած ենք զինք եւ քաջածանօթ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին մատուցած իր ամբողջանուէր ծառայութեան։

Արդարեւ, անցնող տարիներուն ան նուիրումով, զոհողութեամբ ու յանձնառութեամբ կատարեց իրեն վստահուած պատասխանատուութիւնը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը դարձաւ իր ընտանիքը, եւ եղաւ կենդանի ու առանցքային ներկայութիւն իր ամէնօրեայ կեանքէն ներս։ Ան իր գերագոյն կարելին ի գործ դրաւ, որպէսզի առաւել եւս ծաւալի ու ծաղկի Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը՝ Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Հայաստան ու Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Վստահ ենք, որ ան երբեք պիտի չհեռանայ իր կեանքին մէկ անբաժան մասը կազմող Հ.Մ.Ը.Մ.էն, եւ այս միութիւնը առաջնահերթ տեղ պիտի գրաւէ իր կեանքի օրակարգին վրայ։

Այս առիթով, անգամ մը եւս կþողջունենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը։ Հայրական Մեր թելադրութիւնն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը վերանորոգ կենսունակութեամբ շարունակէ իր հայակերտումի առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, ի սպաս մեր նորահաս սերունդներուն։

Հայրական ջերմ սիրով,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

 

Տարածենք