Թիւ 234 - ԱՆՑԵԱԼՆ ՈՒ ԱՊԱԳԱՆ

 

Օրացոյցի փրցուող վերջին թերթիկներուն հետ տարի մըն ալ անցաւ պատմութեան գիրկը: Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Զ. մարզախաղերու տարին դարձաւ սոսկ թուական եւ յիշատակ: Համահայկական 2րդ խաղերը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համա-եւրոպական բանակումը, Նաւասարդեան 26րդ մարզախաղերը եւ այլ ձեռնարկներ հե՛տք ձգեցին մարդոց միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ ու անցան պատմութեան էջերուն:

Նոր տարի մը սկսաւ նոր յոյսով ու հաւատքով, միաժամանակ՝ նոր ծրագրումներու եւ իրագործումներու պատրաստութիւններով: Կեանքի օրինաչափութիւնն է այդ. քարացած ու անփոփոխ վիճակները հաւաքականութիւնները կը մատնեն տեղքայլի ու նահանջի, մինչդեռ տեւական վերանորոգումը եւ վերաշխուժացումը գրաւականը կը հանդիսանան նորանոր յաջողութիւններու:

Ներկայի ու ապագայի ծրագիրներուն հետ սակայն, կարելի չէ մոռնալ անցեալը եւ անտեսել աւանդաբար անկէ փոխանցուող գաղափարներն ու իտէալները: Գոյատեւման եւ յարատեւման իր իրաւունքները կը կորսնցնէ ամէն հաւաքականութիւն, որ իր կապերը կը խզէ անցեալի իր ժառանգութիւններուն հետ: Նման դժբախտութիւն մը ոչ միայն ուրացում եւ կորուստ է անցեալի արժէքներու, այլ նաեւ՝ դաւաճանութիւն է ապագային հանդէպ, որ անխուսափելիօրէն պիտի խարսխուի անցեալի ենթահողին վրայ:

Հայոց անմահ երգիծաբանը անցեալի ու ապագայի կապը կը սահմանէ շատ սրամիտ ու խորիմաստ բացատրութեամբ մը. «Ետեւդ նայէ, որ առջեւդ տեսնես»: Այն հաւաքականութիւնները, որոնք իրենց ետին նայիլ չեն գիտեր, ընդունակ չեն անցեալի դասերէն օգտուելու, կը կորսնցնեն իրենց առաքելութիւնն ու կոչումը, կ’իյնան խարխափումներու եւ փորձութիւններու մէջ:

Պատմութիւնը տեւական կրկնութիւն է: Կրնան որոշ պայմաններ փոխուիլ, կարգ մը մանրամասնութիւններ աւելնալ կամ պակսիլ, սակայն հիմնական մարտահրաւէրները կը մնան նոյնը: Պատմութիւնը լաւ ճանչնալ կը նշանակէ վերակառուցել պատկերը անցեալին եւ այդ պատկերին մէջ տեսնել ցոլքը գալիքին եւ առաջնորդող սկզբունքները ներկային:

Հ.Մ.Ը.Մ. ունի հպարտալի վաստակով հարուստ պատմութիւն: Յաջորդական սերունդներ իրենց ջանքով ու քրտինքով տարիներու ընթացքին արձանագրած են բազմաթիւ նուաճումներ՝ կառչած մնալով անցեալէն ժառանգուած սկզբունքային արժէքներու: Իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի պարտաւորութիւնն է ճանչնալ այդ սկզբունքները եւ իւրացնել զանոնք: Որքան միութենական մը ծանօթ ըլլայ իր նախորդներու յաջողութիւններուն, որքան շատ բաժնեկցի անոնց տառապանքներն ու երջանկութիւնները, երազներն ու յոյսերը, այնքան ինքզինք հարազատ կը զգայ իր միութեան:

Չի բաւեր յիշել միայն անցեալի երախտաւոր դէմքերու անունն ու գործը: Եթէ պիտի պարծենանք անոնց իրագործումներով, բայց պիտի հրաժարինք անոնց ոգիին, հաւատքին եւ սկզբունքներուն տէր կանգնելէ, կեղծիքի կը վերածուին մեր խօսքերն ու զգացումները: Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուաբեր պատմութիւնը կերտողներուն յիշատակը ոգեկոչելու գլխաւոր միջոցը անոնց հետապնդած նպատակներուն հաւատարիմ մնալն է, անոնց գործին շարունակականութիւնը ապահովելն է, հաւատքո՛վ, համոզումով ու արդար հպարտութեամբ:

Ժամանակի ու միջավայրի բոլոր ձեւի մարտահրաւէրներուն ընդդէմ՝ ոչ մէկ ուժ կրնայ շեղել Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընթացքը, եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ գիտնան իրենց ներշնչումները քաղել իրենց միութեան պատմութենէն եւ ըստ այնմ ճշդեն ներկայ ու գալիք սերունդներուն ուղղութիւնը: Անյաղթահարելի դժուարութիւններ չկան 83ամեայ մարմնակրթական միութեան մը համար, որ գիտէ միշտ եւ ամէնուր թանկագին զոհողութիւններու գնով բարձր պահել իր վսեմ առաքելութեան դրօշը:

Տարածենք