Թիւ 210 - ՆՈՐ ՇՈՒՆՉՈՎ

 

Ժամանակի սուր մկրատով մենք կտրեցինք արդէն 2000 թուականի տօնական կարմիր ժապաւէնը։ Թեւակոխեցինք 21-րդ դար եւ օրացոյցին առաջին թերթիկները փրցնելէ ետք, կրկին վերադարձանք մեր առօրեային ու գործին, հոգերուն ու ցաւին։

20-րդ դարը աւարտեցաւ։ Մարդկային արդի քաղաքակրթութեան երկրորդ հազարամեակն ալ աւարտեցաւ, սակայն մարդ արարածին տագնապները չաւարտեցան, աւելի սրեցան ու բարդացան։ Կը կարծուէր, որ 20-րդ դարու աւարտին մարդ հասած պիտի ըլլար իր հոգեւոր ու ֆիզիքական պահանջներուն լիիրաւ իրականացման, այնպէս մը որ կարելիութիւնը ունենար արժանապատիւ կեանք ապրելու։ Բայց արդեօ՞ք այդպէս է…։

21-րդ դար նոր մուտք գործած, երբ ետ կը նայինք անցեալ դարու իրագործումներուն, կը նայինք մեր ներսը, կը զննենք մեր շուրջը, չենք կրնար չնկատել, որ մեր կեանքը այլեւս կը փոխուի շատ արագ։ Երէկուան մեր յաջողութիւնը այսօր չի գոհացներ մեզ։ Կեանքի զարգացման կշռոյթը զարգացած է անհամեմատելի թափով։ Դժուար է, սակայն կարեւոր է ամէն գնով քայլ պահել այդ կշռոյթին հետ, հասկնալու համար մեր շուրջը կատարուող փոփոխութիւններուն էութիւնը։

Եղածով գոհանալու, անցեալի փառքերով օրօրուելու ժամանակը անցած է շատոնց։ Ինքնագոհութիւնը եւ լճացումը սնանկութեան կրնան առաջնորդել մեզ, եթէ երբեք շարունակենք մտածել ու գործել մեծ հարստութիւն մը ժառանգած երանելիներու պէս։

Նոր դարուն հետ նոր շունչ, թարմացում եւ արդիականացում կը պահանջէ նաեւ մեր կեանքը։ Մեզի հարկաւոր են հիմնական փոփոխութիւններ՝ կեանքի նոր կշռոյթին հետ կարենալ ընթանալու համար։ Կը բաւէ դիտենք ուրիշներու յաջողութիւնները եւ խուսափինք մտածելու, տքնելու եւ կազմակերպելու յոգնութենէն։

Հարկ է վերագտնենք ժամանակին հետ քալելու մեր վարժութիւնը։

Գիտական նորութիւններու եւ հրաշագործ հաղորդակցութիւններու աշխարհ մը կը խլրտի այսօր մեր շուրջ։ Այլատեսակ հոսանքներ կը թաւալին մեր գլխուն վերեւ եւ ոտքերուն տակ, իսկ մե՞նք… ո՜ւր էինք, ո՞ւր հասանք եւ ո՛ւր հասած պէտք է ըլլայինք։

Փոխուած են մեր շուրջի մտայնութիւնները, ըմբռնումները, կեանքի պահանջներն ու ժամանակի հոգեբանութիւնը։ Կ’ապրինք նիւթի գերիշխան տիրապետութեան օրերուն։ Գործնապաշտ մտածողութեան գովքը, հարստութեան ապահովութեան փառաբանանքը, շահու եւ ճարպիկութեան իմաստութիւնները ի պատուի են մեծ համեմատութիւններով, մինչդեռ նուիրաբերումը, անշահախնդրութիւնն ու բարոյական ազնուագոյն սկզբունքները կարծէք դադրած են առաքինութիւններ նկատուելէ եւ մինչեւ իսկ «ժամանակավրէպ արժէք»ներ դասուած են շատերու կողմէ։

Մեծ կարելիութիւններ ունինք, սակայն զարմանալիօրէն՝ նուազ ժամանակ։ Աւելի մասնագէտներ ունինք, բայց աւելի շատ՝ լուծելի հարցեր։ Կրկնապատկուած են մեր հարստութիւնները, սակայն նուազած են մեր արժէքները։ Տարիներ աւելցուցած ենք մեր կեանքին, բայց ոչ կեանք՝ տարիներուն։ Մեծ բաներ կ’ընենք, բայց ոչ աւելի լաւ բաներ։

Այս մռայլ խորհրդածութիւնները դժբախտաբար կը բխին ամէնօրեայ իրականութիւններէ։ Այսպէ՞ս էինք երէկ, եւ կրնայի՞նք դարերով դիմանալ, եթէ այսօրուան պէս վարուէինք…

Մեր ձախողութիւններուն ու նահանջներուն պատճառները չփնտռենք ուրեմն մեզմէ դուրս, իրատեսօրէն նայինք ապագային, գործենք նոր դարուն շունչով ու կշռոյթով, բայց մանաւա՛նդ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական անժամանցելի սկզբունքներով.- գաղափարական ծառայութեամբ, անձնուրաց նուիրումով եւ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ի անշեղ հաւատարմութեամբ։

Տարածենք