Թիւ 169 - ՋԱՀԸ, ՋԱՀԱԿԻՐԸ ԵՒ ԵՐԴՈՒՄԸ

 

Բոլոր ժամանակներու հայոց մեծագոյն մասիսերգակը իր «Տանթէական»ին մէջ տրտմութեամբ խոստովանանք կը կատարէ, թէ «Աշխարհ եկայ՝ հայ երկրի կանթեղները մար[ած] տեսայ, նոր էլ մարել վերջին ջահը ու վշտերը քար տեսայ»։ Ու անմիջապէս ետք, նուազագոյն տրտմութիւնն իսկ թօթափողի տրամադրութեամբ, կ’աւելցնէ, թէ՝ «Միտքս դէպի Մասիսն ի վեր, սիրտս բուրվառն արեւի՝ սիրտս դրի իմ երգի մէջ ու ջահերը վառ տեսայ…»։

Չենք գիտեր, թէ «Տանթէական»ի հեղինակը՝ Շիրազ իր ծանօթ քառեակը ստեղծագործած պահուն որքա՛ն ծանօթ էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան։ Չենք գիտեր նաեւ, թէ երբեւիցէ միտքէն անցուցա՞ծ է, թէ պատկերաւոր իմաստութեամբ այդ չորս տողերը որքա՜ն հարազատ կերպով կը բնորոշեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի երէկն ու այսօրը՝ իրենց մութ ու պայծառ երեսներով։

Արդարեւ, մարմնակրթական մեր միութեան 78-ամեայ ուղին տարբեր չեղաւ տարաբախտ բանաստեղծին վիճակուած կեանքէն։ Ճիշդ է, որ մեր ծնունդը եղաւ «երկնի ու երկրի» երկունքը ապրած 1918-ի Հանրապետութեան ծնունդով, իբրեւ «Ի բոցոյն վազող խարտեաշ պատանեկիկ», սակայն ճիշդ  է նաեւ, որ մեր միութեան կեանքին ու գործունէութեան երեք քառորդ դարը անցաւ աշխարհացրիւ, աստանդական պայմաններու մէջ, հեռու հայոց Ողիմպիայէն՝ վեհապանծ Մասիսէն եւ անոր կատարէն շողացող արեւէն, որուն ջերմութեամբ բորբոքելու եւ ճարճատելու այնքա՜ն կարօտը ունէին մեր խարոյկներն ու տողանցքներու ջահերը։

Աստուած եւ պատմութիւնը վկայ սակայն, որ մեր խարոյկները երբեք չմնացին օտարոտի, ինչպէս որ մեր ջահերը չդարձան սոսկական բոցկլտումներ, քանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վեհ տեսլականով ոգեզինուած, տեւաբար մենք մեր միտքերը սեւեռեցինք «Մասիսն  ի վեր» խոյանալու յամառ ճիգին, մինչ հայրենակարօտ մեր սիրտերը դարձուցինք մէկական «բուրվառ» Սրբազան մեր լերան արեւին։ Երդուեցինք եւ աշխատեցանք, տքնեցանք եւ անչափելի զոհողութիւններու գնով տէ՛րը կանգնեցանք մեր երդումին, որպէսզի անարատ հայկականութեան բոցը անշէջ պահենք հայ մատղաշ սերունդներու հոգիներո՛ւն խորը, մինչեւ որ բախտաւոր օր մը, պայմաններու յարմար դասաւորումով, ոգեղէն այդ ջահին տանք ձեւ ու մարմին, վերածենք զայն նիւթեղէն արժէքի եւ դարձնենք ազգային սկաուտական մեր շարժումը առաջնորդող փարոս։

Ի ցնծութիւն եւ բախտաւորութիւն մեր սերունդին, որ այսօր, տասնամեակներու անտեսումէ եւ ուրացումէ ետք, երբ քամի ցանողները փոթորիկ հնձած են այլեւս, եւ երբ Հայաստան անկախացած է եւ վերատիրացած իր ազգային խորհրդանիշներուն՝ Եռագոյն դրօշին, քայլերգին, զինանշանին եւ ազգն ու հայրենիքը հայկականութեամբ վերակնքող արժէքներուն, հայ սկաուտութեան ներկայացուցչութեան ջահը եւս վերադարձած է Հայաստան եւ փոխանցուած է իր արժանաւոր ներկայացուցիչ Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութեան (ՀԱՍԿ-ին)։

ՀԱՍԿ, իրաւացիօրէն, հայ սկաուտութեան ջահակիրն է այսօր։ Ողջո՜յն անոր խանդաբորբ ու կայտառ շարքերուն։ Բի՜ւր յարգանք նուիրական այդ ջահին հայրենիք վերադարձի երազը իրականութիւն դարձուցած հայ սկաուտութեան բոլոր նուիրեալներուն։ Եւ վերջապէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի խօսք ու երդում՝ անպայմա՛ն այդ ջահը բոցավառած տեսնելու պատմական Աշտիշատի հա՛յ ատրուշաններէն։

Տարածենք