Թիւ 271 - ԱՅԼԱՍԵՐՈՒՄ

 

Որեւէ ժողովուրդի բառարանին մէջ այլասերումը լաւ նշանակութիւն չունի, բայց հայութեան համար ան կը նշանակէ կորուստ, քայքայում, ազգէն հեռացում, ազգային աղէտ։

Հայկական Ցեղասպանութեան 90-ամեակին առիթով, բեմերէն եւ մամուլի էջերէն ամէնէն աւելի կրկնուող բառերէն մէկն է ան։ Տեսակ մը ահազանգ՝ զգուշութեան, պայքարի հրաւէր՝ ինքնապաշտպանութեան։

Կար ժամանակ, երբ այլասերման ըմբռնումը առաւելաբար հոմանիշ դարձած էր մայրենի լեզուի մոռացման։ Ան որ հայերէն չէր խօսեր եւ օտար լեզուով կþարտայայտուէր՝ կը նկատուէր այլասերած, ազգային տեսակէտով կորսուած։

Ժամանակներն ու պայմանները փոխուած են այսօր եւ բոլորովին ճիշդ չէ, արդար չէ, այլասերումը զուտ լեզուական երեւոյթ նկատել։ Լեզուն շօշափելի, զգալի հետեւանքներէն մէկն է այլասերման աղէտին։

Իսկական այլասերումը ՀՈԳԵԿԱՆ Է։

Տխուր է անշուշտ տեսնել նոր սերունդի զաւակներ, որոնք իրենց շրջանակին հետ հայերէն չեն կրնար խօսիլ։ Բայց աւելի տխուր է տեսնել լաւ հայերէն գիտցող, հայկական վարժարան յաճախած երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք մայրենի լեզուն խօսելով հանդերձ՝ բոլորովին անտարբեր են հայ կեանքին, հայկական արժէքներուն եւ միութիւններուն հանդէպ։

Ու եթէ լեզուի կորուստը յատուկ է որոշ գաղութներու միայն, հոգեկան այլասերումը, իր մտահոգիչ ու մռայլ հետեւանքներով, ընդհանուր երեւոյթ է բոլոր գաղութներու, մինչեւ իսկ՝ Հայաստանի համար։

Օտարամոլութիւնը ախտաւոր երեւոյթ մըն է անկասկած, որ այլասերում առաջնորդող առաջին լուրջ քայլն է։ Խօսքը կը վերաբերի անոնց, որոնք օտարին վառեակն իսկ մեր սագէն աւելի մեծ տեսնելու ունայնամտութիւնը ունին։ Ինչ որ ուրիշը կը կատարէ գնահատելի է, առանց քննութեան եւ արժեւորման։ Ինչ որ հայկական գործ է՝ արժանի չէ ուշադրութեան։ Ազգայինը, սեփականը ստորագնահատող եւ կուրօրէն օտարը ընդօրինակողներու բազմութիւնն է ասիկա, որ մեծ քայլերով դէպի այլասերում կը դիմէ։ Քաղքենիացումը, սնոպիզմը, երեւելու տենչը մեծ դեր կը խաղան հոգեկան ու մտային այս այլասերման մէջ։

Հաճոյամոլութիւնը, օտարամոլութեան հետ միասին, ազգային նկարագիր աղարտող ուրիշ ազդակ մըն է, որ երեւան կու գայ զանազան երեւոյթներու եւ ձեւերու տակ։ Ինչ որ զուարճութիւն, դիւրին ու մակերեսային հաճոյքներ կþընծայէ՝ լաւ է եւ ընդունելի։ Ինչ որ որոշ զոհողութիւն եւ անդուլ ճիգ կը պահանջէ՝ մերժելի է։ Ազգային մտահոգութիւններով եւ իտէալներով չեն ապրիր այլասերածները։

Ժողովուրդը կþըսէ. «Ձուկը գլուխէն կը հոտի»։ Այդպէս ալ այլասերումը սովորաբար վերէն կը սկսի, ժողովուրդի մը վերի խաւերէն։ Վարի խաւերը իրենց պայմաններուն բերումով կառչած կը մնան սեփականին։ Հոգեկան այլասերման վտանգին ենթակայ են առաւելաբար անոնք, որոնք աւելի դիւրին կեանք մը վարելու հնարաւորութիւնները ունին։

Հայկական Ցեղասպանութեան 90-ամեակը լաւագոյն առիթն է մտածելու վաղուան հայութեան մասին, մե՛ր մասին, որովհետեւ այլասերումը այլեւս մեզմէ հեռու չէ։ Մեզ շրջապատած է, յաճախ՝ մեր մէջն է։ Հետեւաբար, հարցում մը ինքզինք ամէնէն աւելի կը կրկնէ. ի՞նչ ընել եւ ի՞նչպէս ընել, որ նորերը չայլասերին, այլ՝ հպարտ զգան իրենց հայութեամբ, իսկ հայութիւնն ալ՝ իրենցմո՛վ։

 

Տարածենք