Թիւ 29 - Հ.Մ.Ը.Մ.Ի Գ. ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը տուած է ժամադրութիւն եւ ճշդած ժամադրավայր։

14 Ապրիլ 1983։

Հինգ երկրամասերէ, 14 երկիրներու Հ.Մ.Ը.Մ.ի 54 մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, թիւով շուրջ 60, պիտի ներկայացնեն 15.000 միութենականներու փափաքը, պահանջը, պատրաստակամութիւնը, գործը եւ գործերու ծրագիրը։

Չորս տարին անգամ մը, այս անկրկնելի Միութիւնը կը քննէ ինքզինք եւ իրմով՝ գրեթէ լրիւ Սփիւռքը՝ անոր մարմնակրթական բոլոր հարցերով։

Կանոնագրով նախատեսուած եւ կանոնաւորաբար կիրարկուող օրէնքէ մը աւելի, հոգեկան եւ կազմակերպական պահանջ է այլեւս այդ՝ իւրաքանչիւր չորս տարին անգամ մը գումարուող Հ.Մ.Ը.Մ. մեծ ընտանիքի Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամական գերագոյն այդ հաւաքը միութենական պայծառ եւ ուժեղ կառոյցի մը արտայայտութիւնն է անկասկած եւ է, մա՛նաւանդ, սփիւռքեան կազմակերպ կեանքի կայտառ ու հաւատաւոր համանուագը։

Ի՛նչ ազգ-հայրենիք- պարկեշտ քաղաքացիութիւն, եթէ երիտասարդութիւն մը պիտի չկարենայ ինքզինք պոռալ, ինքզինք քննել, ուժովնալ ինքնիրմով եւ շրջապատով, վերադառնալու համար գոյատեւման պայքարին առաւել աւիշով եւ դիմադրականութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ. մեր ժողովուրդի երիտասարդական այն թեւն է, որ դաշտով եւ լեռնայինով մաքուր նկարագիր կերտած, օրին նաեւ ժողովական կարգ հաստատած, այժմ ժողովրդական այդ կարգը իր առաւելագոյն չափանիշին բարձրացուցած՝ կը ղեկավարէ ինքզինք, կը ղեկավարէ շրջապատը եւ կը պատրաստուի հաւաքական հաշուեքննութեան։

Ժողով կը նշանակէ հաշիւ ներկայացնել եւ հաշիւ պահանջել։

Ժողով կը նշանակէ քննադատութիւն, ինքնաքննադատութիւն եւ ծրագրում։

Ժողով կը նշանակէ վերաքաղ, վերարժեւորում, վերատեսութիւն, վերահաստատում, սրբագրութիւն, վերասրբագրութիւն եւ, հիմնականը, նոր ո՛ւխտ։

Իսկ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը արդէն ընդհանրական ամէն ինչ է, մեծ է, մեծագոյնն է, մեծցնող է եւ համապարփա՛կ։

Հ.Մ.Ը.Մ. կը պատրաստուի իր Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին։

***

Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ պիտի տանի սեղանի մեծ ու պզտիկ, բայց երբեք պզտիկցնող հարցերը, որոնք պէտք է լուծում գտնեն։

Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ պիտի մտահոգուին այն բոլոր շրջաններով, ուր տակաւին Հ.Մ.Ը.Մ. չկայ որպէս կազմակերպութիւն, եւ ուր սակայն անպայման կայ Հ.Մ.Ը.Մ. որպէս ոգի։

Ընդհանուր Ժողովը պիտի որոշէ տեղ մը հող տալ շունչի՛ն, այլ տեղ՝ շունչ տալ հողի՛ն։

Իւրաքանչիւր շրջան պիտի բերէ այլ շրջանի մը օգտակար ըլլալու մտածում եւ առաջարկ, եւ Ընդհանուր ժողովը պիտի դառնայ իրապէ՛ս ընդհանրական։

Չըսի՞նք։ Ժողով կը նշանակէ հաւաք, հաւաքական վերլուծում եւ հաւաքական եւ ընդհանրական մտածողութիւն։

Ուրիշ ո՛ւր այնքան ճշմարիտ է գերագոյն պատգամը, որքան Ընդհանուր Ժողովի մը.- Փրկութիւնը հաւաքական ուժի մէջ։

Ճիշդ չէ՞ նաեւ այն,

Որ Ընդհանուր Ժողով մը ուժեղ կը դառնայ այնքան, որքան բծախնդիր, լուրջ եւ հաւատաւոր կը մնայ Ընդհանուր Ժողովի պատրաստութիւնը։

Ընդհանուր Ժողովէն առաջ, Ընդհանուր Ժողովին համար տարուած աշխատանքն է, որ գերազանցապէս վարկ ու փայլք կու տայ եւ կը դառնայ անհաշիւ բերք։

Վերջին հաշիւով,

Կաղանդի գիշեր մըն է Ընդհ. Ժողովը, որ, ուրախութեան եւ զիրար գտնելու եւ զիրար ողջունելու կարգին, մանաւանդ աղօթք է յաջողութեան, աղօթք՝ Սփիւռքը սփիւռք ըլլալէ դադրեցնելու եւ բոլոր դրօշները նոյն դրօշին վերածելու ճիգին, կիրքին, երթին։

Յաջողութիւն ժողովի պատրաստութեան եւ ողջոյն՝ Երրորդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին։

Տարածենք