Թիւ 227 - ԱՆՁԻՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ

 

Ընդունուած եւ տարածուած կարծիք է, որ Հ.Մ.Ը.Մ. կը նմանի մեծ դպրոցի մը, որ ունի իր խնամակալութիւնը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը։ Դպրոցին նպատակն է ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս դաստիարակել նոր սերունդը, անոր փոխանցելով մարդկային վսեմ արժէքներ եւ ազգային անժամանցելի սկզբունքներ։

Հետեւաբար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ գործօն դեր ստանձնած ոեւէ անդամ կը նկատուի այդ մեծ դպրոցին մէկ ուսուցիչը։ Ատենապետ թէ խմբապետ, ֆութպոլի մարզիչ թէ մասնաճիւղի Առաջնորդ, Աքելլա թէ Պալու, ան ուսուցիչ է եւ պատասխանատու, որովհետեւ ան բարոյական ծանր պարտականութիւնը ունի իր խնամքին յանձնուած մատղաշ սերունդին հոգին, նկարագիրն ու մարմինը կերտելու, ազնուացնելո՛ւ, մարմնակրթանքի ճամբով հայկականութիւն ջամբելու։ Կը յաջողի ան իր առաքելութեան մէջ, եթէ ամէն բանէ առաջ կենդանի օրինակը դառնայ այն սկզբունքներուն, զորս կը յաւակնի սորվեցնել ուրիշներուն։

Արդարեւ, մարզիչ մը եթէ կþուզէ իր խումբին մարզիկներուն հնազանդութիւն, կարգապահութիւն եւ վեհանձնութիւն սորվեցնել, ամէնէն առաջ ան իր անձին օրինակով պարտի ցոյց տալ այդ բոլոր առաքինութիւնները։

Խմբապետ մը եթէ կը փափաքի նկարագիրով, ազնիւ հոգիով եւ պայծառ մտքով սկաուտներ ունենալ, գործնապէս ան պարտի իր առօրեայ կեանքին եւ միութենական շրջանակին մէջ մաքուր նկարագիրի, ազնիւ վերաբերումի եւ պայծառ մտքի օրինակը դառնալ։ Ուսուցանելու եւ դաստիարակելու ամէնէն ազդու եւ գործնական ձեւն է այս, որ օգտակար է թէ՛ ուսուցիչին եւ թէ աշակերտին։

Բոլոր ժամանակներու մեծագոյն դաստիարակը՝ Նազովրեցին հազիւ երեք տարուան կարճ ժամանակի ընթացքին եւ հազիւ 8-10 քարոզներով յաջողեցաւ զանգուածները իրենց եւ քրիստոնէական իր սկզբունքներուն կապել, որովհետեւ Ան տեւաբար գործեց ու ապրեցաւ իր քարոզած սկզբունքներով։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարագային, անձին օրինակով գործելու հասկացողութիւնը ունի իր ներշնչման աղբիւրը, որ միութեան ծրագիր-կանոնագիրն է, իր ձգտումով եւ էութեամբ կատարեալ ամբողջութիւն մը, գերազանցապէ՛ս օրինակելի։

Այլուր, նկատուած է, որ նշանաւոր հայրենասէրներու, ղեկավարներու եւ դաստիարակներու յաջողութեան մեծագոյն գաղտնիքը իրենց քարոզած սկզբունքներով գործելու պարկեշտութիւնն է, մինչեւ վերջ արժէքներու կառչած մնալու յանձնառութիւնը։

Ճիշդ է, որ ամէն մարդ տկարութիւն մը կամ թերութիւն մը կ’ունենայ, ունի։ Մարդիկ տկարութիւնները բնական կը գտնեն սովորական մարդոց մօտ, բայց չեն ներեր երբ անոնք կը նկատուին եւ չեն սրբագրուիր պատասխանատուներու մօտ։

Հետեւաբար, զոհողութիւն, անշահախնդրութիւն եւ հանդուրժողութիւն թելադրող պատասխանատուն իրեն համախոհներ եւ հետեւորդներ ունենալու համար պէտք է ինքն իր անձին օրինակով ցոյց տայ այդ առաքինութիւնները։

Ճշմարտութեան, համեստութեան եւ ծառայասիրութեան մասին անընդհատ խօսող ղեկավարը յարգանք ու վարկ վայելելու համար նախ եւ առաջ ի՛նք օժտուած պէտք է ըլլայ այդ յատկութիւններով, որպէսզի բարոյական իրաւունքը ունենայ ուրիշներէն պահանջելու նման յատկութիւններ։

Ի վերջոյ, առաջնորդելու, նկարագիր կերտելու եւ բարոյական անաղարտ դիմագիծով սերունդ պատրաստելու բազմաթիւ ձեւերէն ու միջոցներէն ամէնէն հիմնականը է՛ ու կը մնայ անձին օրինակը, որ ինչպէս երէկ, այսօր եւս կարեւորագոյն դասը կը հանդիսանայ մարմնակրթական այս մեծ դպրոցին եւ մեծագոյն գաղտնիքը անոր յաջողութեան։

 

Տարածենք