Թիւ 173 - ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԻՏՆԻԻ ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

 

Այն պահուն, երբ Աշխատանքի Միջազգային Գրասենեակը ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ աշխարհի տարածքին 80 միլիոնի հասած է թիւը իրենց բախտին լքուած երեխաներուն (5-14 տարեկան), որոնք փոխանակ բնական մանկութիւն մը ապրելու, գերեվարութեան, առուծախի եւ ափ մը տոլարի փոխարէն անմարդկային շահագործումներու կþենթարկուին։

Այն պահուն, երբ ԵՈՒՆԻՍԷՖ տարեկան իր տեղեկագիրին մէջ գորշ գոյներով կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ տիրող թշուառութեան ու անտիրութեան այն պայմանները, որոնց մէջ իրենց գոյութիւնը կը քաշկռտեն հայրենի 800 հազար երեխաներ։

Ու այն պահուն, երբ սփիւռքեան տարբեր գաղութներու խորշ անկիւններուն մէջ, վիճակագրական ո՛չ մէկ փորձ կրնայ գնահատել թիւը օրէ օր այլասերող, օտարացող եւ իրենց ինքնութենէն պարպուող հայ մանուկներուն, Հ.Մ.Ը.Մ. Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Սիտնիի մէջ, 14-23 Դեկտեմբեր 1996, կը գումարէ խմբապետական իր Գ. Համագումարը, օրակարգի վրայ ունենալով Աստուծոյ, հայրենիքի եւ մարդկութեան ծառայելու երդում կատարած իր բազմահազար սկաուտներուն դաստիարակչական հրատապ մտահոգութիւնները։

Արտակարգ խանդավառութեան մէջ է ժողովը հիւրընկալող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ միաւորը։ Եռուզեռի մէջ է երկրագունտի հեռաւո՜ր անկիւնը ծուարած Սիտնիի հայ գաղութը, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս համագումարին առիթով բացառիկ պատեհութիւնը ունի հաղորդակից դառնալու Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով սփիւռքեան զանազան գաղութներու մէջ տարուող հայապահպանման հսկայական ու երբեմն ալ՝ հերոսական ճիգերուն։

Սպասումի մէջ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի բովանդակ ընտանիքը։ Իրենց աչքերը Սիտնի սեւեռած են նաեւ սկաուտական մատղաշ սերունդի դաստիարակութեամբ մտահոգ հայութեան զանգուածները, որոնք անհամբեր կը սպասեն Սիտնիի համագումարէն բարձրանալիք սպիտակ ծուխին։

Արդարեւ, գաղտնիք մը չէ, որ սրընթաց փոփոխութիւններ ապրող ներկայ աշխարհին մէջ, արդէն իսկ ընկերա-տնտեսական բարդ տագնապներով ծանրաբեռնուած սփիւռքահայ մեր գաղութները, այսօր անհաշիւ զոհողութիւններու գնով մէկ կողմէ՝ ի գին մեծ դժուարութիւններու կը փորձեն գէթ նոր կազմաւորուող սերունդէն հեռու պահել Հայաստան-Սփիւռք նոր բեւեռացման մը վտանգին դառն բաժակը։

Իսկ ո՞վ չի գիտեր, թէ Հայաստանի անկախութիւնը, Արցախի ազատագրական պայքարը, իր հիմնադրութեան 1700-ամեակին մօտեցման հետ վերազարթօնք ապրող Հայ Եկեղեցին, թէ ընդհանրապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործունէութեան նորօրեայ արտայայտութիւնները ստեղծած են նո՛ր արժէքներ, չափանիշներ եւ գնահատականներ, որոնք իրենց արժանի տեղը կը փնտռեն դաստիարակչական մեր ծրագիրներուն մէջ։

Հետեւաբար, հաշուեքննութեան, վերարժեւորման, վերատեսութեան եւ վերահաստատման պատասխանատու մօտեցումներով կը բանաձեւենք մեր ակնկալութիւնները Սիտնիի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական Գ. համագումարէն։

Հաշուեքննութիւն՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական Բ. համագումարէն ասդին կատարուած են անկատար բոլոր աշխատանքներուն։

Վերարժեւորում՝ մարդակերտումի, հայակերտումի եւ ազգակերտումի եռակի առաքելութիւններուն կենսագործման ի խնդիր հայ սկաուտութեան ցարդ կտրած ու կտրելիք ուղիին։

Վերատեսութիւն՝ նոր օրերու նոր պայմաններուն անհամապատասխան դաստիարակչական մեր ժամանակավրէպ մօտեցումներուն եւ միջոցներուն։

Եւ, վերջապէս, վերահաստատում Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուիրական դրօշին տակ, միութեան աշխարհասփիւռ միաւորները միաձո՛յլ կամքի վերածելու եւ, իբրեւ «Տորմիղ հրաթեւ», յաղթանակէ յաղթանակ առաջնորդելու մեր սրբազա՛ն ուխտին։

 

Տարածենք