Թիւ 25 - ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

 

Մամուլի պատմութեան մէջ տարին-երկուքը իմաստ չունին։ Կարելի չէ արժեւորել թերթ մը (օրաթերթ, ամսաթերթ թէ պարբերաթերթ), երբ տարիներու վաստակ չէ կապուած իր անուան։

Թերթը կը նմանի մանկան մը. երբ կը ծնի, կþուրախանայ շրջապատը, որ զայն կþառնէ գուրգուրանքի տակ։ Կարելի է գուշակութիւններ ընել անոր ապագային մասին, սակայն կարելի չէ վճռականօրէն ըսել՝ որ երեխան տեղ պիտի հասնի։

Յետոյ, արտասահմանեան մեր իրողութեան մէջ կարելի է թուել հրատարակութիւններու երկար շարք մը, որոնք ծնան, սակայն չկրցան ապրիլ։

Ծնունդ տալը բան մըն է, ապրեցնելը՝ ուրիշ բան։

Հ.Մ.Ը Մ.ի կեդրոնական այս հրատարակութիւնը՝ «Մարզիկ»ը, ըսած ենք տեղ մը, ծնաւ ոչ թէ որպէս խանդավառութեան մը արդիւնք, այլ որպէս պահանջի մը գոհացում, կարիքի մը պատասխան։

«Մարզիկ»ին ծնունդ տալու համար տարիներու աշխատանք տարուեցաւ, հող ու մթնոլորտ պատրաստուեցաւ, նախ կառուցային իր վերջնական ձեւը գտաւ Հ.Մ.Ը Մ., օժտուելով Կեդրոնական Վարչութեամբ, որմէ ետք բնական ու իրական հանգամանք ստացաւ «Մարզիկ»ը՝ իր ծնունդէն իսկ առաջ։

Երկար ապրելու, միշտ ապրելու բաւարար գրաւականով հրապարակ իջաւ «Մարզիկ»ը։

Ան կը թեւակոխէ իր երրորդ տարուան սեմին։

Առաջին երկու տարիներուն ի՛նչ տուաւ «Մարզիկ».- պէտք չկայ համադրական փորձի, որովհետեւ ընթերցողի անմիջական տրամադրութեան տակ է ան իր բոլոր թիւերով եւ տակաւին չէ նետուած գրադարաններու այն դարակներուն մէջ, ուր կը շարուին հին ու արժէքաւոր հաւաքածոները։

Յետոյ, շուտ է նորածինին արժեւորումը։

Այս պարագային թերեւս աւելի արդար է հարց տալ, թէ շրջապատը ի՞նչ չափով առաւ զայն իր գուրգուրանքին տակ։ Այս հարցումին պատասխանն ալ անկասկած դրական է ցարդ։

Հ.Մ.Ը.Մ. միայն հպարտութեամբ կրնայ արձանագրել, որ այս թերթը հիմնեց ռումբերու տարափին տակ ու զայն ապրեցուց ռումբերու տարափին հակառակ։

«Մարզիկ» արտասահմանէն շարունակեց յօդուած ստանալ, երբ երկիրը զրկուած էր նամակատան մը գոյութենէն, երբ օդակայանը չկար եւ փակ էին նաւամատոյցները։

Ու «Մարզիկ» հասաւ արտասահման, նոյնքան հրաշքով, առանց խօսելու զանազան դժուարութեանց, «Մարզիկ»ը «Մարզիկ» պահելու այլազան խոչընդոտներու մասին։

Արգելք յաղթահարելու եւ պայծառութիւն սփռելու կոչուած այս Միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ., «Մարզիկ»ի երրորդ տարուան մուտքին առիթով, միայն կրնայ հպարտութեամբ եւ վճռականութեամբ յայտարարել, որ գործը կը շարունակուի։

Առ այժմ էականը այդ է, մի՛շտ էականը այդ է,- գործի շարունակումը, շարունակականութիւնը։ Մնացածերը,- դանդաղումներ, ուշացումներ, աւելի լաւին ակնկալութիւն,- կը սրբագրուին, կ’ըլլան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի անհամար համակիրներ ի սփիւռս աշխարհի, կը հաւատանք, տակաւ կը կեդրոնացնեն իրենց գուրգուրանքը նորածինին նկատմամբ, որ աղուոր է, կայտառ, պայծառ ու ժպտերես։

Քանի տարի կը գումարուի տարիի վրայ, գործի արմատները կը դառնան այնքան հաստատաբուն։ Առայժմ ու կրկին էականը այն է, որ գործը կը շարունակուի։

Տարածենք